Ամէն Առիթով Պարբերաթերթեր Ներկայացնենք
1 Մենք լաւ պատճառ ունինք գնահատելու համար Դիտարանն ու Զարթի՛րը։ Ուրիշ ո՞ր պարբերաթերթերը միջազգային գետնի վրայ կոչ կ’ընեն։ Այս ամիս պարբերաթերթերը պիտի ներկայացուին մեր քարոզչական գործունէութեան մէջ, եւ Անգլերէնով Հոկտեմբեր ամսուան թիւերը ի՜նչ զօրեղ տեղեկութիւններ կը բովանդակեն։ Սովորաբար մեր պարբերաթերթերուն մեծամասնութիւնը կը տեղաւորենք երբ տունէ–տուն կը ծառայենք. սակայն, պիտի ուզենք նաեւ նախապատրաստուիլ զանոնք ներկայացնելու համար ուրիշ ամէն յարմար առիթով։
2 Հոկտեմբեր 1 «Դիտարան»ը ներկայացնելու ատեն, կրնաս հետաքրքրութիւն շարժել «Առանց Պատերազմի Աշխարհ մը—Ե՞րբ» յօդուածին նկատմամբ, ըսելով.
◼ «Շատ մարդիկ հարց կու տան թէ ինչո՛ւ առանց պատերազմի աշխարհ մը կը թուի անհասանելի ըլլալ հակառակ մարդոց բոլոր ջանքերուն։ Ի՞նչ կը խորհիս հետեւեալ արտայայտութիւններուն մասին, Հոկտեմբեր 1 Դիտարանին էջ 5–ին մէջ։ [«Կրօնքը—Մեծ Խոչընդոտ մը» ենթագլուխին տակ, առաջին երկու պարբերութիւններուն առաջին նախադասութիւնները կարդա եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ միշտ պատերազմներ պիտի ըլլան։ Նկատէ Աստուծոյ խոստումը Եսայեայ 9։6, 7–ին մէջ»։ Կրնաս այս համարը կարդալ Աստուածաշունչէդ կամ ինչպէս որ մէջբերուած է Դիտարանի յօդուածին մէջ։ Հակիրճօրէն բացատրէ թէ Դիտարանը կը պաշտպանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը որպէս խաղաղ աշխարհի մը միակ յոյսը, եւ անհատը քաջալերէ որ յօդուածը կարդայ։
3 Երբ կը ներկայացնես Հոկտեմբեր 22 «Զարթի՛ր»ը, կրնաս ըսել.
◼ «Ի՞նչ կը խորհիս այս պարբերաթերթին կողքին վրայ եղած հարցումին մասին. ‘Կեանքը Ինչո՞ւ Այսքան Կարճ Է’։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածաշարքը ուշադրութեան կը յանձնէ ծերութեան մասին այժմու գիտնականներու եւ ուրիշներու ըսելիքները, ապա կը կեդրոնանայ մեր Ստեղծիչին խոստումին վրայ յաւիտենական կեանքի հեռանկարին նկատմամբ։ Ուրախ պիտի ըլլամ քեզի յանձնելով այս օրինակը եթէ կը փափաքիս զայն կարդալ»։
4 Երբ կը հանդիպիս անհատներու որոնք կրօնքի հակամէտ են, ինչո՞ւ յօդուած մը չներկայացնես Հոկտեմբեր 15 «Դիտարան»էն։ Այս ներկայացումը կրնայ նպաստաւոր ընդառաջումի մը սկիզբ տալ.
◼ «Կը փափաքիմ կարծիքդ առնել հետեւեալ հարցումին շուրջ. Կարելի՞ է Աստուած սիրել եւ անկէ վախնալ միեւնոյն ժամանակ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա «Ինչո՞ւ Հիմա Ճշմարիտ Աստուծմէ Վախնանք» յօդուածին խորագրին համարը։ (Ժող. 12։13) Պատճառաբանել գրքին 199–րդ էջին մէջ յիշուած լուսաբանութիւններէն մէկը գործածէ եւ պարբերաթերթը ներկայացուր եթէ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի։
5 Երբ կ’աշխատիս տունէ տուն, մի անտեսեր վաճառատուները։ Անոնք որոնք կանոնաւորաբար կ’այցելեն վաճառատուները, այս գործունէութիւնը կը նկարագրեն որպէս հաճոյալի եւ արդիւնաբեր։ Երբ կ’առաջարկես Հոկտեմբեր 8 «Զարթի՛ր»ը, կրնաս ասոր նման պարզ ներկայացում մը փորձել.
◼ «Մենք գիտենք թէ առեւտրականները կը գնահատեն տեղեակ պահուիլ իրենց համայնքին ազդող հարցերէն։ Վստահ եմ որ այս յօդուածները քեզ պիտի հետաքրքրեն»։ Յետոյ, «Մէկ Ծնողով Ընտանիքները—Որքա՞ն Յաջող Կրնան Ըլլալ» յօդուածէն հակիրճօրէն բաժնէ կէտ մը։
6 Եթէ հանդիպած անհատդ իրապէս զբաղած է, կրնաս պարբերաթերթերը ցուցադրել եւ ըսել.
◼ «Գիտեմ որ այսօր այցելու մը չէիր ակնկալեր, ուստի ըսելիքս կարճ պիտի պահեմ։ Կը փափաքիմ քեզի պատեհութիւնը տալ որ կարդաս կարեւոր բան մը»։ Մատնանշէ ընտրած յօդուածիդ եւ պարբերաթերթերը ներկայացուր։
7 Մանրամասն տունէ–տուն արձանագրութիւն մը պահեցէք եւ բոլոր տեղաւորումներուն վերայցելեցէք։ Եթէ հարազատ հետաքրքրութիւն գտնուի վերայցելութեան ատեն, պարբերաթերթերէն մէկուն կամ երկուքին բաժանորդագրութիւն մը առաջարկեցէք։ Թող որ նախապատրաստուած եւ գերուշադիր ըլլանք մեր պարբերաթերթերը ներկայացնելու ամէն յարմար առիթով։