Պահէ՛
Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Այս յաւելուածականը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարելու մասին Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարքին գլխաւոր կէտերը։ Բոլորը կը քաջալերենք որ այս յաւելուածականը պահեն եւ զայն վերաքաղ ընեն, երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։ Ասկէ զատ, կարելի է այս յաւելուածականէն կարգ մը կէտեր ցցուն ընել դաշտի ծառայութեան ժողովներուն մէջ, իսկ ծառայութեան տեսուչը կրնայ անոր հիման վրայ դասախօսութիւններ պատրաստել, որոնք գիրքի ուսումնասիրութեան խումբերուն կը ներկայացնէ։
Մաս 1. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ է
Եթէ կանոնաւորաբար ու հետեւողական կերպով աստուածաշնչական զրոյցներ կ’ունենաս, թէեւ կարճ, գործածելով Աստուածաշունչը կամ Աստուածաշունչն ու յանձնարարուած հրատարակութիւն մը, ուրեմն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարես։ Ուսումնասիրութիւնը կարելի է տեղեկագրել, եթէ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ցուցադրելէ ետք երկու անգամ վարուի ու թուի թէ պիտի շարունակուի։—թծ 7/04 էջ 1
Յանձնարարուած հրատարակութիւններ
◼ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
◼ Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
◼ Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք
◼ Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ գրքոյկով կարելի է ուսումնասիրել անհատներու հետ, որոնք սահմանափակ ուսում կամ կարդալու կարողութիւն ունին։
Մաս 2. Ուսումնասիրութիւնը վարելու նախապատրաստուիլ
Տեղեկութիւնները պէտք է ներկայացնենք աշակերտին սիրտին դպչող կերպով։ Ասիկա կը պահանջէ լիակատար պատրաստութիւն, ի մտի ունենալով աշակերտը։—թծ 8/04 էջ 1
Ի՛նչպէս նախապատրաստուիլ
◼ Աչքէ անցուր դասին խորագիրը, ենթագլուխները եւ պատկերները։
◼ Տպուած հարցումներուն պատասխանները ստուգէ, բանալի բառերն ու արտայայտութիւնները ընդգծելով։
◼ Որոշէ ո՛ր նշուած համարները կարդալ ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Համառօտ նոթեր գրէ հրատարակութեան լուսանցքին մէջ։
◼ Գլխաւոր կէտերուն վերաբերեալ համառօտ վերաքաղ մը պատրաստէ։
Դասը յարմարցուր աշակերտին կարիքներուն
◼ Աշակերտին ու անոր կարիքներուն մասին աղօթէ։
◼ Կռահէ թէ աշակերտը ո՛ր կէտերը կրնայ դժուարաւ ըմբռնել կամ ընդունիլ։
◼ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ան հոգեւորապէս յառաջդիմելու համար, ի՞նչ բան հասկնալու կամ բարելաւելու կարիք ունի։ Ի՞նչպէս կրնամ անոր սիրտին հասնիլ’։
◼ Ի պահանջել հարկին, պատրաստէ օրինակ մը, բացատրութիւն մը կամ շարք մը հարցումներ, աշակերտին օգնելու որ որոշ կէտ մը կամ համար մը ըմբռնէ։
Մաս 3. Համարները ազդուօրէն գործածել
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու մեր նպատակն է «աշակերտել», անհատներու օգնելով որ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումները հասկնան եւ ընդունին ու կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։ (Մատթ. 28։19, 20. Ա. Թես. 2։13) Հետեւաբար ուսումնասիրութիւնը Սուրբ Գրութիւններուն վրայ պէտք է կեդրոնանայ։—թծ 11/04 էջ 4
Աստուծոյ Խօսքէն ուսուցանէ
◼ Աշակերտին ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ իր Աստուածաշունչին մէջ որոշ համարներ գտնել։
◼ Կարդա՛ ու քննարկէ այն համարները, որոնք մեր հաւատալիքներուն աստուածաշնչական հիմը ցոյց կու տան։
◼ Հարցումներ գործածէ։ Փոխանակ համարները աշակերտին բացատրելու, թող ինք զանոնք բացատրէ քեզի։
◼ Զայն պարզ պահէ։ Մի՛ փորձեր համարին բոլոր կէտերը բացատրել։ Պարփակէ միայն ինչ որ անհրաժեշտ է գաղափարը յստակացնելու համար։
◼ Գործնական կիրարկում ըրէ։ Աշակերտին օգնէ տեսնելու թէ ի՛նչպէս համարները կը կիրարկուին իրեն։
