Ռահվիրաները Ուրիշներուն կ’Օգնեն
1 Յիսուս ըսաւ. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ Քանի որ առաջին դարու մշակները թիւով քիչ էին ու ծածկելիք շատ թաղամաս ունէին, Յիսուս կրնար զիրենք առանձին ղրկել, որպէսզի բարի լուրը կարելի եղածին չափ աւելի անհատներու հասնի։ Փոխարէն, ան զանոնք «երկու երկու ղրկեց»։ (Ղուկ. 10։1, 2) Ինչո՞ւ։
2 Այդ աշակերտները նորեկ եւ անփորձառու էին։ Իրարու հետ աշխատելով, անոնք կրնային իրարմէ սորվիլ եւ զիրար քաջալերել։ Ինչպէս Սողոմոն ըսաւ, «երկուքը մէկէն աղէկ է»։ (Ժող. 4։9, 10) Նոյնիսկ սուրբ հոգին թափուելէն ետք Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պօղոս, Բառնաբաս եւ ուրիշներ ծառայութեան մէջ ուրիշներու ընկերակցեցան։ (Գործք 15։35) Ոմանց համար ի՜նչ առանձնաշնորհում մը ըլլալու էր, որ այսպիսի ատակ տղամարդոց կողմէ անհատապէս մարզուին։
3 Մարզումի Հոյակապ Յայտագիր մը. Առաջին դարու իր համանմանին պէս, քրիստոնէական արդի ժողովքը քարոզչութեան կազմակերպութիւն մըն է։ Անիկա ալ մեզի մարզում կը հայթայթէ։ Անհատապէս, մեր խոր փափաքը պէտք է ըլլայ բարի լուրը կարելի եղածին չափ ազդուօրէն ներկայացնել։ Օգնութիւն մատչելի պիտի ըլլայ, որպէսզի ա՛լ աւելի հրատարակիչներ կարենան իրենց ազդուութիւնը բարելաւել։
4 Վերջերս տեղի ունեցած Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Ընկերութիւնը ծանուցանեց յայտագիր մը, որու միջոցաւ ռահվիրաներ ուրիշներու պիտի օգնեն դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ասոր կարիքը կա՞յ։ Այո՛։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին, աւելի քան մէկ միլիոն հրատարակիչներ մկրտուած են, եւ ասոնց մեծամասնութիւնը քարոզչութեան մէջ աւելի ազդու ըլլալու համար մարզումի կարիքը ունի։ Որո՞նք կրնան գործածուիլ այս կարիքը լեցնելու համար։
5 Լիաժամ ռահվիրաները կրնան օգնել։ Եհովայի կազմակերպութիւնը անոնց բաւական խրատներ եւ մարզում կու տայ։ Ռահվիրաները, երկու շաբաթ տեւող Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, իրենց կարիքներուն յարմարցուած հրահանգներ կը ստանան։ Անոնք նաեւ կ’օգտուին շրջանային եւ նահանգային տեսուչներու հետ եղած ժողովներէն, ինչպէս նաեւ երէցներու ուղղութիւններէն։ Թէեւ բոլոր ռահվիրաներն ալ Պօղոսի եւ Բառնաբասի նման փորձառութիւն չունին, սակայն անոնք արժէքաւոր մարզում ստացած են, զոր ուրախ են բաժնեկցելու։
