Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/02 էջ 3-6
  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տուր’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Զայն Պիտի Կրկնե՞նք Օժանդակ Ռահվիրաներ Ըլլալու Ուրիշ Կոչ մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Շարունակեցէք Եհովայի Սքանչելիքներուն Մասին Պատմել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • 100,000 Օժանդակ Ռահվիրաներ Կ’ուզուին—Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայ Մը Ըլլալ Մարտին, Ապրիլին, Մայիսին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 2/02 էջ 3-6

‘Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք’

1 Երբ ստանաք լաւ բան մը որ անկեղծօրէն կը գնահատէք, ասիկա ձեր վերաբերմունքով եւ արարքներով ցոյց չէ՞ք տար։ Անշո՛ւշտ։ Մարդկութեան հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած բարութեան եւ ողորմութեան նկատմամբ, նկատեցէք թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչպէս ընդառաջեց։ Ան բացագանչեց. «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար»։ Այդ ձրի «պարգեւ»ը ի՞նչ կը պարփակէ։ Մեզի հանդէպ ցուցաբերուած «Աստուծոյ գերազանց շնորհք»ը, որուն մեծագոյն յայտնաբերումն էր՝ մեր մեղքերուն համար որպէս փրկանք իր Որդւոյն պարգեւը։—Բ. Կորն. 9։14, 15. Յովհ. 3։16

2 Պօղոսի երախտագիտութեան արտայայտութիւնները պարզապէս բառե՞ր էին։ Բնա՛ւ երբեք։ Ան իր խոր գնահատութիւնը բազմաթիւ կերպերով ցոյց տուաւ։ Ան մեծապէս հետաքրքրուած էր իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հոգեւոր բարօրութեամբ, եւ կ’ուզէր իր կարելին ընել, անոնց օգնելու որ լիովին օգտուին Աստուծոյ ողորմութենէն։ Անոնց մասին խօսելով, Պօղոս ըսաւ. «Ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք»։ (Ա. Թես. 2։8) Ժողովքի անդամներուն օգնելու կողքին որ իրենց փրկութիւնը ապահովեն, Պօղոս անխոնջօրէն բարի լուրը քարոզեց, հազարաւոր մղոններ ճամբորդելով, ցամաք ու ծով կտրելով, գտնելու համար «յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ները։ (Գործք 13։48) Իրեն համար Եհովայի ըրած բաներուն հանդէպ Պօղոսի խոր գնահատութիւնը, զինք մղեց «Աստուծոյ խօսքը լման քարոզելու»։—Կող. 1։25

3 Մեզի համար Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը, մեզ չի՞ մղեր հոգեւոր աջակցութիւն մատուցանելու մեր ժողովքին մէջ օգնութեան կարիքը ունեցողներուն։ (Գաղ. 6։10) Նաեւ չե՞նք մղուիր կարելի եղածին չափ մասնակցութիւն բերելու Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ, մեր թաղամասին ամբողջ տարածքին։—Մատթ. 24։14

4 Գնահատութիւն Ցուցաբերելու Պատեհութիւն մը. Ամէն տարի Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը մեզի կու տայ մասնայատուկ պատեհութիւն մը, Եհովայի եւ Յիսուսի հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալու, մեզի ի նպաստ իրենց ըրած բաներուն համար։ Ասիկա պարզապէս ուրիշ ժողով մը չէ, ոչ ալ սովորական դէպքի մը յիշատակը։ Յիսուս ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկ. 22։19) Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը առիթ մըն է խոկալու Յիսուսի ի՛նչպիսի անձ մը ըլլալուն մասին։ Անիկա ժամանակ մըն է գիտակցելու թէ ան ներկայիս ողջ եւ գործունեայ է, այն փառքով ու թագաւորութեամբ որ իրեն տրուեցաւ իր հաւատարիմ կենցաղին ու զոհագործութեան համար։ Այս տօնակատարութիւնը նաեւ պատեհութիւն մըն է Քրիստոսի գլխաւորութեան հանդէպ մեր հպատակութիւնը ցոյց տալու, մինչ ան կ’ուղղէ քրիստոնէական ժողովքին հարցերն ու գործունէութիւնները։ (Կող. 1։17-20) Աստուծոյ բոլոր ժողովուրդը պէտք է յարգալից կերպով ներկայ գտնուի Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։ Այս տարի անիկա տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 28 Մարտ 2002–ին, արեւնամուտէն ետք։

