Դրական Կեցուածք Մը Պահպանենք
1 Որքա՜ն կը հրճուինք կարդալով շատ մը երկիրներու մէջ տեղի ունեցած հոյակապ յաւելումներուն մասին։ Այսուհանդերձ, կը գիտակցինք որ կարգ մը շրջաններու մէջ Թագաւորութեան հրատարակիչները յաճախ կը դիմագրաւեն անտարբերութիւն կամ նոյնիսկ բացայայտ հակառակութիւն մեր քարոզչական գործին։ Ինչպէ՞ս կրնանք դրական կեցուածք մը պահպանել եթէ այս է պարագան մեր թաղամասին մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնանք արգելք հանդիսանալ ժխտական կեցուածքի մը որ կրնայ մեր ուրախութիւնը խլել կամ մեր նախանձախնդրութիւնը տկարացնել աշակերտելու գործին հանդէպ։
2 Դրական կեցուածք մը մեզի պիտի օգնէ որ մեր հաւասարակշռութիւնը պահպանենք։ Նոյնիսկ փորձութիւն պատճառող պարագաներուն ներքեւ, պէտք չէ թոյլատրենք որ ժխտական խորհուրդներ տիրեն մեր տեսակէտին վրայ։ Յիսուս կատարեալ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի համար։ Յարաբերաբար քիչ անհատներ անոր սորվեցուցածը ընդունեցին։ Շատեր անոր ուսուցումէն գայթակղեցան։ Ան վիճակներ դիմագրաւեց որոնք իր տոկալը խստօրէն փորձութեան ենթարկեցին։ Կրօնական առաջնորդները անոր գործը քննադատեցին եւ զինք սպաննել դաւադրեցին։ Անոր վրայ թքնեցին, զինք ապտակեցին, ծաղրեցին, ծեծեցին եւ վերջապէս սպաննեցին։ Այսուհանդերձ, ան ուրախ էր իր կատարած գործով։ Ինչո՞ւ։ Ան գիտակցեցաւ որ Աստուծոյ կամքը կատարելը կարեւոր էր եւ չյուսահատեցաւ։—Յովհ. 4։34. 13։17. Եբր. 12։2
3 Մեր Ծառայութեան Հանդէպ Պատշաճ Տեսակէտ մը Պահպանենք. Ասիկա ընելու համար, պէտք է մի քանի ազդակներ ի մտի ունենանք։ Յիշենք թէ պատգամ մը ունինք որու մարդոց մեծամասնութիւնը կ’անտեսեն կամ կը հակառակին։ (Մատթ. 13։14, 15) Թէեւ առաքեալները պաշտօնապէս հրաման ստացան որ Յիսուսի անունով սորվեցնելը դադրեցնեն, անոնք հաւատարիմ մնացին քարոզելու իրենց յանձնարարութեան եւ հունձքը շարունակուեցաւ։ (Գործք 5։28, 29. 6։7) Մենք առաջուընէ գիտենք որ կարգ մը թաղամասերու մէջ յարաբերաբար քիչ անհատներ մտիկ պիտի ընեն։ (Մատթ. 7։14) Ուստի, ուրախանալու պատճառ ունինք եթէ մեր թաղամասին մէջ միայն մէկ անհատ ականջ տայ մեր պատգամին։ Յիշենք նաեւ որ նոյնիսկ հակառակորդներուն պէտք է լսելու պատեհութիւն մը տրուի։ (Եզեկ. 33։8) Հակառակորդներէն ոմանք վերջապէս կը փոխուին ու Եհովայի երկրպագուներ կ’ըլլան։ Արդ, երբ պատշաճ կերպով դիտուի, մեր ծառայութիւնը իրագործումի զգացում մը կը բերէ մեզի, նոյնիսկ եթէ քիչեր մտիկ ընեն։ Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամով մեր ներկայութիւնը դռներու առջեւ ինքնին վկայութիւն մըն է։—Եզեկ. 2։4, 5
4 Լաւ պատճառ ունինք որ դրական ըլլանք մեր տեսակէտին մէջ։ Աշխարհածաւալ գործին բարգաւաճումը եւ մեծ նեղութեան մօտալուտ ըլլալուն աւելցած ապացոյցը պէտք է մեզ մղեն որ մեր լաւագոյնը ընենք աստուածպաշտութեամբ ծառայելով։ (Բ. Պետ. 3։11, 14) Նախանձախնդիր գործունէութիւնը Օգոստոս ամսուան ընթացքին, ընտիր կերպ մը պիտի ըլլայ մեր սորվածին հանդէպ մեր երախտապարտութիւնը ցոյց տալու։ Նաեւ կ’ուզենք որ վերջերս ընկերակցող անհատները դրական կեցուածք մը ցուցաբերեն իրենց սորվածը գործածելու նկատմամբ։ Եթէ մեր Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանք յառաջդիմած են այն աստիճան որ պատրաստ են չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալ, Օգոստոս ամիսը կրնայ յարմար ժամանակ մը ըլլալ որ անոնք սկսին։
5 Ըլլանք հրատարակիչներ թէ ռահվիրաներ, բոլորս ալ կ’օգտուինք եթէ ի մտի ունենանք թէ ինչ որ Եհովա մեզմէ կը պահանջէ ծանր բան չէ։ (Ա. Յովհ. 5։3) Ան կը խոստանայ որ մեզի նեցուկ պիտի կանգնի։ (Եբր. 13։5բ, 6) Հակառակ մարդոց անտարբերութեան կամ ընդդիմութեան, պէտք է դրական ըլլանք ու շարունակենք քարոզել, քանի որ Աստուծոյ կամքն է որ ասիկա ընենք։—Ա. Տիմ. 2։3, 4