Յիշատակատօնի շրջանը. գործունէութիւնը աւելցնելու առիթ մը
1. Ի՞նչ պատճառներ ունինք որ մտածենք մեր գործունէութիւնը աւելցնել՝ մարտ, ապրիլ ու մայիս ամիսներուն ընթացքին։
1 Մօտալուտ Յիշատակատօնի շրջանին ընթացքին, ծառայութեան մէջ բերած բաժինդ կրնա՞ս աւելցնել։ Շատ մը վայրերու մէջ, օդը բարենպաստ պիտի ըլլայ ու ցերեկուան ժամերն ալ՝ երկար։ Հրատարակիչներէն ոմանք գործէն կամ դպրոցէն արձակուրդ պիտի ունենան, զոր կրնան օգտագործել ծառայութեան համար։ Ապրիլ 2–էն սկսեալ, պիտի ունենանք մասնաւոր արշաւ մը հետաքրքրուած անհատները հրաւիրելու, որ մեզի հետ ներկայ գտնուին Յիշատակատօնին, ապրիլ 17–ին։ Ատկէ ետք, պիտի ջանանք ներկայ գտնուողներուն հետաքրքրութիւնը զարգացնել ու զանոնք հրաւիրել մասնաւոր դասախօսութեան, որ պիտի տրուի ապրիլ 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Արդարեւ՝ բազմաթիւ պատճառներ կան, որ մտածենք մեր գործունէութիւնը աւելցնել՝ մարտ, ապրիլ ու մայիս ամիսներուն ընթացքին։
2. Մեր ծառայութեան մէջ աւելին ընելու մէկ հոյակապ կերպը ի՞նչ է։
2 Օժանդակ ռահվիրայութիւն։ Աւելին ընելու մէկ հոյակապ կերպն է՝ ռահվիրայութիւն ընել։ Որովհետեւ բոլորս բազմազբաղ ենք, ասիկա ընդհանրապէս կանխօրօք ծրագրել ու մեր յայտագրին մէջ ճշդումներ ընել կը պահանջէ (Առ. 21։5)։ Հաւանաբար սովորական գործունէութիւններուդ ոչ–էական մասերէն ոմանք կրնաս յետաձգել (Փլպ. 1։9-11)։ Ինչո՞ւ ժողովքին մէջ ուրիշներուն չարտայայտես քու փափաքդ ռահվիրայութիւն ընելու, որպէսզի տեսնես թէ անոնք կրնա՛ն քեզի հետ օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ կամ ոչ։
3. Ընտանիքներ ինչպէ՞ս կրնան կարգադրել որ իրենց գործունէութիւնը աւելցնեն։
3 Ձեր յաջորդ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին, լաւ կ’ըլլայ որ ձեր նպատակակէտերը քննարկէք որպէս ընտանիք (Առ. 15։22)։ Համագործակցութեամբ, թերեւս ընտանիքին անդամներէն ոմանք կրնան մէկ կամ աւելի ամիսներ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Իսկ եթէ որոշէք որ ասիկա պարզապէս կարելի չէ, ձեր ընտանիքը տակաւին կրնայ կարգադրել որ գործունէութիւնը աւելցնէ՝ քանի մը իրիկուն ծառայութեան մասնակցելով կամ շաբաթավերջերուն աւելի երկար ծառայելով։
4. Այս Յիշատակատօնի շրջանին՝ ծառայութեան մէջ մեր գործունէութիւնը աւելցնելը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի պատճառէ։
4 Եհովա իրեն ծառայելու մեր բոլոր արարքները կը նշմարէ եւ կը գնահատէ մեր զոհողութիւնները (Եբ. 6։10)։ Եհովային եւ ուրիշներուն տալը ուրախութիւն կը պատճառէ (Ա. Մն. 29։9. Գործք 20։35)։ Այս Յիշատակատօնի շրջանին կրնա՞ս գործունէութիւնդ աւելցնել եւ քաղել անոր բերած յաւելեալ ուրախութիւնն ու օրհնութիւնները։