5 Անցեալ տարուան Յիշատակատօնէն առաջ թափուած ժրաջան ջանքերուն շնորհիւ, ներկաներու բարձրագոյն թիւը եղաւ՝ 2,163,602, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ։ Այս տարուան ներկաներուն թիւը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ մեր ‘ծանր աշխատելէն ու ջանք թափելէն’, կարելի եղածին չափ շատերու օգնելու համար որ ներկայ գտնուին։—Ա. Տիմ. 4։10

6 Տէրունական Ընթրիքին ներկայ գտնուելէ զատ, թերեւս կարենանք դաշտի ծառայութեան մեր գործունէութիւնը աւելցնել։ Անտարակոյս, տասնեակ հազարաւոր եղբայրներ ու քոյրեր մէկ կամ քանի մը ամիս օժանդակ ռահվիրայութեան պիտի մասնակցին։ Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, ամէն տարի միջին հաշուով 212,142 օժանդակ ռահվիրաներ ունեցած ենք Յիշատակատօնի շրջանին, Մարտէն Մայիս։ Կրնա՞ք ձեր պարագաները կարգի դնել, որ այս տարի օժանդակ ռահվիրայութեան առանձնաշնորհումը վայելէք։ Ասիկա հոյակապ կերպ մը պիտի ըլլայ Աստուծոյ սիրալիր կարգադրութեան՝ Քրիստոսի զոհագործութեան՝ հանդէպ ձեր անկեղծ գնահատութիւնը ցոյց տալու համար։ Կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովայի օրհնութիւնը պիտի վայելէք, ինչպէս հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան։

7 Քոյր մը որ լիաժամ աշխարհիկ գործ մը ունի, անցեալ Մարտին օժանդակ ռահվիրայութեան մէջ իր ունեցած փորձառութեան մասին գրեց. «Փետրուար 2001 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը քաջալերեց կարելիութիւն ունեցող բոլոր անհատները, օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալու Յիշատակատօնի շրջանին։ Քանի որ Մարտը հինգ Շաբաթ օրեր ունէր, ասիկա շատ յարմարեցաւ յայտագրիս։ Ուստի որոշեցի դիմումնագիրս ներկայացնել»։ Մինչ ամիսը սկսաւ, ան նպատակակէտ դրաւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Ան յաջողեցա՞ւ։ Այո, այդ ամսուան վկայութեան 52–րդ ժամուն։ Ի՞նչ էր իր եզրակացութիւնը։ «Հոյակապ օրհնութիւններ ձեռք կը ձգէք, երբ յաւելեալ ջանք կը թափէք»։

8 Ի՞նչ են օգուտները միասնաբար ռահվիրայութեան ձեռնարկող ընտանիքի մը համար։ Չորս անդամներէ բաղկացած ընտանիք մը որ անցեալ Ապրիլին ռահվիրայ եղան, դիտել տուին թէ անիկա միշտ պիտի մնայ անմոռանալի ամիս մը։ Մայրը ըսաւ. «Իւրաքանչիւր օրուան հանդէպ ի՜նչ դրական հայեցակէտ մը ունէինք, քանի որ ծառայութեան մէջ միացած էինք։ Ծառայութեան առնչուած մեր առօրեայ գործունէութիւններուն մասին խօսակցիլը, ընթրիքի պահերը շատ հաճելի դարձուց»։ Տղան ըսաւ. «Հաճելի էր շաբթուան ընթացքին հօրս հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ, քանի որ ան սովորաբար աշխարհիկ գործով զբաղած կ’ըլլար»։ Հայրը աւելցուց. «Որպէս ընտանիքի գլուխ, գոհունակութիւն զգացի գիտնալով թէ միասնաբար կ’աշխատինք մեր ժամանակին մէջ տեղի ունեցող ամենակարեւոր գործունէութեան մէջ»։ Ձեր ընտանիքը կրնա՞յ միասնաբար ռահվիրայութեան ձեռնարկել։ Ինչո՞ւ ընտանեօք չխօսակցիք տեսնելու համար եթէ կարելի է որ ձեր ամբողջ ընտանիքը օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցի այս Յիշատակատօնի շրջանին։

