‘Բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տուր’
1. Ներկայացնելիք ի՞նչ բարի լուր ունինք։
1 Աշխարհի մը մէջ՝ ուր բարի լուր հազուագիւտ է, առանձնաշնորհում ունինք «Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու [«բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տալու», ՆԱ]»։ (Գործք 20։24) Ասիկա կը պարփակէ մարդոց գիտցնել թէ «վերջին օրեր»ը շուտով պիտի փոխարինուին Եհովայի արդար նոր աշխարհով, ուր ‘առաջուան բաները անցած պիտի ըլլան’։ (Բ. Տիմ. 3։1-5. Յայտ. 21։4) Այդ ժամանակ այլեւս հիւանդութիւն պիտի չըլլայ։ (Եսա. 33։24) Մեր սիրելի ննջեցեալները յարութիւն առնելով՝ իրենց ընտանիքներուն ու բարեկամներուն պիտի վերամիանան։ (Յովհ. 5։28, 29) Ամբողջ երկրագունդը գեղեցիկ դրախտի մը պիտի վերածուի։ (Եսա. 65։21-23) Ասոնք մեր ներկայացնելիք բարի լուրին մի քանի օրինակներն են։
2. Յիշատակատօնի շրջանը ինչո՞ւ սքանչելի պատեհութիւններ կը հայթայթէ՝ բարի լուրին մասին վկայութիւն տալու։
2 Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսները, այդ բարի լուրը ծանուցանելու սքանչելի պատեհութիւններ պիտի հայթայթեն։ Այդ ամիսներուն, աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ օդի վիճակը եւ ցերեկուան երկար ժամերը թոյլ կու տան որ ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրենք։ Ասկէ զատ, տարուան ամենակարեւոր առիթը՝ Յիշատակատօնը, աշխարհի տարածքին պիտի տօնակատարուի Շաբաթ՝ 22 Մարտին, արեւնամուտէն ետք։ Հի՛մա է ժամանակը պատրաստութիւններ տեսնելու որ մեր գործունէութիւնը աւելցնենք։
3. Որպէս ընտանիքներ, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ մեր գործունէութիւնը աւելցնելու։
3 Օժանդակ ռահվիրայ. Կրնա՞ս յայտագիրդ յարմարցնել այդ ամիսներէն մէկուն, երկուքին կամ երեքին ընթացքին օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու համար։ Ինչո՞ւ յաջորդ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին քիչ մը ժամանակ չտրամադրէք այս հարցը քննարկելու համար։ Լաւ համագործակցութեամբ, թերեւս ընտանիքին մէկ կամ աւելի անդամները կարենան օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ (Առ. 15։22) Ասիկա աղօթքի նիւթ դարձուր, եւ տես թէ Եհովա ջանքերդ ի՛նչպէս պիտի օրհնէ։ (Առ. 16։3) Նոյնիսկ եթէ ընտանիքին ո՛չ մէկ անդամը կարենայ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ, ընտանիքին բոլոր անդամները կրնան մասնայատուկ նպատակակէտեր դնել, որպէսզի ծառայութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնեն՝ ռահվիրաներուն ընկերակցելով։
4. Եթէ լիաժամ գործ մը ունինք, ի՞նչպէս կրնանք մեր գործունէութիւնները յայտագրել, որպէսզի օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցինք։
4 Եթէ լիաժամ գործ մը ունիս, գործնական յայտագիր մը կրնայ կարելի դարձնել որ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընես։ Թերեւս կրնաս ճաշի դադարէդ մաս մը գործածել քարոզելու համար։ Կամ կրնաս տանդ կամ գործատեղիիդ մօտիկ թաղամաս մը առնել, եւ գործէդ առաջ կամ վերջ շուրջ ժամ մը ծառայել։ Թերեւս կարենաս յայտագրիդ մէջ յաւելեալ ժամեր ձեռք ձգել, ոչ–էական գործունէութիւններ ուրիշ ամսուան մը յետաձգելով եւ շաբաթավերջերը լման կերպով ծառայութեան մասնակցելով։ Ոմանք դաշտի ծառայութեան համար մէկ կամ երկու օր արձակուրդ առած են։
5. Ի՞նչպէս կրնաս տարեցի կամ անկարողի մը օգնել օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու։
