ԳՏՆՈՒԱԾ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԾԱՅԵՑԷՔ
1 Երբ մեր պարբերաթերթերը եւ ուրիշ աստուածպետական գրականութիւնները կը բաշխենք, Յիսուս Քրիստոսի յայտարարած պատգամը կը տարածենք։ Հետեւաբար պէտք է մասնայատուկ ջանք թափենք վերայցելելու ամէն անհատ որ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ։
2 Եթէ ցցուն կ’ընէք մասնայատուկ յօդուած մը Զարթի՛րին մէջ որ տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնը կը շարժէ, յօդուածէն կարգ մը կէտեր զարգացուցէք, ձեր խօսակցութիւնը կեդրոնացնելով գլխաւոր համարի մը վրայ եւ թերեւս մէկ կամ երկու պարբերութիւններու վրայ։ Եթէ հետաքրքրութիւնը շարունակուի, ցոյց տուէք թէ Զարթի՛րը կ’օգտէ ամբողջ ընտանիքին։ Իւրաքանչիւր թիւ ձեռք կ’առնէ զանազան նիւթեր, ինչպէս՝ միջավայրը, ինքնաբարելաւումը, ներկայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելը եւ պատանիները հետաքրքրող հարցումներ։ Երբ անկեղծ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, տանուտիրոջ տեղեկացուցէք թէ Զարթի՛րը բաժանորդագրութեամբ մատչելի է եւ կրնայ 12 թիւ ստանալ վեց ամսուայ ընթացքին։
3 Ի՞նչ ընել եթէ տանուտէրը չհետաքրքրուի որեւէ յօդուածով Զարթի՛րի ընթացիկ թիւին մէջ։ Քան թէ խօսակցութեան վերջ դնէք, կրնաք այս պատեհութիւնը օգտագործել տանուտիրոջ աւելի սորվեցնելու Եհովայի Վկաներուն գործին մասին, գործածելով Պատճառաբանել գրքի 206–րդ [263–րդ, Արբ.] էջին տեղեկութիւնները։
4 Եթէ նախորդ վերայցելութեան մը ընթացքին տեղաւորեցիք «Դիտարան»ի թիւ մը, գործածելով Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը եւ ցցուն ընելով «Դիտարան»ին նպատակը, երբ վերադառնաք կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Մեր նախորդ խօսակցութեան մէջ, նկատի առինք աշխարհին մէջ ներկայիս տեղի ունեցած դէպքերուն նշանակութիւնը։ Շատ մը մարդիկ երեւութապէս կորսնցուցած են իրենց հետաքրքրութիւնը Աստուծմով ու անոր չափանիշներով ապրելակերպին առնչութեամբ ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են։ Ասիկա մեծապէս ազդած է մարդոց վերաբերմունքին իրարու հանդէպ, ինչպէս որ նկարագրուած է Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ին մէջ։ Կը խորհի՞ք թէ լուրջ պատճառ կայ ապագային աւելի լաւ վիճակներ ակնկալելու»։ Մեկնաբանութեան մը համար առիթ տալէ ետք, կրնաք ուշադրութեան յանձնել Բ. Պետրոս 3։13–ը։ Ապա բացէք Պատճառաբանել գրքի 227-33 [361-7, Արբ.] էջերը եւ աչքառու դարձուցէք ինչ որ Թագաւորութիւնը մարդկութեան համար պիտի կատարէ։
5 Վերայցելութեան ատեն, թերեւս զատորոշէք թէ տանուտէրը իր կրօնքին մասին խօսելէ կը քաշուի, զգալով թէ անիկա շատ անձնական հարց մըն է։ Կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Այսքան շատ կրօնքներ ըլլալով աշխարհի մը մէջ որ երթալով կը պզտիկնայ աւելի արագ ճամբորդութեան ու հաղորդակցութեան շնորհիւ, զանազան կրօնքներու ազդեցութիւնը կը զգացուի ամէնուրեք, ատիկա ուզե՛նք կամ ոչ։ Հետեւաբար, իրարու տեսակէտները հասկնալը կրնայ առաջնորդել աւելի նշանակելից հաղորդակցութեան մը տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդոց միջեւ։ Անիկա կրնայ կրօնական հաւատալիքներու վրայ հիմնուած ատելութենէն մաս մը փարատել։ Ի՞նչ կը խորհիք»։ Մեկնաբանութեան մը համար առիթ տալէ ետք, տանուտիրոջ ուշադրութեան յանձնեցէք Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ գրքին բովանդակութեան ցանկը։
6 Թող որ ամէն ջանք թափենք վերայցելելու բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ճշմարտութեան հանդէպ եւ անոնց օգնելու յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճամբուն մէջ։—Յովհ. 4։23, 24