9 Կրնա՞նք Մարտը Ցարդ Մեր Լաւագոյն Ամիսը Ընել. 2000–ի սկիզբը, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը հետեւեալ հարցումը հարցուց. «Կրնա՞նք 2000–ի Ապրիլը Ցարդ Մեր Լաւագոյն Ամիսը Ընել»։ Ի՞նչ էր ընդառաջումը։ Կարգ մը նոր բարձրակէտերու հասանք։ Ամսուան մը ընթացքին օժանդակ ռահվիրաներու մեր բարձրագոյն թիւին հասանք՝ 153,774։ Ասկէ զատ, ժամերու, տեղաւորուած պարբերաթերթերու եւ վերայցելութիւններու նոր գագաթ թիւեր ունեցանք։ Կը յիշէ՞ք այն խանդավառութիւնը որ արծարծուեցաւ ձեր ժողովքին մէջ, այդ յատուկ ամսուան ընթացքին հոգեւոր գործունէութեան թափին պատճառաւ։ Կրնա՞նք այս տարի այդ իրագործումները կրկնել կամ անոնցմէ աւելին ընել։ Բոլորին համակարգուած ջանքերով Մարտ 2002–ը կրնայ «Ցարդ Մեր Լաւագոյն Ամիսը» ըլլալ։ Ինչո՞ւ Մարտը։

10 Երկու պատճառներ կան թէ ինչո՛ւ Մարտը պէտք է գործունէութեան մասնայատուկ ամիս մը ըլլայ։ Նախ՝ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Մարտի վերջաւորութեան, մեզի բաւարար պատեհութիւն տալով, որ ամսուան սկիզբը կարելի եղածին չափ շատ անհատներ հրաւիրենք ներկայ գտնուելու։ Երկրորդ, այս տարի Մարտ ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, դիւրացնելով օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելը անոնց համար, որոնք աշխարհիկ գործ մը ունին կամ դպրոց կը յաճախեն։ Ինչո՞ւ հիմա իսկ չնստիք ու ծրագրէք գործնական յայտագիր մը, գործածելով այս յաւելուածականին մէջ հայթայթուած օրացոյցը։ Օժանդակ ռահվիրայութիւնը ձեր կարծածէն դիւրին կրնայ ըլլալ։ Օրինակ, հինգ շաբաթավերջերէն իւրաքանչիւրին համար 8 ժամ դաշտի ծառայութիւն յայտագրելով, կարիքը պիտի ունենաք միայն յաւելեալ 10 ժամ յայտագրելու ամսուան մնացեալ օրերուն համար, 50 ժամուան պահանջին հասնելու համար։

11 Երէցները ի՞նչ կրնան ընել ժողովքին բոլոր անդամներուն օգնելու համար որ ‘Աստուծոյ խօսքը լման քարոզեն’։ Ռահվիրայութեան հանդէպ խանդավառութիւն կերտեցէք, ժողովի բաժիններով եւ անձամբ խօսելով։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչները եւ անոնց օգնականները իրենց խումբին նշանակուած իւրաքանչիւր հրատարակիչին հետ խօսելու նախաձեռնութիւնը կրնան առնել եւ անձնական աջակցութիւն մատուցանել։ Քաջալերական ազնիւ խօսք մը կամ կարգ մը գործնական թելադրութիւններ կրնան ճիշդ պէտք եղածը ըլլալ։ (Առ. 25։11) Շատեր պիտի նկատեն թէ իրենց յայտագրին մէջ չնչին բարեճշդումներ ընելով, կրնան որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունենալ։ Շատ մը ժողովքներու մէջ, երէցներուն ու օգնական ծառաներուն մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը, ինչպէս նաեւ անոնց կիները ընտիր օրինակ կը հանդիսանան, Յիշատակատօնի շրջանին միասնաբար օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելով։ Ասիկա բազմաթիւ հրատարակիչներ քաջալերած է անոնց միանալու։ Ֆիզիքական սահմանափակումներու կամ այլ պարագաներու պատճառաւ, կարգ մը հրատարակիչներ կրնան ի վիճակի չըլլալ ռահվիրայութիւն ընելու, սակայն կրնանք զանոնք քաջալերել որ իրենց գնահատութիւնը ցուցաբերեն, ժողովքի մնացեալ հրատարակիչներուն հետ ծառայութեան մէջ իրենց կարելին ընելով։