5 Եթէ տարեց կամ անկարող ես եւ կամ սահմանափակ կորով ունիս, կրնաս օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, ամէն օր ծառայութեան համար քիչ մը ժամանակ տրամադրելով։ Եհովայէ խնդրէ որ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» տայ քեզի։ (Բ. Կորն. 4։7, ՆԱ) Քոյր մը կրցաւ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել 106 տարեկանին։ Իր Քրիստոնեայ ազգականներուն եւ ժողովքի այլ անդամներուն օգնութեամբ, ան տունէ տուն քարոզեց, վերայցելութիւններ ըրաւ, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններու գնաց եւ ծառայութեան այլ մարզերուն մէջ բաժին բերաւ։ Ան տասը հոգիի հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ նպաստ բերաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ խորհիմ թէ որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայելով ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը վայելեցի, սիրտս սիրով ու գնահատութեամբ կը յորդի՝ Եհովայի, իր Որդւոյն եւ Իր սիրալիր կազմակերպութեան հանդէպ։ Իրապէս կ’ուզեմ ըսել. ‘Շնորհակալ եմ Եհովա’»։
6. Ի՞նչպէս կարելի է որ մկրտուած դպրոցականներ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։
6 Եթէ մկրտուած դպրոցական մըն ես, թերեւս դուն ալ կարենաս օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկել։ Լիաժամ աշխատողներուն նման, թերեւս ծառայութեան համար գլխաւորաբար շաբաթավերջերը օգտագործես։ Թերեւս կրնաս նաեւ կարգ մը օրեր դպրոցէն ետք, մէկ ժամ կամ աւելի՝ ծառայութեան տրամադրել։ Դպրոցական արձակուրդ մը կա՞յ որ կրնաս օգտագործել ծառայութեան համար։ Եթէ կը փափաքիս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ, ասոր մասին ծնողքիդ հետ խօսէ։
7. Երէցներ ի՞նչ կրնան ընել Յիշատակատօնի շրջանին ծառայութեան հանդէպ խանդավառութիւն կերտելու համար։
7 Խանդավառութիւն կերտէ. Երէցները իրենց օրինակով ժողովքին խանդավառութիւնը կերտելու մէջ մեծ դեր կրնան խաղալ։ (Ա. Պետ. 5։2, 3) Անոնք կրնան դաշտի ծառայութեան յաւելեալ ժողովներ որոշել, անոնց համար՝ որոնք առտու կանուխ, կամ դպրոցէն եւ գործէն ետք ծառայութեան պիտի մասնակցին։ Ծառայութեան տեսուչը պէտք է վստահ ըլլայ թէ որակեալ հրատարակիչներ նշանակուած են զանոնք վարելու համար եւ թէ բաւարար թաղամաս կայ, ինչպէս նաեւ այս մասնայատուկ գործունէութեան ամիսներուն համար պարբերաթերթեր ու հրատարակութիւններ մատչելի են։
8. Ժողովքի մը փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
8 Ժողովքի մը մէջ, երէցները սկսան ամիսներ առաջ օժանդակ ռահվիրայութիւնը քաջալերել։ Անոնք ամէն շաբաթ ժողովքը տեղեակ պահեցին թէ քանի՛ հրատարակիչներ օժանդակ ռահվիրայութեան համար ընդունուած են։ Ասիկա ծառայութեան մասնակցիլ փափաքող անհատները հաւաստիացուց թէ ծառայութեան մէջ ընկերակիցներ պիտի ունենային։ Դաշտի ծառայութեան յաւելեալ ժողովներ որոշուեցան՝ առտու կանուխ եւ երեկոյեան։ Արդիւնքը՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին 53 հրատարակիչ օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրին,– գրեթէ ժողովքին կէսը։
9. Յիշատակատօնի շրջանը ինչո՞ւ հոյակապ ժամանակաշրջան մըն է անոնց համար, որոնք որակեալ են բարի լուրի հրատարակիչներ ըլլալու։
