ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԷ՞Ք
1 Պատերազմի գացող փորձառու զինուորը ամբողջովին զինուած ու պաշտպանուած կ’ըլլայ։ Հմուտ արհեստաւորը որ կը պատրաստուի կառուցման մեծ ծրագրի մը մէջ աշխատելու, իր հետ կը տանի իրեն պէտք եղած գործիքները որպէսզի գործը կատարէ։ Դաշտի ծառայութեան միջամուխ եղող Եհովայի ծառան իր «սուրը» ձեռքը կ’ունենայ եւ հմտութեամբ զայն կը գործածէ երբ պատեհութիւնը կը հանդիսանայ։ (Եփ. 6։17) Ասիկա ճշմարի՞տ է ձեր պարագային անհատապէս։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցիք, Աստուծոյ Խօսքին թոյլ կու տա՞ք որ խօսի այնպէս որ սուրբ հոգին կարենայ ձեր ունկնդիրներուն սրտին ազդել։—Առ. 8։1, 6
2 Քարոզելը միշտ դիւրին գործ մը չէ։ Կարգ մը թաղամասերու մէջ մարդիկ քիչ անգամ տուն կը գտնուին, իսկ անոնք որոնք դուռը կը բանան, յաճախ զբաղած են եւ քիչ առիթ կու տան Աստուածաշունչի ընդարձակ խօսակցութեան մը։ Քանի որ Աստուածաշունչը մեր գլխաւոր դասագիրքն է, ի՞նչպէս կրնանք զայն աւելի գործածել ծառայութեան մէջ եւ թոյլ տալ որ անոր ներշնչուած պատգամը մեր ունկնդիրներուն ազդէ։
3 Ամէն Առիթով. Ամէն դուռի առջեւ, պիտի ուզենք Աստուածաշունչը գործածել տանուտէրը մղելու։ Պէտք է պատրաստուած ըլլանք ասիկա ընելու նոյնիսկ եթէ անհատը զբաղած է եւ բաւարար ժամանակ չկայ Աստուածաշունչը բանալու եւ մէկ կամ երկու համարներ կարդալու. կրնանք համար մը մէջբերել կամ յարասել։ Անիկա առանձին կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը կանգ առնէ ու մտիկ ընէ։—Եբր. 4։12
4 Զոր օրինակ, եթէ անպաշտօն կերպով կը ներկայացնէք Զարթի՛րի 8 Դեկտեմբեր 1993–ի թիւը իր «Աշխարհ մը Առանց Հիւանդութեան» յօդուածով, կողքին պատկերին մատնանշելէ ետք, հարց տուէք. «Կը հաւատա՞ք թէ հիւանդութիւնը վերջ մը պիտի ունենայ, ժամանակ մը երբ ամէն ոք լաւ առողջութիւն պիտի վայելէ»։ Պատասխանը ինչ որ ալ ըլլայ, կրնաք համար մը ձեր Աստուածաշունչէն ուղղակի կարդալ կամ յարասել, ինչպէս՝ Եսայեայ 33։24 կամ Յայտնութիւն 21։4։ Այս կերպով Աստուծոյ Խօսքին թոյլ կու տաք որ խօսի։
5 Վերայցելութիւններուն Ընթացքին. Պէտք է նախապատրաստուինք վերայցելութիւններ ընելէ առաջ։ Սակայն, շատ անգամ պիտի յարուցուին նիւթեր զորս չենք պատրաստած նկատի առնելու համար։ Այս պարագային Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը կրնայ փաստել որ արժէքաւոր գործիք մըն է։ Պատճառաբանել գրքէն թիկունք կանգնող համարներ մէջբերելը կամ կարդալը մարդոց պիտի օգնէ որ տեսնեն թէ մենք Աստուծոյ ծառաներն ենք ու Խօսքը չենք խարդախեր։—Բ. Կորն. 2։17
6 Երբ կը վերայցելէք ուր որ մասնայատուկ նիւթ մը նկատի չառնուեցաւ, կրնաք պարզապէս Պատճառաբանել գիրքը բանալ ու ընտրել յարմար նիւթ մը, ինչպէս՝ «Յիսուս Քրիստոս», «Վերջին Օրերը» կամ «Յարութիւն», եւ ենթագլուխներէն մէկը գործածել խօսակցութեան սկիզբ տալու։ Տանուտէրներուն կարելի է հրաւիրել որ կարգ մը համարներ իրենց Աստուածաշունչէն կարդան։ Այդ կերպով Աստուածաշունչը հետաքրքրական պիտի ըլլայ իրենց համար եւ Եհովայի սուրբ հոգին պիտի հոսի եթէ անոնք արդարութեան հանդէպ հակում ունին։
7 Բարի լուրը քարոզելու եւ ամբարիշտները ազդարարելու մեր պատասխանատուութիւնը լուրջ է։ Անիկա Եհովայի պատգամն է, մեր պատգամը չէ։ Թոյլ տուէք որ իր Խօսքը՝ հոգիին սուրը՝ ձեզի օգնէ։