12 Յաջողութիւնը կախեալ է երէցներուն ուշադրութեամբ ծրագրելէն։ Դաշտի ծառայութեան ժողովները պէտք է յայտագրուին ամբողջ շաբթուան ընթացքին՝ յարմար ժամանակներու։ Եթէ կարելի է, ծառայութեան տեսուչը նախապէս պիտի նշանակէ որակելի եղբայրներ, ծառայութեան բոլոր ժողովները վարելու համար։ Լաւ պատրաստութիւն պիտի պահանջուի, որպէսզի այս ժողովները 10-15 վայրկեանը չանցնին, ի ներառեալ՝ խումբեր կազմակերպելը, թաղամաս նշանակելը, աղօթք մը մատուցանելը։ (Տես՝ Սեպտեմբեր 2001 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։) Այդ ամսուան գործունէութեան յայտագիրը բացայայտօրէն պէտք է բացատրուի ժողովքին եւ դրուի գրատախտակին վրայ։

13 Բաւարար թաղամասեր մատչելի պէտք է ըլլան։ Ծառայութեան տեսուչը պէտք է հանդիպում մը ունենայ թաղամասերուն հոգ տանող եղբօր հետ, կարգադրելու համար որ յաճախ չաշխատցուած թաղամասերը աշխատցուին։ Շեշտ պէտք է դրուի տունը չեղողները գտնելու, փողոցը եւ խանութէ–խանութ վկայելու, նաեւ երեկոյեան վկայութիւն ընելու վրայ։ Հոն ուր պատշաճ է, կարգ մը հրատարակիչներու օգնութիւն կրնայ տրուիլ հեռաձայնով վկայելու համար։

14 Անոնց Օգնեցէք որ Դարձեալ Ծառայեն. Ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ կա՞ն անհատներ, որոնք այլեւս բարի լուրի գործունեայ քարոզիչներ չեն։ Այսպիսիներ տակաւին ժողովքին մաս կը կազմեն եւ օգնութեան կարիքը ունին։ (Սաղմ. 119։176) Քանի որ այս հին աշխարհին վախճանը ա՛յսքան մօտ է եւ նոր աշխարհը դրան սեմին է, լաւ պատճառ ունինք ամէն ջանք թափելու անոնց օգնելու համար որ գործունեայ դառնան։ (Հռովմ. 13։11, 12) Անցեալ հինգ տարիներու ընթացքին, իւրաքանչիւր տարի աւելի քան 26,500 անհատներ օգնութեան ընդառաջելով վերստին գործունեայ դարձած են։ Ի՞նչ կրնանք ընել աւելի մեծ թիւով անհատներու օգնելու համար, որ իրենց սկզբնական սէրն ու վստահութիւնը վերարծարծեն։—Եբր. 3։12-14

15 Երէցներու մարմինը պիտի փափաքի նկատի առնել թէ ի՛նչպէս կրնան օգնել անոնց, որոնք վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին անգործունեայ դարձած են։ (Մատթ. 18։12-14) Քարտուղարը պէտք է ստուգէ Ժողովքին Հրատարակիչի Արձանագրութեան քարտերը եւ ցանկագրէ անգործունեայ դարձած անհատներուն անունները։ Մասնայատուկ ջանք պէտք է թափուի հովուական կարգադրութեան միջոցաւ անոնց օգնութիւն հայթայթելու։ Երէց մը կրնայ փափաքիլ որոշ հրատարակիչի մը այցելել, նախապէս անոր ծանօթ ըլլալուն կամ անոր հետ ընկերակցելուն պատճառաւ, կամ այլ հրատարակիչներու օգնութիւնը կրնայ խնդրուիլ։ Թերեւս անոնք ուսումնասիրած են այժմ անգործունեայ եղող անհատին հետ, եւ պիտի ուրախանան այս հարկ եղած ժամանակին յատուկ օգնութիւն մատուցանելու պատեհութեան համար։ Կը յուսանք որ անգործունեայ դարձած անհատներէն շատեր մղուին Աստուծոյ խօսքը դարձեալ քարոզելու։ Եթէ որակելի ըլլան, քարոզչութեան սկսելու համար Յիշատակատօնի շրջանէն աւելի յարմար ժամանակ չի կրնար ըլլալ։—Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Նոյեմբեր 2000 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։

