Կրնա՞նք 2000–ի Ապրիլը Ցարդ Եղած Մեր Լաւագոյն Ամիսը Ընել
1 19 Ապրիլ Չորեքշաբթի երեկոն յատկանշական օր մը պիտի ըլլայ մեր ծառայութեան տարուան մէջ։ Այդ օրը, մինչ աշխարհի չորս ծագերուն արեւը աստիճանաբար մայր կը մտնէ, համայն աշխարհի Եհովայի Վկաներու իւրաքանչիւր ժողովք եւ խումբ, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի կատարէ։ Ժամանակի ո՛ր գօտիին մէջ ալ ապրինք, Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութիւնը յիշատակելը, տարւոյն ամենէն յատկանշական դէպքը պիտի ըլլայ։ Յիշատակատօնի թուականը նշուած է Եհովայի Վկաներու 2000–ի Օրացոյց–ին Ապրիլ ամսուան մէջ։
2 Ամբողջ Ապրիլ ամիսը հոյակապ պատեհութիւն մը կու տայ մեզի, մեր սրտագին գնահատութիւնը ցոյց տալու Եհովայի անարժան ողորմութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած է իր Որդւոյն զոհագործութեամբ։ Ի՞նչ կերպով։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։ Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ»։ (Բ. Կորն. 5։14, 15) Այո, Ապրիլի ընթացքին, կրնանք ցոյց տալ թէ մենք մեր անձերուն համար չենք ապրիր, այլ կ’ապրինք անոր համար՝ որ մեր սիրոյն մեռաւ, որպէս Թագաւորութեան քարոզիչներ ասիկա ցարդ եղած մեր լաւագոյն ամիսը ընելով։
3 Ապրիլին Օժանդակ Ռահվիրայ մը Եղէ՛ք. Պօղոս առաքեալ մեզի համար ոգեւորիչ օրինակ մը հանդիսացաւ, երբ ըսաւ. «Ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու [«ամբողջական վկայութիւն մը տալու», ՆԱ]»։ (Գործք 20։24) Մենք ալ Եհովա Աստուծոյ մասին ամբողջական վկայութիւն մը տալու նոյն առանձնաշնորհումը ունինք։ Այդ նպատակաւ ալ, կը փափաքինք Ապրիլ ամիսը, օժանդակ ռահվիրայական գործունէութեան մէջ, մեր լաւագոյն ամիսը ընել։
4 Իր հինգ շաբաթավերջերով, 2000–ի Ապրիլը ռահվիրայ ըլլալու հոյակապ ամիս մը պիտի ըլլայ շատերուն համար։ 1989–ի Ապրիլին, երբ օժանդակ ռահվիրաներու մեր բարձրագոյն թիւին հասանք, անոր 120,979 մասնակցողները, ընդհանուր հրատարակիչներուն 15 առ հարիւրը կը ներկայացնէին։ Տասը տարի ետք, 1999–ի Ապրիլին տեղեկագրող հրատարակիչներու ընդհանուր թիւը, 18 առ հարիւր աւելցած էր։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մեծ հնարաւորութիւն ունինք օժանդակ ռահվիրաներու մեր ունեցած նախկին բարձրագոյն թիւը գերազանցելու։ Ասկէ զատ, ժամերու պահանջը անկէ ի վեր նուազած ըլլալով, ծառայութեան այս երեսակը ժողովքին մէջ շատերուն ձեռնտու դարձած է։ Իւրաքանչիւր մկրտուած հրատարակիչ աղօթքով նկատի պէտք է առնէ թէ արդեօք կրնա՞յ այս Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։
5 2000–ի Օրացոյց–ին վրայ գտնուող Ապրիլ ամիսը գործածելով, յաջորդ ամսուան համար ձեր յայտագիրը հիմակուընէ պատրաստեցէք։ Որոշեցէք թէ ո՛ր օրերը պիտի կարենաք դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ, ապա գումարեցէք այն բոլոր ժամերը զորս կը խորհիք թէ այդ ամսուան ընթացքին կրնաք քարոզչութեան տրամադրել։ Պարփակեցէք այն ժամանակը որ կրնաք յատկացնել ուրիշներու պաշտօնական եւ անպաշտօն կերպով վկայելու համար։ Ասոնց գումարը օժանդակ ռահվիրաներէն պահանջուած 50 ժամին կը մօտենա՞յ։ Եթէ ձեր ժամերը պէտք եղածէն նուազ են, կրնա՞ք ձեր յայտագրին մէջ կարգ մը ուրիշ բարեճշդումներ ընել, որպէսզի օժանդակ ռահվիրայութեան համար ժամանակ ծախու առնէք։ Ամէն օր միջին հաշուով մէկ ժամ եւ 40 վայրկեանի պէտք ունիք, որպէսզի ամսուան վերջաւորութեան 50 ժամ ունենաք։
