Ձեր Եղբայրները Ճանչցէք
1 Աստուածաշունչը ճշմարիտ բարեկամը կը նկարագրէ որպէս եղբօրմէն աւելի մտերիմ անհատ մը, որ յարատեւ կը սիրէ, հաւատարիմ է եւ նեղութեան ատեն իր բարեկամին օգնութեան կը հասնի։ (Առ. 17։17. 18։24) Ժողովքին մէջ այսպիսի ընկերներու պակասը պիտի չունենանք, եթէ ջանանք իրար ճանչնալ եւ սիրել։—Յովհ. 13։35
2 Ժողովներէն առաջ ու ետք ընտիր առիթներ կը ներկայանան, մեր եղբայրներուն մօտէն ծանօթանալու համար։ Ջերմ ու կենսունակ ընկերակցութիւն մը վայելելու համար, ինչո՞ւ կանուխ չգաք եւ ուշ չերթաք։ Զանազան եղբայրներու հետ խօսակցեցէք, ի ներառեալ տարեցներ, փորձառուներ եւ պատանիներ կամ ամչկոտներ։
3 Խօսակցութիւններ Սկսեցէք. Ձեր եղբայրներուն միմիայն սովորական բարեւ մը տալով մի բաւականանաք։ Կրնաք խօսակցութիւն մը սկսիլ, դաշտի ծառայութեան մէջ պատահած փորձառութիւն մը բաժնեկցելով, ընթացիկ պարբերաթերթէ մը հետաքրքրական կէտ մը կամ տակաւին նոր լրացած ժողովին մասին բան մը յիշելով։ Ձեր եղբայրներուն մասին շատ բան կրնաք սորվիլ լաւ ունկնդրող մը ըլլալով, զանոնք քաջալերելով որ իրենց փորձառութիւններուն եւ իրենց սորված բաներուն մասին խօսին։ Պարզապէս հարցնելը թէ անհատը ի՛նչպէս Եհովան ճանչցաւ՝ շատ բան կրնայ յայտնել։ Ոմանք իրենց կեանքին մէջ հաւատք զօրացնող փորձառութիւններ ունեցած են, մինչ ուրիշներ հիմա իսկ շատ խիստ պարագաներու կը տոկան։ Ասոր գիտակցիլը պիտի օգնէ մեզի՝ որպէս ճշմարիտ բարեկամներ՝ որ զգայուն եւ ուրիշներու կարիքներուն ընդառաջող ըլլանք։
4 Իրարու Բարեկամ Եղէք. Իր դեռատի աղջկան մահէն ետք, քոյր մը դժուարութիւն ունեցաւ յարութեան ակնարկող Թագաւորութեան երգերը երգել։ Ան կը յիշէ. «Անգամ մը, նստաշարքին միւս կողմը նստող քոյր մը նկատեց որ կու լամ։ Ան քովս եկաւ, թեւը ուսիս վրայ դրաւ եւ երգեցողութեան մնացեալ մասը հետս երգեց։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սիրով լեցուեցայ եւ շատ ուրախացայ որ ժողովի եկած էինք, գիտակցելով որ հոս՝ Թագաւորութեան Սրահին մէջ, է տեղը օգնութիւն ստանալու»։ Մեր եղբայրներուն բարեկամը պէտք է ըլլանք, կարիքին համաձայն զիրենք մխիթարելով եւ ամէն ժամանակ զիրենք քաջալերելով։—Եբր. 10։24, 25
5 Մինչ այս աշխարհը երթալով աւելի կեղեքիչ կը դառնայ, թող որ վճռենք մեր եղբայրները աւելի լաւ ճանչնալ։ Այս փոխադարձ, հարազատ քաջալերութիւնը բոլորին համար օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ։—Հռովմ. 1։11, 12