6 Որո՞նք Պիտի Օգտուին. Միա՞յն նոր հրատարակիչներու կամ նոր մկրտուած անհատներու առիթ տրուած է որ այս յայտագրին մասնակցին։ Բնա՛ւ երբեք։ Տարիներէ ի վեր ճշմարտութիւնը ճանչցող երիտասարդներ եւ տարեցներ կան, որոնք ծառայութեան որոշ մէկ մարզին մէջ իրենց օգնութիւն տրուիլը պիտի գնահատեն։ Թէեւ ոմանք գրականութիւններ տեղաւորելու մէջ յաջողութիւն կ’ունենան, սակայն դժուար կը գտնեն վերայցելութիւններ ընելը կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելը։ Ուրիշներ դիւրաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը սկսին, բայց կը նկատեն որ իրենց աշակերտները չեն յառաջդիմեր։ Ի՞նչ բան զիրենք ետ կը պահէ։ Փորձառու ռահվիրաներէն կրնայ խնդրուիլ որ այս մարզերուն մէջ օգնութիւն մատուցանեն։ Ռահվիրաներէն ոմանք ազդու են հետաքրքրութիւն մշակելու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու, եւ նորեկ աշակերտները կազմակերպութեան ուղղելու մէջ։ Անոնց փորձառութիւնը այս նոր յայտագրին մէջ օգտակար պիտի ըլլայ։
7 Արդեօք ձեր յայտագիրը թոյլ չի՞ տար որ ձեր փափաքածին չափ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն կանոնաւորաբար թիկունք կանգնիք։ Թերեւս ռահվիրայ մը երբեմն կարենայ ձեր հետ աշխատիլ, երբ ուրիշ հրատարակիչներ մատչելի չեն։
8 Լաւ Համագործակցութեան Կարիքը Կայ. Տարին երկու անգամ, երէցները անհատական օգնութիւն փափաքող հրատարակիչներուն համար կարգադրութիւններ պիտի ընեն, որպէսզի Ռահվիրաները Ուրիշներուն կ’Օգնեն յայտագրին մասնակցին։ Եթէ ընդունիք այսպիսի օգնութիւն ստանալ, ձեզի աջակցելու համար նշանակուած ռահվիրային հետ հանդիպում մը ունեցէք, ծառայութեան գործնական յայտագիր մը պատրաստեցէք, ապա անոր կառչեցէք։ Իւրաքանչիւր ժամադրութիւն յարգեցէք։ Մինչ իրարու հետ կ’աշխատիք, բարի լուրը ներկայացնելու ազդու միջոցներ նկատի առէք։ Վերլուծեցէք թէ որոշ մօտեցումներ ինչո՛ւ ազդու են։ Ձեր ներկայացումները բարելաւելու համար ռահվիրային ներկայացուցած թելադրութիւնները նկատի առէք։ Մինչ ձեր սորված բաները կը կիրարկէք, ծառայութեան մէջ ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի պիտի ըլլայ թէ՛ ձեզի եւ թէ ուրիշներուն։ (Տես՝ Ա. Տիմոթէոս 4։15։) Կարելի եղածին չափ իրարու հետ յաճախ աշխատեցէք, ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մասնակցելով, ի ներառեալ անպաշտօն ծառայութիւնը, բայց կեդրոնացէք ծառայութեան այն երեսակին վրայ որու մէջ անհատական օգնութեան կարիքը ունիք։
9 Ծառայութեան տեսուչը եղած յառաջդիմութեամբ պիտի հետաքրքրուի։ Պարբերաբար, ան Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչէն պիտի տեղեկանայ թէ յայտագրէն որքա՛ն կ’օգտուիք։ Շրջանային տեսուչն ալ պիտի օգնէ ձեզի, երբ ժողովքը այցելէ։
10 Եհովա կ’ուզէ որ իր ժողովուրդը մարզուի եւ «ամէն բարի գործերու պատրաստ» ըլլայ։ (Բ. Տիմ. 3։17) Ռահվիրաները Ուրիշներուն կ’Օգնեն կարգադրութիւնը հոյակապ հայթայթում մը նկատեցէք, անոնց օգնելու որոնք կը փափաքին խօսքը քարոզելու իրենց կարողութիւնները բարելաւել։ Եթէ առանձնաշնորհումը ունիք անոր մասնակցելու, ասիկա երախտագիտութեամբ, խոնարհութեամբ եւ ուրախութեամբ ըրէք։