6 Հիմա որ կանոնաւոր ռահվիրաներու ժամերուն պահանջն ալ նուազած է, բնաւ մտածեցի՞ք լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել։ Ինչո՞ւ մինչեւ ամառ սպասէք սկսելու համար։ Հիմա որ ձմեռը մեր ետին մնաց, Ապրիլը հոյակապ ամիս մըն է սկսելու համար։ Եթէ վստահ չէք թէ կարող էք կանոնաւոր ռահվիրաներու 70 ժամի պահանջին հասնիլ, ինչո՞ւ օժանդակ ռահվիրայութիւն չընէք Ապրիլին, 70 ժամը որպէս նպատակակէտ դնելով։ Անգամ մը որ տեսնէք թէ կրնաք զայն գլուխ հանել, կրնաք աւելի հակամէտ ըլլալ դիմումնագիր մը ներկայացնելու, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտով կանոնաւոր ռահվիրաներու շարքերուն միանաք։—Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը, էջ 113-114։
7 Որպէս Բարի Լուրի Հրատարակիչ Լիովին Մասնակցեցէ՛ք. Հրատարակիչներ ըլլանք թէ ռահվիրաներ, Աստուծոյ ու ընկերի հանդէպ մեր հարազատ սէրն է որ կը մղէ մեզ որ Եհովայի ծառայութեան մէջ բոլոր սրտով մեր կարելին ընենք, մեր անհատական պարագաներուն համաձայն։ (Ղուկ. 10։27) Այսպիսով, ցոյց կու տանք թէ «բո՛ւն ասոր համար կ’աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն»։ (Ա. Տիմ. 4։10) Այս պատճառաւ, 100 տոկոս մասնակցութիւն մը պէտք է ակնկալենք Ապրիլին, մինչ բոլորս ալ լման մասնակցութիւն կը բերենք Թագաւորութեան գործին մէջ։
8 Չմոռնանք Յիսուսի յորդորը. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ Այս խօսքերը ըսելէն անմիջապէս ետք, Յիսուս իր 12 առաքեալները հաւաքեց եւ զանոնք քարոզելու ղրկեց։ (Մատթ. 9։37, 38. 10։1, 5, 7) 12–ը քարոզչութեան մէջ լաւ մը մարզուելէ տարի մը ետք, Յիսուս «ուրիշ եօթանասունըերկուք ալ որոշեց եւ զանոնք իր առջեւէն . . . ղրկեց», միեւնոյն ցուցմունքները տալով անոնց. «Հունձքը շատ է . . . ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ (Ղուկ. 10։1, 2) Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց գիրքը կը տեղեկագրէ թէ Եհովա ի՛նչպէս պատասխանեց այդ աղօթքներուն։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, աշակերտներուն թիւը արդէն շուրջ 120–ի բարձրացած էր։ Ապա յաջորդաբար աշակերտներուն թիւը 3,000–ի եւ 5,000–ի հասաւ։ (Գործք 1։15. 2։41. 4։4) Անկէ ետք, «աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար»։ (Գործք 6։7) Ներկայիս ալ, հունձքին Տէրոջը պէտք է աղաչենք որ Թագաւորութեան յաւելեալ քարոզիչներ հանէ։ Մեր աղօթքներուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, ժողովքի իւրաքանչիւր հրատարակիչ հաստատ կարգադրութիւններ պէտք է ընէ ամէն ամիս ծառայութեան մասնակցելու համար։
9 Հաճեցէք մօտէն ակնարկ մը նետել 2000–ի Օրացոյց–ին Ապրիլ ամսուան վրայ։ Քանի որ ամսուան առաջին երկու օրերը Շաբաթ ու Կիրակի են, կրնա՞ք ծրագրել որ այդ շաբաթավերջին ծառայութեան մասնակցիք՝ ամսուան սկիզբէն սկսելով։ Կրնա՞ք ամսուան ընթացքին ամէն «Պարբերաթերթի Օր»երուն թիկունք կանգնիլ ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան խումբին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել ամէն Կիրակի ծառայութեան մէջ մէկ ժամ կամ աւելի տրամադրելու մասին։ Օրերը երկարելուն շնորհիւ, աւելի ուշ պիտի սկսի մթննալ։ Կրնա՞ք կարգադրութիւն ընել որ երեկոյեան վկայելու գործին մէջ որոշ մասնակցութիւն բերէք։ Իսկ մի՛ մոռնաք ամէն պատեհութիւն օգտագործել, որպէսզի անպաշտօն կերպով վկայէք գործին մէջ, դպրոցը կամ առօրեայ ուրիշ գործունէութիւններ կատարելու միջոցին։ Նշեցէք այդ օրերը որ կրնաք ծառայութեան համար որոշ ժամանակ յատկացնել, եւ ամսուան ընթացքին ծառայութեան ժամերը արձանագրելու համար օրացոյցը գործածեցէք։
10 Ապրիլը պատեհ ժամանակ մը պիտի ըլլայ որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ ծառայելու, բոլոր անոնց համար, որոնք որակելի են եւ՝ երէցներուն կողմէ ընդունուած։ Եթէ անհատի մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէք, ան բաւարար չափով յառաջդիմա՞ծ է, որպէսզի վերակացու տեսուչին մօտենալով իրմէ խնդրէք որ ան բարի լուրի հրատարակիչ մը նկատուի։ Եթէ չմկրտուած զաւակներ ունիք, անոնց հոգեւոր յառաջդիմութեան մասին երէցներուն հետ խօսա՞ծ էք։ Ասիկա յարմար ժամանակ մը չէ՞ որ անոնք սկսին հրատարակիչ ըլլալ։—Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը, էջ 97-100։
11 Մինչ կը ջանանք 2000–ի Ապրիլը ցարդ եղած մեր լաւագոյն ամիսը ընել, բոլորս ալ պէտք է ծառայութեան մասնակցինք եւ ամսուան վերջաւորութեան դաշտի ծառայութեան մեր տեղեկագիրը ներկայացնենք։ (Համեմատել՝ Մարկոս 6։30) Դաշտի ծառայութեան առաջին անգամ մասնակցող չմկրտուած նոր հրատարակիչներուն քաջալերութիւն պէտք է տրուի որ իրենց գործունէութիւնը ժամանակին տեղեկագրեն։ Մեզի ինկած բաժինը կատարելով, կրնանք մեծապէս նպաստել Ապրիլի տեղեկագրութեան եւ փառաբանութեան մեծ աղաղակին, որ Եհովայի պիտի մատուցանուի մեր վկայութեան ջանքերուն միջոցաւ։
12 Ուրիշներ Ձեր Հետ Յիշատակատօնի Բերէք. 2000–ին տեղի ունենալիք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկաներու նոր գագաթ թիւ մը տեսնելը պիտի չո՞ւրախացնէ մեզ։ Անշո՛ւշտ. ասիկա պիտի նշանակէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով այսքան մեծ թուով անհատներ իրարու քով կը հաւաքուին, Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մեզի հանդէպ ցուցաբերած սիրոյ մեծագոյն արտայայտութիւններուն հանդէպ իրենց գնահատութիւնը ցուցաբերելու։ (Յովհ. 3։16. 15։13) Հարկ եղած բոլոր կարգադրութիւնները ըրէք, որպէսզի ո՛չ մէկ բան արգելք հանդիսանայ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին՝ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու։
13 Հիմակուընէ պէտք է սկսիք ուրիշները Յիշատակատօնի հրաւիրել։ Ցանկը պատրաստեցէք այն ամենուն, որոնք կը փափաքիք որ ներկայ գտնուին։ Անոր մէջ պարփակեցէք անցեալին Աստուածաշունչը ուսումնասիրած անհատները, ներկայիս ուսումնասիրողները եւ ձեր բոլոր վերայցելութիւնները։ Ցանկին վրայ աւելցուցէք գործին, դպրոցին եւ թաղին մէջի ձեր ծանօթները, ինչպէս նաեւ ձեզի հետ առեւտրական գործի մէջ եղողները։ Մի՛ մոռնաք պարփակելու ուրիշ ծանօթներ եւ ձեր ազգականները։ Ցանկը ամբողջացնելէ ետք, սկսեցէք անկեղծօրէն եւ անձնապէս հրաւիրել իւրաքանչիւր անհատ։ Յստակօրէն ըսէք թէ Յիշատակատօնը ո՛ւր եւ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ։ Մինչ Ապրիլ 19–ն կը մօտենայ, ձեր ցանկին մէջ եղողներուն վերյիշեցուցէք, անձամբ երթալով կամ հեռաձայնելով։ Առաջարկեցէք որ այդ գիշեր ձեր հետ երթան Յիշատակատօնին։
14 Ընկերութեան նախկին ցուցմունքին համաձայն, երէցներու մարմինը մասնայատուկ ջանք պիտի թափէ, թաղամասին մէջ գտնուող բոլոր անգործունեայ հրատարակիչները քաջալերելու, որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։ (Մատթ. 18։12-14) Լաւ է որ երէցները վերաքաղ ընեն Ընկերութեան 2 Փետրուար 1999–ի թուակիր նամակը։ Ժողովքին քարտուղարը բոլոր անգործունեայ հրատարակիչներուն ցանկը պէտք է պատրաստէ, իսկ ծառայութեան տեսուչը երէցներ պիտի նշանակէ զիրենք այցելելու եւ Յիշատակատօնին հրաւիրելու համար։ Թերեւս, կարելի եղածին չափ արագօրէն հովուական այցելութիւն մը ստանալով, այս անգործունեայ անհատներուն օգնութիւն կրնայ տրուիլ, որ դարձեալ գործունեայ դառնան դաշտի ծառայութեան մէջ, թերեւս Ապրիլի ընթացքին։ Անոնք փորձառու հրատարակիչի մը հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու հրաւէր ստանալով պիտի քաջալերուին։
15 Քաջալերեցէք որ Ապրիլին Լա՛ւ Կերպով Նեցուկ Կանգնին. 2000–ի Ապրիլը ցարդ եղած մեր լաւագոյն ամիսը ընելու համար, բոլոր երէցներուն, օգնական ծառաներուն եւ ընտանիքի գլուխներուն կողմէ լաւ համագործակցութիւն կը պահանջուի։ Երէցները ամէն բան լաւ կերպով կազմակերպելու եւ առաջնորդութիւնը առնելու մէջ ժրաջան պիտի ըլլան։ (Եբր. 13։7) Դաշտի ծառայութեան ժողովներու համար գործնական կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան, շաբաթամէջին եւ շաբաթավերջերուն։ Ծառայութեան յաւելեալ հաւաքավայրեր կրնան յայտագրուիլ, ուշ յետմիջօրէի եւ երեկոյեան գործունէութիւններուն համար։ Ապրիլ ամսուան համար ծրագրուած բոլոր բաներուն մասին ցանկ մը պէտք է դրուի գրատախտակին վրայ։ Անհատ մը պէտք է նշանակուի յայտագրուած իւրաքանչիւր ծառայութեան հաւաքավայրը վարելու համար։ Բաւարար թաղամասեր պէտք է հայթայթուին, իւրաքանչիւր խումբի կարիքին համաձայն։
16 Ապրիլի ընթացքին Դիտարան պարբերաթերթը պիտի ներկայացնենք։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը պիտի ներկայացուի, բոլոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն։ Հետեւաբար, բաւարար քանակով պարբերաթերթեր ու գրքոյկներ պէտք է հայթայթուին։
17 Ամսուան վերջաւորութեան, գրքի ուսումնասիրութեան բոլոր վարիչները եւ իրենց օգնականները իրենց խումբին պատկանող իւրաքանչիւր անդամը պիտի քաջալերեն, որ հազիւ թէ ամիսը լրանայ, իրենց ծառայութեան տեղեկագիրը ներկայացնեն։ Թերեւս ասիկա կրնայ կատարուիլ նոյնիսկ Կիրակի՝ 30 Ապրիլին։ Ապա, քարտուղարը տեղեկագիրները արձանագրելու ատեն, երբ տեսնէ թէ հրատարակիչներէն ոմանք իրենց տեղեկագիրը չեն տուած, կրնայ ազնուօրէն անոնց յիշեցնել որ ասիկա ընեն Մայիս 6–էն առաջ, երբ ժողովքին տեղեկագրութիւնը պէտք է Ընկերութեան ղրկուի։ Ան կրնայ գրքի ուսումնասիրութեան վարիչներուն դիմել, որ իրեն աջակցին այդ հրատարակիչներուն հետ կապ պահելու համար։
18 Աստուծոյ ժողովուրդին համար Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանը տարուան ամենակարեւոր շրջանն է։ Բոլորս ալ այդ ժամանակ շատ զբաղած պէտք է ըլլանք Եհովայի ծառայութեամբ։ Ասիկա պիտի իրագործուի, եթէ ամէն ոք որպէս բարի լուրի հրատարակիչ, կարելի եղածին չափ լիովին բաժին բերէ, եթէ անոնք որոնք կրնան օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ, ասիկա ընեն, եւ եթէ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին մեր հետ ուրիշներ բերելու ջանք թափենք։ Ջերմեռանդօրէն աղօթենք Եհովայի ճոխ օրհնութեան համար, մինչ կը ջանանք 2000–ի Ապրիլը ցարդ եղած մեր լաւագոյն ամիսը ընել. եւ այս բոլորը՝ Աստուծոյ փառքին ու փառաբանութեան համար։—Եբր. 13։15
[Նկար՝ էջ 3]
Օժանդակ Ռահվիրաներ
Ցարդ Մեր Բարձրագոյն Թիւը. 120,979
(Ապրիլ 1989)
[Նկար՝ էջ 4]
Հրատարակիչներու Ընդհանուր Թիւ
Ցարդ Մեր Բարձրագոյն Թիւը. 1,040,283
(Օգոստոս 1998)
[Նկար՝ էջ 5]
Յիշատակատօնի Ներկաներ
Ցարդ Մեր Բարձրագոյն Թիւը. 2,135,167
(1997)