Կրնանք Աւելի Մեծ Գործեր Գործել
1 Յիսուս Քրիստոսի ծառայութիւնը ուշագրաւ գործերով յատկանշուած էր։ Ան հրաշալիօրէն հազարաւորներ կերակրեց, շատեր բուժեց, եւ ոմանց յարուցանեց։ (Մատթ. 8։1-17. 14։14-21. Յովհ. 11։38-44) Իր գործունէութիւնը ամբողջ ազգի մը ուշադրութիւնը գրաւեց։ Այսուհանդերձ, իր կեանքի վերջին գիշերը, ան իր հաւատարիմ հետեւորդներուն ըսաւ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ»։ (Յովհ. 14։12) Ի՞նչպէս կրնանք «աւելի մեծ» գործեր գործել։
2 Աւելի Թաղամասեր Ծածկելով. Յիսուսի գործունէութեան ծիրը սահմանափակուած էր Պաղեստինի, բայց իր առաջին աշակերտներուն ըսաւ որ «մինչեւ երկրին ծայրերը» վկայեն, իր քարոզած շրջանէն շա՜տ անդին։ (Գործք 1։8) Անոր սկսած քարոզչութիւնը ներկայիս երկրածաւալ է, ծածկելով 232 երկիրներ։ (Մատթ. 24։14) Ձեր ժողովքին նշանակուած թաղամասը ծածկելու մէջ լիովին ձեր մասնակցութիւնը կը բերէ՞ք։
3 Աւելի Մարդոց Հասնելով. Յիսուս քարոզչութեան գործը շարունակելու համար իր ետին ձգեց սակաւաթիւ աշակերտներ։ Սակայն, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, անոնց նախանձախնդիր վկայութեան որպէս արդիւնք, այդ օրը ճշմարտութիւնը որդեգրողներուն ու ապա մկրտուողներուն թիւը մօտ երեք հազարի հասաւ։ (Գործք 2։1-11, 37-41) «Յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ներուն հաւաքումը կը շարունակուի մինչեւ օրս, երբ միջին հաշուով օրը 1,000 հոգի կը մկրտենք։ (Գործք 13։48) Ձեր կարելին կ’ընէ՞ք ամէնուրեք պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն հասնելու եւ կարելի եղածին չափ շուտով հետաքրքրութիւնը հետապնդելու համար։
4 Աւելի Երկար Ժամանակ Քարոզելով. Յիսուսի երկրային ծառայութիւնը երեքուկէս տարուան սահմանափակուած էր։ Մեր մեծամասնութիւնը անկէ աւելի երկար ատենէ կը քարոզէ։ Այս գործը շարունակելու համար որքա՛ն ալ ժամանակ թոյլատրուի, մենք ուրախ ենք օգնելով իւրաքանչիւր նոր աշակերտի, որ կեանքի առաջնորդող ճամբուն մէջ սկսի քալել։ (Մատթ. 7։14) Ամէն ամիս Տիրոջը գործին մէջ աւելիով կ’աշխատի՞ք։—Ա. Կորն. 15։58
5 Իր ճշմարիտ աշակերտները ըլլալով, կրնանք միշտ վստահ ըլլալ որ Յիսուսի օգնութեամբ տակաւին աւելի մեծ գործեր պիտի ընենք։—Մատթ. 28։19, 20