16 Ուրիշներ ալ Քարոզելու Որակելի՞ Են. Եհովա կը շարունակէ իր ժողովուրդը օրհնել, «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» բերելով։ (Անգ. 2։7) Ամէն տարի հազարաւորներ որակելի կ’ըլլան որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ։ Որո՞նք են անոնք։ Եհովայի Վկաներու զաւակներ, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի յառաջդիմող աշակերտներ։ Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ որ անոնք բարի լուրի հրատարակիչներ ըլլալու որակելի են։

17 Եհովայի Վկաներու Զաւակներ. Բազմաթիւ երախաներ տարիներէ ի վեր իրենց ծնողներուն ընկերակցած են տունէ տուն ծառայութեան մէջ, թէեւ անոնք տակաւին չեն ծառայեր որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ։ Մարտ ամիսը յարմար ժամանակ մըն է որ անոնք սկսին։ Ի՞նչպէս գիտէք եթէ ձեր զաւակը որակելի է։ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գիրքը էջ 100–ի վրայ կ’ըսէ թէ երախայ մը որակելի է՝ «երբ իր վարքին մէջ օրինակելի է եւ կրնայ իր հաւատքին մասին անձնապէս արտայայտուիլ, սրտէն մղուած բարի լուրին մասին ուրիշներուն խօսելով»։ Եթէ կը խորհիք թէ ձեր զաւակը որակելի է, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբի երէցներէն մէկուն հետ խօսեցէք։

18 Աստուածաշունչի Որակելի Աշակերտներ. Աստուածաշունչի աշակերտ մը գիտութիւն ստանալէ եւ որոշ ատեն մը ժողովներու ներկայ գտնուելէ ետք, կրնայ փափաքիլ Թագաւորութեան հրատարակիչ մը ըլլալ։ Եթէ այսպիսի աշակերտի մը հետ ուսումնասիրութիւն կը վարէք, նկատի առէք հետեւեալ հարցումները. Իր տարիքին ու կարողութեան համաձայն կը յառաջդիմէ՞։ Իր հաւատքը անպաշտօն կերպով կը բաժնէ՞ ուրիշներու հետ։ «Նոր անձնաւորութիւնը» կը հագնի՞։ (Կող. 3։10, ՆԱ) Կազմակերպուած գրքին էջ 97-99–ի մէջ, չմկրտուած հրատարակիչներու համար ուրուագծուած որակումները կը լեցնէ՞։ Եթէ այո, պէտք է խօսիք Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին հետ, որպէսզի կարգադրութիւններ ըլլան որ երկու երէցներ ձեզի ու աշակերտին հետ տեսակցութիւն մը ունենան։ Եթէ ան որակելի է, երկու երէցները իրեն պիտի տեղեկացնեն թէ կրնայ սկսիլ հանրային ծառայութեան մէջ բաժին բերելու։