9 Ուրիշներուն օգնէ որ քարոզեն. Երբ նորեկներ եւ դեռատիներ հրատարակիչ ըլլալու որակեալ ըլլան, անոնք կրնան հրաւիրուիլ որ փորձառու հրատարակիչներու հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցին։ Այսպիսի պատեհութիւն մը կրնայ ներկայացուիլ Յիշատակատօնի շրջանին, երբ ժողովքի անդամներէն շատեր իրենց գործունէութիւնը պիտի աւելցնեն։ Աստուածաշունչի յառաջդիմական աշակերտ մը ունի՞ս, որ իր կեանքը Եհովայի արդար չափանիշներուն հետ ներդաշնակած է։ Բարեկիրթ զաւակներ ունի՞ս որոնք կը յառաջդիմեն, բայց տակաւին հրատարակիչ չեն։ Եթէ այսպիսիներ չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու փափաք յայտնեն եւ կը զգաս թէ անոնք որակեալ են, երէցներէն մէկը տեղեակ պահէ։ Վերակացու տեսուչը պիտի կարգադրէ որ երկու երէցներ ասիկա նկատի առնեն քեզի ու զաւկիդ կամ աշակերտիդ հետ։
10. Երէցները ի՞նչ կրնան ընել անգործունեաներուն օգնելու համար։
10 Յառաջիկայ ամիսները նոյնպէս հոյակապ ժամանակ մըն են, որպէսզի անգործունեայ անհատներ ժողովքին հետ իրենց գործունէութիւնը վերսկսին։ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչները պէտք է խտացուած ջանքեր թափեն այսպիսիներուն այցելելու համար, եւ զանոնք ջերմօրէն հրաւիրեն իրենց հետ ծառայութեան մասնակցելու։ Եթէ անոնք երկար ատենէ անգործունեայ են, նա՛խ երկու երէց անոնց հետ պէտք է խօսին, որոշելու համար թէ անոնք որակեա՛լ են կամ ոչ։—թծ 11/00 էջ 3
11. Ի՞նչ է «Աստուծոյ շնորհք»ին մեծագոյն արտայայտութիւնը։
11 Յիշատակատօնին համար պատրաստուէ. Փրկանքը՝ «Աստուծոյ շնորհք»ին մեծագոյն արտայայտութիւնն է։ (Գործք 20։24) Աշխարհի չորս կողմը, միլիոնաւոր երախտապարտ անհատներ պիտի ժողվուին Շաբաթ՝ 22 Մարտին, արեւնամուտէն ետք, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար։ Կ’ուզենք բոլոր պարկեշտամիտ անհատները հրաւիրել ու անոնց օգնել որ այս կարեւոր առիթին ներկայ գտնուին, որ կը վկայէ մարդկութեան հանդէպ Եհովայի յայտնած շնորհքին մասին։
12. Յիշատակատօնին զորո՞նք կրնանք հրաւիրել։
12 Հրաւիրելիք անհատներուդ անուանացանկը պատրաստէ։ Անկասկած ցանկիդ մէջ պիտի ըլլան ազգականներ, դրացիներ, գործատեղէն կամ դպրոցէն ծանօթներ, անցեալի ու ներկայ Աստուածաշունչի աշակերտներ, եւ բոլոր անոնք որոնց կանոնաւորաբար կ’այցելես։ Եթէ հրաւիրած անհատներէդ ոմանք Յիշատակատօնին մասին հարցումներ ունին, թերեւս օգտակար գտնես գործածել Տէրունական Ընթրիքին վերաբերեալ յաւելուածը՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին մէջ, էջ 206-208։ Ասիկա կրնայ ճամբան հարթել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը, քանի որ քեզի առիթ պիտի տայ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար մեր գործածած հրատարակութիւնը անհատին ներկայացնես։
13. Եհովա ի՞նչպէս օրհնեց երկու հրատարակիչի ջանքերը, որոնք ուրիշները Յիշատակատօնին հրաւիրելու նպատակակէտ դրին։
13 Քոյր մը 48 ընտանիքներու անուններով ցանկ մը պատրաստեց, եւ մինչ զանոնք կը հրաւիրէր, իւրաքանչիւրին անունին վրայէն գիծ կը քաշէր եւ հրաւիրելու թուականը կը գրէր։ Ան ո՜րքան ուրախացաւ երբ հրաւիրած անհատներէն 26 հոգի Յիշատակատօնին եկան։ Խանութպան եղբայր մը իր պաշտօնեան հրաւիրեց, որ նախապէս քահանայ մըն էր։ Այս մարդը ներկայ ըլլալէ յետոյ ըսաւ. «Միայն մէկ ժամուան մէջ, 30 տարուան ընթացքին Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ Աստուածաշունչին մասին իմ սորվածէս շատ աւելի բաներ սորվեցայ»։ Յիշատակատօնէն քիչ ետք, ան ընդունեց Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքով Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։
