ԱՊՐԻԼ ԱՄԻՍԸ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՄԻՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
1 Յաճախ կ’ակնարկենք Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն որպէս Յիշատակատօնի եղանակը։ Քանի որ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը միշտ տեղի կ’ունենայ տարուան այս ժամանակին մէջ, Եհովայի ժողովուրդը ոգեւորուած է դաշտի ծառայութեան իր մասնակցութիւնը աւելցնելու։
2 Ոմանք, որոնք արձանագրուեցան որպէս օժանդակ ռահվիրաներ Մարտ ամսուան մէջ, պիտի շարունակեն եւ ուրիշներ ալ իրենց պիտի միանան այս ընդլայնուած ծառայութեան մէջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Եթէ կրնաք բաժին բերել, ձեր դիմումնագիրը անմիջապէս պէտք է յանձնէք։
3 Նոյնիսկ անոնք որոնք անկարող են ռահվիրայութիւն ընել, կրնան Ապրիլ ամիսը մասնաւոր ամիս մը ընել, աւելցնելով իրենց դաշտի ծառայութիւնը։ Աներկբայօրէն, ընելիք շատ բան կայ։ Թերեւս ժողովքի հրատարակիչներն ու ռահվիրաները կրնան հրաւիրել չմկրտուած նոր հրատարակիչները որ իրենց հետ աշխատին դաշտին մէջ։ Պէտք է յաւելեալ ջանք թափուի բոլոր հետաքրքրուած անհատները հրաւիրելու Յիշատակատօնին՝ Ապրիլ 17–ին։
4 Արթուն ըլլալով ողջունելու նորեկ անհատները որոնք ներկայ կ’ըլլան, թերեւս կարող ըլլաք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Եհովայի օրհնութեամբ ձեր աւելցած ջանքերուն վրայ, ձեր ծառայութիւնը պտղաբեր պիտի ըլլայ ու Ապրիլ ամիսը՝ մասնաւոր ամիս մը ձեզի համար։—Սաղմ. 34։8. Առակ. 10։22