19 Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Ապրիլ ու Մայիս Ամիսներուն Մասին. Ասոնք ալ դաշտի ծառայութեան մէջ յաւելեալ գործունէութեան համար մասնայատուկ ամիսներ են։ Մարտի ընթացքին օժանդակ ռահվիրաներ եղողներէն շատեր, թերեւս կարենան ասիկա շարունակել Ապրիլին եւ/կամ Մայիսին։ Ապրիլի ու Մայիսի ընթացքին, նախապատուութիւնը պիտի տանք ծառայութեան մէջ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ներկայացնելու։ Այս պարբերաթերթերը ընթերցողներուն կեանքին վրայ ի՜նչ օգտակար ազդեցութիւն ունեցած են։ Անոնք մեծ դեր մը խաղցած են համայն աշխարհի մէջ արձանագրուած հոյակապ յաւելումին մէջ։ Ապրիլ ու Մայիս ամիսներու ընթացքին մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի, պարբերաթերթերը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց ներկայացնելու համար։ Հիմակուընէ ծրագրեցէք լման բաժին բերելու համար։

20 Ծրագրուած քարոզչական յաւելեալ գործունէութեան ի տես, կարիքը ունի՞ք ժողովքին միջոցաւ ձեր ստացած պարբերաթերթերուն քանակը աւելցնելու։ Ամբողջ ծառայութեան տարուան ընթացքին, ամէն Շաբաթ օր՝ մեր որոշուած Պարբերաթերթի Օրը՝ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կը ներկայացնենք։ Սակայն, քանի որ շատեր օժանդակ ռահվիրայութեան պիտի մասնակցին եւ բոլորս ալ երկու լման ամիսներ պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք, կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ ժողովքին միջոցաւ ձեր պարբերաթերթերու ապսպրանքը աւելցնել։ Եթէ ասիկա պիտի ընէք, հաճեցէք ձեր ժողովքի պարբերաթերթերու ծառային անմիջապէս տեղեկացնել։ Միեւնոյն ատեն, գրականութեան ծառան պէտք է վստահ ըլլայ թէ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկէն բաւարար քանակ մատչելի է բոլորին գործածութեան համար։

21 Շատեր գնահատութիւն յայտնած են Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք» խորագրով յօդուածին համար։ Այս կարգադրութենէն օգտուա՞ծ էք, պարբերաթերթի ներկայացումներու այս նմոյշները սորվելով։ Ինչո՞ւ ամէն շաբաթ Աստուածաշունչի ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէկ մասը չգործածէք այս ներկայացումները փորձ ընելու համար։

22 Այս Յիշատակատօնի Շրջանէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք. Պօղոս առաքեալի նման, թող որ Եհովայի ցոյց տանք թէ ո՛րքան կը գնահատենք «անոր անպատում պարգեւ»ը, այս Յիշատակատօնի շրջանին համար ծրագրուած հոգեւոր գործունէութիւններուն մէջ մեր լման բաժինը բերելով։ Ասիկա կը պարփակէ (1) տարուան ամենակարեւոր առիթին՝ Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուիլ՝ Հինգշաբթի 28 Մարտ 2002–ին. (2) անգործունեայ դարձած անհատներուն օգնել որ իրենց «առաջուան սէր»ը վերարծարծեն (Յայտ. 2։4. Հռովմ. 12։11). (3) աջակցիլ մեր զաւակներուն եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն, որոնք որակելի կ’ըլլան չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու. եւ (4) կարելի եղածին չափ լիովին մասնակցիլ աւետարանչութեան գործին, նոյնիսկ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալով Մարտին եւ անկէ ետք։—Բ. Տիմ. 4։5

23 Անկեղծօրէն կ’աղօթենք որ Յիշատակատօնի այս շրջանին մէջ բոլորս ալ լման բաժին բերենք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ, այսպէս՝ մեզի համար Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալով։

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Դաշտի Ծառայութեան Անձնական Յայտագիր Մարտ 2002–ի Համար

Կիրակի Երկուշաբթի Երեքշաբթի Չորեքշաբթի Հինգշաբթի Ուրբաթ Շաբաթ

1 2

Պարբերաթերթի Օր

3 4 5 6 7 8 9

Պարբերաթերթի Օր

10 11 12 13 14 15 16

Պարբերաթերթի Օր

17 18 19 20 21 22 23

Պարբերաթերթի Օր

24 25 26 27 28 29 30

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆ Պարբերաթերթի Օր

ԱՐԵՒՆԱՄՈՒՏԷՆ

31 ԵՏՔ

Կրնա՞ք ընդամէնը 50 ժամ յայտագրել Մարտի ընթացքին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել