Մարդոց Մասնայատուկ Հետաքրքրութիւններուն Կոչ Ընող Յօդուածներ Ընտրեցէ՛ք
1 Նետով ուշադրութեամբ նշան առնող նետաձիգներու նման, շատ մը ժողովքներու հրատարակիչներ եւ ռահվիրաներ սքանչելի յաջողութիւն կը վայելեն, Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի ընտրուած յօդուածներ գործածելով, իրենց թաղամասի մարդոց մասնայատուկ հետաքրքրութիւններուն կոչ ընելու համար։ Անոնք նկատի կ’առնեն, թէ որո՛նք շատ հաւանաբար պարբերաթերթերու որոշ յօդուածներ պիտի ուզեն կարդալ։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’ընեն։
2 Նախ՝ պարբերաթերթի իւրաքանչիւր համար ծայրէ ծայր կը կարդան։ Յետոյ իրենք իրենց հարց կու տան՝ թէ իւրաքանչիւր յօդուած ի՛նչպիսի անհատներ կրնայ հետաքրքրել։ Ետքը, ջանք կը թափեն այցելելու այն անհատները, որոնք կրնան հետաքրքրուած ըլլալ այդ յօդուածը կարդալով։ Երբ կռահեն որ որոշ համար մը, լայնատարած ընդունելութիւն կրնայ գտնել իրենց թաղամասին մէջ, անկէ յաւելեալ օրինակներ կ’ապսպրեն։
3 Մեր Պարբերաթերթերը Մեծապէս Արժեւորուած Են. Մեր պարբերաթերթերու բաժանորդագրեալներէն մէկը, որ ընդարձակ շրջաբերութիւն ունեցող նիկերիական միջազգային պարբերաթերթի մը աշխատակիցն է, Զարթի՛ր–ի մասին հետեւեալը ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ, հանրութիւնը հետաքրքրող աշխարհի լաւագոյն պարբերաթերթին համար»։ Մեր պարբերաթերթերու անյագ ընթերցողներէն մէկը ըսաւ. «Անգին իմաստութեան ի՜նչ սքանչելի գոհարներ։ Չկայ զիս հետաքրքրող նիւթ մը, որու մասին գրուած չըլլայ այս [պարբերաթերթերէն] մէկուն էջերուն վրայ»։
4 Պարբերաթերթերը կը պարփակեն նիւթերու ընդարձակ շարք մը, մէջը ըլլալով՝ Աստուածաշունչը, համաշխարհային դէպքեր, ընտանիքի վերաբերեալ հարցեր, ընկերային հարցեր, պատմութիւն, գիտութիւն, անասնական եւ բուսական կեանքէն, եւ նման տեղեկութիւններ։ Վստահաբար, անհատ մը հակումը կ’ունենայ կարդալու այն բաները, որոնք իր ասպարէզին, կարիքներուն կամ պարագաներուն հետ կապ ունին։ Քանի որ շատերու կը խօսինք եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ նախընտրութիւններ եւ խնդիրներ ունի, մեր հանդիպած մարդոց հետաքրքրական յօդուածներ ընտրելը շատ ազդու կրնայ ըլլալ։
5 Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ երկու Վկաներ Զարթի՛ր, 8 Սեպտեմբեր 1996–ի թիւը ներկայացուցին թերթի մը թղթակիցներէն մէկուն։ Ան գրեց. «Նախքան որ ըսեմ՝ հետաքրքրուած չեմ, անոնցմէ մէկը ըսաւ. ‘Այս համարը Ամերիկայի Հնդիկներու մասին յօդուած մը կը պարփակէ։ Գիտենք որ այս նիւթին մասին յաճախ կը գրէք’»։ Ան պարբերաթերթը առաւ եւ նախաճաշի ժամանակ՝ Հնդիկներու մասին գրուած նիւթը կարդաց, հետագային ընդունելով որ անիկա «սքանչելի էր» եւ «բոլորովին պարկեշտ»։
6 Ձեր Թաղամասին Մէջ Մարդիկ Ի՞նչ Բանով կը Հետաքրքրուին. Վերջին ամիսներուն, պարբերաթերթերուն մէջ ի՞նչ տեսաք, որ կրնայ կոչ ընել ձեր թաղամասին մէջ գտնուող՝ խանութպաններուն եւ արհեստաւորներուն, կամ ձեր դրացիներուն, գործակիցներուն եւ դասընկերներուն։ Ի՞նչ բան մասնաւորաբար պիտի հետաքրքրէ փաստաբանները, ուսուցիչները, ընտանեկան եւ դպրոցական խորհրդատուները, պատանիներու խրատատուները, ընկերային ծառայութեան գործիչները եւ բժշկական ասպարէզին մէջ ծառայողները։ Երբ պարբերաթերթի իւրաքանչիւր համար նկատի կ’առնէք, տարբեր ենթահողերէ եղող անհատներ ի մտի ունենալը, ճշմարտութիւնը տարածելու սքանչելի կերպեր պիտի տայ ձեզի։
7 Երբ գտնէք անհատ մը որ յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի որոշ յօդուածի մը հանդէպ եւ պարբերաթերթը կ’ընդունի, կրնաք ըսել. «Հետագայ թիւի մը մէջ եթէ յօդուած մը ըլլայ որ նոյնպէս կրնայ հետաքրքրել ձեզ, ուրախութեամբ պիտի փափաքիմ ձեզի օրինակ մը բերել»։ Թերեւս անհատը կանոնաւորաբար պարբերաթերթ ստացողներու ցանկին մէջ կարենաք աւելցնել, ատենը անգամ մը անոր տանելով վերջին թիւերը։ Ասիկա ուղղակի վերայցելութեան հրաւէրի կերպ մըն է, այն անհատներուն, որոնք գլխաւորաբար հետաքրքրուած են մեր պարբերաթերթերուն մէջ լոյս տեսնող որոշ յօդուածներով։
8 Հոգեւոր Նպատակակէտ մը Ունեցէք. Քանի մը տարիներ առաջ, ասպարէզ հետապնդող մարդ մը, զինք հետաքրքրող նիւթի մը մասին Զարթի՛ր պարբերաթերթի օրինակ մը ստացաւ։ Սակայն, այս կրօնասէր մարդը, Զարթի՛ր–ի ընկերակցող Դիտարան–ի համարն ալ կարդաց, որ կը բովանդակէր նիւթ մը, որ մղեց զինք մօտէն քննելու իր բոլոր կեանքի տեւողութեան հաւատացած Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Վե՛ց ամիս վերջ ան մկրտուեցաւ։ Հետեւաբար, մի՛ վարանիք մեր պարբերաթերթերը կարդացող անհատները հոգեւոր խօսակցութեան միջամուխ դարձնելու։ Կրնաք Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը ներկայացնել եւ առաջարկել՝ որ ամէն անգամ որ պարբերաթերթի նոր համարներով պիտի վերադառնաք, քանի մը վայրկեան մէկ դաս նկատի առնէք։
9 Ուշադրութեամբ խորհեցէք թէ ձեր վերայցելութիւններէն եւ գործի բերմամբ ծանօթ եղող անհատներէն որո՛նք Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի ընթացիկ համարները շատ հաւանաբար պիտի փափաքին ունենալ։ Ապա, անկեղծ ջանք թափեցէք անոնց հասնելու։ Այս արժէքաւոր պարբերաթերթերով, կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հասէք։ Երբեք մի՛ մոռնաք, որ մինչ ճիգ կը թափէք մեծ թիւով անհատներու օգնելու որ մեր պարբերաթերթերը կարդան, ձեր ‘հացը ջուրերուն երեսին վրայ ձգած’ կ’ըլլաք։ Ժամանակի ընթացքին, ապագացու աշակերտներ գտնելու մէջ յաջողութիւն կրնաք գտնել։—Ժող. 11։1, 6