14. Մարտ 1–ին աշխարհածաւալ ի՞նչ արշաւ պիտի սկսի։
14 Արշաւ. Շաբաթ՝ 1 Մարտէն սկսեալ մինչեւ 22 Մարտ, համայն աշխարհի մէջ Յիշատակատօնին վերաբերեալ մասնայատուկ հրաւէր մը պիտի բաշխուի։ Բոլոր հրատարակիչներն ալ պիտի փափաքին այս կարեւոր արշաւին մէջ լման մասնակցութիւն բերել։ Նախընտրելի է տանտիրոջ անհատապէս հրաւիրագիր մը տալ, քան թէ զայն իր դրան առջեւ ձգել։ Սակայն եթէ մեծ թաղամաս մը ունիս, թերեւս երէցները որոշեն որ հրաւիրագիրները զգուշութեամբ դրուին տունը չեղողներուն դռներուն առջեւ։ Շաբաթավերջերուն պիտի ներկայացնենք նաեւ ընթացիկ պարբերաթերթերը։
15. Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը ի՞նչպէս կրնանք ներկայացնել։
15 Հրաւիրագիրները ցրուելու սահմանափակ ժամանակ ունենալով, նախընտրելի է որ մեր ներկայացումը հակիրճ ըլլայ։ Բարեկամական ու խանդավառ եղիր։ Կրնաս ասոր նման բան մը ըսել. «Կ’ուզենք վստահ ըլլալ թէ դուն, ընտանիքիդ անդամները եւ բարեկամներդ հրաւիրուած էք կարեւոր առիթի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 22 Մարտին։ Ասիկա ձեր հրաւիրագիրն է։ Մանրամասնութիւնները անոր վրայ նշուած են»։ Տանտէրը կրնայ հարցումներ ունենալ։ Կամ թերեւս ան հրաւիրագիրը ընդունի եւ նոյնիսկ յայտնէ թէ ներկայ պիտի գտնուի։ Ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը նոթագրէ եւ ջանա՛ վերայցելել։
16. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մարդիկը Յիշատակատօնին հրաւիրելու արշաւին արժէքը։
16 Անցեալ տարի զինուոր մը իր դրան առջեւ Յիշատակատօնի հրաւիրագիր մը գտաւ։ Ան որոշեց ներկայ գտնուիլ, բայց իր քսանապետէն արտօնութիւն պէտք էր խնդրէր։ Երբ ան հրաւիրագիրը քսանապետին ցոյց տուաւ, քսանապետը պահ մը լուռ մնաց, ապա ըսաւ թէ իր ծնողքը Վկայ է եւ ատենօք անոնց հետ ժողովներու կը յաճախէր։ Ան ո՛չ միայն զինուորին արտօնութիւն տուաւ, այլեւ ինք անձամբ Յիշատակատօնին ներկայ եղաւ։
17. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չենք։
17 Գնահատութիւն ցուցաբերէ. Մինչ 2008–ի Յիշատակատօնի շրջանը կը մօտենայ, թող իւրաքանչիւրս խորհրդածենք Եհովայի շնորհքին մասին։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մենք ալ . . . կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք»։ (Բ. Կորն. 6։1) Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չենք։ Պօղոս գրեց. «Ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս»։ (Բ. Կորն. 6։4) Ուստի Եհովայի պարգեւին հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը ցուցաբերենք, ընտիր վարքով եւ բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզելով։ Այս Յիշատակատօնի շրջանը սքանչելի պատեհութիւն պիտի ընծայէ որ մեր գործունէութիւնը աւելցնենք, բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տալով։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Որո՞նք ալ կրնան օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել
◼ Ընտանիքներ
◼ Լիաժամ աշխատողներ
◼ Տարեցներ եւ անկարողներ
◼ Դպրոցականներ
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Երբ Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներ ցրուես՝
◼ Խօսքդ կարճ պահէ ու խանդավառութեամբ խօսէ
◼ Ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը նոթագրէ ու վերադարձիր
◼ Շաբաթավերջերուն պարբերաթերթեր ներկայացուր