ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՆՔ ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆ
1 Աստուածաշունչի աշակերտները որոնք իւրաքանչիւր շաբաթ իրենց ուսումնասիրութիւնը կը պատրաստեն, հարազատ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ուսումնասիրութեան հանդէպ եւ սովորաբար աւելի արագ հոգեւոր յառաջդիմութիւն կ’արձանագրեն քան անոնք որոնք չեն պատրաստեր։ Երբեմն աշակերտ մը չի պատրաստեր քանի որ չի գիտեր ինչպէս պատրաստել։ Թերեւս անհրաժեշտ է անոր սորվեցնել ինչպէս պատրաստել։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է ընել։
2 Սկիզբէն իսկ, ժամանակ յատկացուցէք վստահ ըլլալու որ աշակերտը կը հասկնայ թէ պատրաստութիւնը կը պարփակէ անձնական ուսումնասիրութիւն։ Շատ մը անհատներ, թէեւ կրնան կարդալ, չեն սորված ի՛նչպէս ուսումնասիրել։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Դասագիրքին 33–43 էջերը կը հայթայթեն օգտակար թելադրութիւններ զորս կրնաք պէտքին համաձայն աշակերտին հաղորդել։
3 Աշակերտին Ցոյց Տուէք Ուսումնասիրելու Արժէքը. Աշակերտին կրնաք ցոյց տալ ձեր ուսումնասիրութեան գիրքը որու մէջ գլխաւոր բառերն ու նախադասութիւնները ընդգծած էք։ Թող նկատէ ինչպէս ընդգծուած մասերուն վրայ ակնարկ մը նետելը կրնայ իրեն յիշեցնել այն գաղափարները զորս պիտի արտայայտէ իր յատուկ բառերով։ Այսպիսով ան պիտի չմղուի գրքէն երկար մասեր կարդալու երբ հարցումներուն կը պատասխանէ։ Այս ատեն պատշաճ մարզումը պիտի օգնէ իրեն որ հետագային ժողովներուն մէջ նշանակալից մեկնութիւններ ընէ։ Անոր մեկնութիւնները պիտի ցոլացնեն երախտապարտութիւն նկատի առնուած նիւթին համար եւ ապացուցանեն իր հասկացողութեան խորութիւնը։
4 Անոր Սորվեցուցէք Աստուածաշունչը Գործածել. Աշակերտը կարիքը ունի սորվելու թէ ի՛նչպէս գտնէ ուսումնասիրուելիք նիւթին մէջ ակնարկուած համարներուն տեղը։ Երբ ան կարող ըլլայ ասիկա ազդուօրէն ընելու, աւելի պիտի գնահատէ թէ ինք արդարեւ Աստուածաշունչի աշակերտ մըն է։ Թէեւ սկիզբը ան կրնայ օգտագործել Աստուածաշունչի գիրքերուն ցանկը որ առաջին էջին վրայ է, աշակերտին պէտք է քաջալերութիւն տրուի որ քաջածանօթ ըլլայ Աստուածաշունչի 66 գրքերուն շարքին հետ։ Երբ ան համար մը կը բանայ ու կը կարդայ, անոր օգնեցէք որ բնորոշէ այն մասը որ թիկունք կը կանգնի նկատի առնուած պարբերութեան մէջ յիշուած կէտին եւ չշփոթուի այն մասերով որոնք ուղղակի առնչութիւն չունին ներկայ ուսումնասիրութեան հետ։
5 Մինչ աշակերտը կը յառաջդիմէ, զինք քաջալերեցէք որ Աստուածաշունչը կարդայ սկիզբէն մինչեւ վերջ։ Շեշտեցէք թէ ամբողջ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքն է եւ թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէտք է հոգեւորապէս սնուցանուին անով։—Մատթ. 4։4. Բ. Տիմ. 3։16, 17
6 Ուրիշ Աստուածպետական Աղբիւրներ Ծանօթացուցէք. Երբ աշակերտը բաւարար չափով յառաջդիմէ, կրնայ սկսիլ ուրիշ աստուածպետական աղբիւրներ գործածել։ Զատորոշումով զինք քաջալերեցէք որ յաւելեալ տեղեկութիւններ փնտռէ Ընկերութեան այն գրականութիւններուն մէջ որոնց պիտի ծանօթանայ մինչ ժողովներուն կը յաճախէ։ Եթէ ան Անգլերէն գիտէ, անոր սորվեցուցէք ի՛նչպէս գործածել Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան մասնաւոր բաժինները, ինչպէս՝ «Աստուածաշունչի Բառերուն Ցանկը»։ Մինչ ան կը սկսի իր աստուածպետական գրադարանը կազմել, անոր ցոյց տուէք ի՛նչպէս գործածել Մանրամասն Բառացանկ, Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել, Նիւթացանկ եւ Խորաթափանց Ակնարկ գրքերը։
7 Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտներուն սորվեցնենք ինչպէս պատրաստեն իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, զիրենք զինած պիտի ըլլանք որ շարունակեն ճշմարտութեան մէջ յառաջդիմել որպէս Աստուածաշունչի ատակ աշակերտներ նոյնիսկ իրենց անձնական տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնը վերջանալէն ետք։