Մաս 4. Աշակերտները մարզել որ նախապատրաստուին
Այն աշակերտը որ դասը նախապէս կը կարդայ, պատասխանները կ’ընդգծէ եւ կը մտածէ թէ ի՛նչպէս կրնայ իր բառերով պատասխանել, սովորաբար հոգեւոր արագ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ։ Հետեւաբար, երբ կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի, աշակերտին հետ դաս մը պատրաստէ, մեթոտը ցոյց տալու համար։ Շատ մը աշակերտներու պարագային, ամբո՛ղջ դասը միասին պատրաստելը օգտալից է։—թծ 12/04 էջ 1
Ընդգծել եւ նոթագրել
◼ Բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնայ տպուած հարցումներուն ուղղակի պատասխանները գտնել։
◼ Աշակերտին ցոյց տուր գործածած հրատարակութիւնդ, որպէսզի տեսնէ թէ ի՛նչպէս ընդգծած ես միայն գլխաւոր բառերը կամ արտայայտութիւնները։
◼ Աշակերտին օգնէ տեսնելու թէ նշուած իւրաքանչիւր համար, պարբերութեան յիշած մէկ կէտին թիկունք կը կանգնի, եւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ իր գործածած հրատարակութեան լուսանցքին մէջ համառօտ նոթեր գրել։
Թղթատել եւ վերաքաղ ընել
◼ Աշակերտին ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ աչքէ անցընել դասին խորագիրը, ենթագլուխներն ու պատկերները, նիւթը մանրամասնօրէն պատրաստելէ առաջ։
◼ Աշակերտը քաջալերէ որ դասը պատրաստելէ ետք գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ընէ։
Մաս 5. Ո՛րքան նիւթ ծածկել
Ո՛րքան նիւթ ծածկելը կախեալ է թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ աշակերտին կարողութենէն ու պարագաներէն։—թծ 1/05 էջ 1
Հաստատ հաւատք կերտէ
◼ Աւելի կարեւոր է աշակերտին օգնել որ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն հասկնայ, քան՝ շատ նիւթ ծածկել կարճ ժամանակի մէջ։
◼ Հարկ եղած ժամանակը տրամադրէ՝ աշակերտին օգնելու որ իր սորվածը հասկնայ եւ ընդունի։
◼ Բաւական ժամանակ յատկացուր՝ ուսուցումներուն հիմը կազմող բանալի համարները նկատի առնելու համար։
Նիւթին կառչած մնացիր
◼ Եթէ աշակերտը անձնական հարցերու մասին խօսելու հակամէտ է, կարգադրէ որ անոնց մասին խօսիք ուսումնասիրութենէն ետք։
◼ Ուսումնասիրութեան ընթացքին շատ մի՛ խօսիր։ Յաւելեալ կէտեր կամ փորձառութիւններ յիշելը սահմանափակէ, որպէսզի աշակերտը առանց խոչընդոտի շարունակէ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգել։
Մաս 6. Երբ աշակերտը հարցում մը ուղղէ
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը հաստատուելէ ետք, սովորաբար լաւագոյն բանն է Աստուածաշունչի ուսուցումները կարգաւ նկատի առնել, փոխանակ մէկ նիւթէն միւսին ցատկելու։ Ասիկա աշակերտին կ’օգնէ ճշգրիտ գիտութեան հաստատ հիմ դնելու եւ հոգեւորապէս յառաջդիմելու։—թծ 2/05 էջ 6
Խորատես եղիր
◼ Ուսումնասիրութեան նիւթին հետ առնչուած հարցումներուն՝ սովորաբար կարելի է տեղւոյն վրայ պատասխանել։
◼ Եթէ հարցումը ուսումնասիրութեան նիւթին հետ կապ չունի կամ պատասխանը պրպտում կը պահանջէ, կարելի է զայն ուրիշ ատեն նկատի առնել։ Հարցումը գրի առնելը օգտակար կրնայ ըլլալ։
◼ Եթէ աշակերտը որոշ ուսուցում մը ընդունելու դժուարութիւն ունի, իրեն հետ յաւելեալ հրատարակութիւն մը նկատի առ, որ այդ նիւթը լման կերպով կը քննարկէ։
◼ Եթէ աշակերտը տակաւին համոզուած չէ, յետաձգէ նիւթին քննարկումը եւ շարունակէ սովորական ուսումնասիրութիւնը։
Համեստ եղիր
◼ Եթէ հարցումի մը պատասխանէն վստահ չես, անձնական կարծիքդ մի՛ տար։
◼ Աստիճանաբար աշակերտին սորվեցուր պրպտում ընելու կերպը։
Մաս 7. Ուսումնասիրութենէն առաջ ու ետք՝ աղօթք մատուցանել
Որպէսզի Աստուածաշունչի աշակերտը հոգեւորապէս յառաջդիմէ, Եհովայի օրհնութիւնը էական է։ Հետեւաբար պատշաճ է որ հաստատուած ուսումնասիրութիւնը աղօթքով սկսի ու աւարտի։—թծ 3/05 էջ 4
Ի՛նչպէս աղօթքի նիւթը բանալ
