Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/94 էջ 1
  • Մեր Եղբայրները Լաւ Ճանչնանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր Եղբայրները Լաւ Ճանչնանք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք»
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Շարունակէ եղբայրսիրութեան մէջ աճիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Ձեր Եղբայրները Ճանչցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 8/94 էջ 1

Մեր Եղբայրները Լաւ Ճանչնանք

1 Մեր յարաբերութիւնը ընկեր երկրպագուներուն հետ կը պարփակէ աւելի քան պարզապէս անոնց հետ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Մենք Աստուծոյ կամքը կատարողներ ենք, եւ ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ Յիսուսին հետ հոգեւոր յարաբերութիւն մը ունենանք։ (Մար. 3։34, 35) Ատիկա, իր կարգին, պատճառ կ’ըլլայ որ հոգեւոր ընտանեկան յարաբերութիւն մը ունենանք Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ուրիշներու հետ՝ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ՝ զորոնք սիրելու պատուէր ստացած ենք։ (Յովհ. 13։35) Հետեւաբար, անոնք որոնք «Աստուծոյ ընտանիք»ին հետ կ’ընկերակցին, պէտք է ջանան որ մէկզմէկ լաւ ճանչնան։—Եփ. 2։19

2 Մեր Եղբայրները Իրենց Անուններով Ճանչնանք. Ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան խումբին մէջ եղող բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն անունները գիտէ՞ք։ Խումբը սովորաբար պզտիկ է, ինչ որ դիւրին կը դարձնէ ներկայ եղողներուն մեծամասնութեան՝ եթէ ոչ բոլորին՝ անունները գիտնալը։ Եթէ անոնց անունները չէք գիտեր, կրնա՞ք ըսել թէ զիրենք լաւ կը ճանչնաք։

3 Ի՞նչ ըսենք ուրիշները ճանչնալու մասին, մէջը ըլլալով պզտիկները, որոնք ժողովներուն ներկայ կը գտնուին Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Թերեւս միտում ունինք ընկերակցելու միայն բարեկամներու պզտիկ խումբի մը հետ։ Մինչ սխալ չէ վայելել կանոնաւոր ընկերակցութիւն մը որոշ անհատներու հետ, պիտի չուզենք սահմանափակել ջերմ բարեւները եւ կերտիչ խօսակցութիւնը միայն քիչ անհատներու։ Պէտք է մեր սրտերը ‘լայն բանանք’, ջանք թափելով որ մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը լաւ ճանչնանք։ (Բ. Կորն. 6։11-13) Ատիկա բացայայտօրէն կը պարփակէ զանոնք ճանչնալ իրենց անուններով։

4 Ժողովները վարող եղբայրները պէտք է փորձեն բոլոր ներկայ եղողներուն անունները գիտնալ։ Ամպիոնէն իւրաքանչիւրին անունը տալը պատճառ կ’ըլլայ որ զգան թէ իրենց մեկնաբանութիւնները գնահատուած են, եւ միեւնոյն ժամանակ, ուրիշներու կ’օգնէ որ անոնց անունները գիտնան։ Անշուշտ, հանդիսականներուն մէջ միշտ կարգ մը նորեկներ կամ այցելուներ պիտի ըլլան, դժուար դարձնելով որ ոեւէ անհատ ամէն անուն գիտնայ։ Այսուհանդերձ, յարատեւ անկեղծ ջանքը ուրիշներու քաջալերական է եւ հարազատ անձնական հետաքրքրութիւն կը ցոլացնէ։—Հռովմ. 1։11, 12

5 Նախաձեռնութիւնը Առնենք Լաւ Ծանօթանալու Համար. Շրջուն տեսուչները սովորաբար լաւ կը ծանօթանան շատ մը եղբայրներու եւ քոյրերու։ Անոնք ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընեն։ Երեք գլխաւոր միջոցներով. (1) Անոնք անոնց հետ կանոնաւորաբար կ’աշխատին դաշտի ծառայութեան մէջ. (2) իրենց պարագաներուն ներած չափով, հրաւէրներ կ’ընդունին անոնց այցելելու անոնց տուներուն մէջ. եւ (3) ժողովներուն նախաձեռնութիւնը կ’առնեն բարեւելու թէ՛ չափահասները եւ թէ պզտիկները։

6 Կրնա՞ք կերպեր գտնել ձեր ընկերակցութիւնները ընդլայնելու եւ ձեր եղբայրները աւելի լաւ ճանչնալու։ Վստահաբար կրնանք ուրիշները հրաւիրել որ մեզի ընկերանան դաշտի ծառայութեան մէջ։ Տունէ տուն երթալը, վերայցելութիւններ ընելը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու երթալը, բոլորն ալ ընտիր մեթոտներ են լաւ ծանօթանալու։ Նաեւ լաւ բան մըն է ուրիշները հրաւիրել որ ձեր տունը այցելեն, երբեմն մասնակցելով ճաշի մը կամ զովացուցիչներու։ Նախաձեռնութիւն առնելը որ խօսակցիք նորեկներուն կամ ամչկոտներուն հետ, զանոնք ոչ միայն հոգեւորապէս շատ կը կերտէ, այլ նաեւ ճոխ վարձատրութիւն կը բերէ։—Գործք 20։35. Ա. Թես. 5։11

7 Պօղոս իր եղբայրները լաւ կը ճանչնար։ Իր թուղթերուն մէջ անոնցմէ շատերուն անձնական ակնարկում ընելը կը փաստէր իր անձնուրաց հետաքրքրութիւնը եւ անկեղծ սէրը անոնց հանդէպ։ (Ա. Թես. 2։17. Բ. Տիմ. 4։19, 20) Մեր ջանքերը մեր եղբայրները լաւ ճանչնալու, բոլորիս համար օրհնութիւններ պիտի նշանակեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել