ՄԵՐ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ
1 Զարթի՛րի նպատակը յստակօրէն նշուած է իւրաքանչիւր թիւին 4–րդ էջին վրայ. «Այս պարբերաթերթը վստահութիւն կը կերտէ Ստեղծիչին խոստումին վրայ թէ խաղաղ ու ապահով նոր աշխարհ մը պիտի հաստատէ, 1914–ի դէպքերուն ականատես եղող սերունդը անցնելէ առաջ»։ Աներկբայօրէն, այսպիսի պարբերաթերթ մը արժանի է որ իր տեղեկութիւնները մեծապէս գործածենք մեր տունէ–տուն ծառայութեան ընթացքին։
2 Զարթի՛րը ընտիր միջոց մըն է հոգեւոր հակում չունեցող մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու։ Երբ իւրաքանչիւր թիւ կը կարդաք, նպատակայարմար կէտեր փնտռեցէք ուրիշներու հետ բաժնելու։ Կարգ մը հրատարակիչներ կը նոթագրեն իրենց անձնական օրինակին վրայ եւ դաշտի ծառայութեան չգացած նոթագրութիւնները վերաքաղ կ’ընեն, որպէսզի մասնայատուկ կէտեր ի մտի ունենան տանուտէրներուն հետ բաժնելու։
3 Կրնանք մեր ներկայացումը սկսիլ որոշ մեկնաբանութիւն մը ընելով այն Զարթի՛րի նիւթին մասին զոր կը ծրագրենք բաժնել մեր յաջորդ վերայցելութեան ատեն։ Յիշեցէք նախապէս ընտրուած մէկ կամ երկու նախադասութիւններ եւ շարունակեցէք. «Քանի որ կը թուի որ հետաքրքրուած էք այս նիւթով, կը փափաքի՞ք որ ետ գամ այս նիւթին մասին աւելի խօսակցելու համար»։ Ապա ժամադրութիւն առէք ձեր վերայցելութեան։ Երբ կը վերադառնաք, կրնաք ձեր հետ Զարթի՛րի այդ թիւը բերել, տեղաւորելու նպատակով։ Նաեւ կրնաք ձեր հետ բերել անոր ընկեր պարբերաթերթը՝ Դիտարանը՝ տեղաւորելու համար ձեր վերայցելութեան ընթացքին։
4 Եթէ տանուտէրը յստակօրէն հետաքրքրութիւն արտայայտէ հոգեւոր բաներու նկատմամբ, կրնանք համարի մը ակնարկել, զոր օրինակ՝ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը վերջին օրերուն մասին։ Անկէ ետք, որպէսզի իր հետաքրքրութիւնը արթնցնէք ձեր յաջորդ այցելութեան հանդէպ, կրնաք հարցում մը յարուցանել որու պատասխանը նկատի պիտի առնէք վերայցելութեան ատեն։ Կրնաք հարցում մը ընտրել որու պատասխանը կը գտնուի Զարթի՛րի կամ Դիտարանի յօդուածի մը մէջ։ Երբ կը վերայցելէք, այդ պարբերաթերթը ձեր հետ բերէք, տեղաւորելու նպատակով։
5 Կարգ մը թաղամասերու մէջ ուր մարդիկ ըստ երեւոյթին հետաքրքրուած են մասնայատուկ կրօնքներով, քան թէ պարբերաթերթերը ներկայացնէք, կրնաք ըսել.
◼ «Այս ընկերութեան մէջ, կը հանդիպինք այնպիսի մարդոց որոնք կը հետեւին զանազան կրօնքներու, որոնք մեր կրօնքէն շատ տարբեր են։ Մարդկութիւնը Աստուած փնտռած է շատ մը տարբեր ուղղութիւններով։ [Կարդացէք Գործք 17։26, 27։] Կը համաձայնի՞ք թէ մարդիկ ընդհանրապէս կը հետեւին իրենց ծնողքին կրօնքին, քան թէ իրենք Աստուած փնտռեն»։ Թոյլ տուէք որ մեկնաբանէ։ Հոս կրնաք յիշել կարգ մը կէտեր զորս սորված էք Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ գրքէն, ինչպէս էջ 8–ին վրայ 12–րդ պարբերութեան տեղեկութիւնները։ Կրնաք աւելցնել. «Ուրիշ կրօնքներու մասին աւելի գիտնալը մեզ կը լուսաբանէ ու կը զարգացնէ։ Արդեօք ի՞նչ է աշխարհի գլխաւոր կրօնքներու ուսուցումներուն ծագումը»։ Ապա կարգադրեցէք այցելութիւն մը որպէսզի ասիկա աւելի նկատի առնէք։ Ձեր հետ կրնաք բերել Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը վերայցելութեան ատեն, տեղաւորելու նպատակով։
6 Մինչ տունէ տուն կ’երթանք, թող որ յիշենք թէ աշխարհի մէջ ամենալաւ գործիքներէն երկու հատ ունինք՝ Դիտարանն ու Զարթի՛րը, մարդոց օգնելու որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Թող որ աշխատինք տանուտէրներուն հետաքրքրութիւնը խթանելու այս պարբերաթերթերուն նկատմամբ եւ զանոնք տեղաւորենք երբ կը վերայցելենք։