◼ Կրօնասէր անհատներու պարագային, յաճախ կարելի է աղօթք մատուցանել առաջին ուսումնասիրութեան իսկ։
◼ Ուրիշներու պարագային, պէտք է զատորոշել աղօթելու յարմար ժամանակը։
◼ Սաղմոս 25։4, 5 եւ Ա. Յովհաննու 5։14–ը կրնան գործածուիլ բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ պէտք է աղօթել։
◼ Յովհաննու 15։16–ը կրնայ գործածուիլ ցոյց տալու համար թէ Եհովայի պէտք է աղօթել Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։
Աղօթքին մէջ ի՛նչ յիշել
◼ Պատշաճ է Եհովան փառաբանել որպէս ուսուցումին Աղբիւրը։
◼ Աշակերտին հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւնդ արտայայտէ։
◼ Եհովայի գործածած կազմակերպութեան հանդէպ գնահատութիւնդ յայտնէ։
◼ Եհովայէ խնդրէ որ իր սորվածները կիրարկելու համար աշակերտին թափած ջանքերը օրհնէ։
Մաս 8. Աշակերտները կազմակերպութեան ուղղել
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու մեր նպատակակէտը միայն վարդապետական տեղեկութիւններ սորվեցնել չէ, այլ՝ աշակերտներուն օգնել որ քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը կազմեն։ Ամէն շաբաթ ուսումնասիրութեան ընթացքին քանի մը վայրկեան յատկացուր՝ Եհովայի կազմակերպութեան մասին կէտ մը բացատրելու համար։—թծ 4/05 էջ 8
Ժողովքային հանդիպումները
◼ Նկարագրէ իւրաքանչիւր ժողովը։ Առաջին ուսումնասիրութենէն իսկ զինք հրաւիրէ ներկայ գտնուելու։
◼ Անոր հաղորդէ ժողովներուն մէջ ներկայացուած ուշագրաւ կէտերը։
◼ Յիշատակատօնին, համաժողովներուն եւ շրջանային տեսուչին այցելութեան հանդէպ խանդավառութիւն կերտէ։
◼ Մեր հրատարակութիւններուն բովանդակած լուսանկարները գործածէ, անոր օգնելու որ ժողովին տեղի ունեցած բաները մտապատկերէ։
◼ Զինք քաջալերէ որ Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկը կարդայ։
Տեսաերիզներ գործածէ՝ գնահատութիւն կերտելու համար
◼ Եհովայի Վկաներ—Այս անուան ետին գտնուող կազմակերպութիւնը
◼ Մեր եղբայրներու ամբողջ ընկերակցութիւնը
◼ Միացած՝ աստուածային ուսուցումով
◼ Մինչեւ երկրին ծայրերը
Մաս 9. Աշակերտները պատրաստել որ անպաշտօն կերպով վկայեն
Երբ Աստուածաշունչի աշակերտները իրենց սորված բաներուն հանդէպ սկսին հաւատք ընծայել, կը մղուին անոնց մասին խօսելու։—թծ 5/05 էջ 1
Զինք քաջալերէ որ վկայէ
◼ Ան կրնա՞յ բարեկամներ ու ընտանիքի անդամներ հրաւիրել որ ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուին։
◼ Իր գործընկերներէն, դպրոցակիցներէն կամ այլ ծանօթներէն մէկը հետաքրքրութիւն ցուցաբերա՞ծ է։
Զինք մարզէ իր հաւատալիքները բաժնելու
◼ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, որոշ կէտերու նկատմամբ աշակերտին հարցուր. ‘Աստուածաշունչը գործածելով, ընտանիքիդ ի՞նչպէս այս ճշմարտութիւնը պիտի բացատրես’։
◼ Աշակերտին օգնէ հասկնալու թէ յարգալից ու քաղցր պէտք է ըլլայ, երբ ուրիշներուն կը խօսի Աստուծոյ ու Իր նպատակներուն մասին։
◼ Աշակերտը կրնայ Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկը գործածել, իր բարեկամներուն եւ ընտանիքի անդամներուն օգնելու, որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հաւատալիքներն ու գործունէութիւնները հասկնան։
Մաս 10. Աշակերտները մարզել տունէ տուն ծառայութեան մէջ
Երէցները որոշելէ ետք թէ Աստուածաշունչի աշակերտը որակեալ է չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու, ան կրնայ ժողովքին հետ հանրային քարոզչութեան մասնակցիլ։—թծ 6/05 էջ 1
Միասնաբար նախապատրաստուիլ
◼ Նոր հրատարակիչին ցոյց տուր թէ ո՛ւր կրնայ թելադրուած ներկայացումներ գտնել։
◼ Անոր օգնէ որ տեղական թաղամասին մէջ գործնական եղող պարզ մօտեցում մը ընտրէ։
◼ Զինք քաջալերէ որ ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածէ։
◼ Միասին փորձ ըրէք։ Անոր ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ նրբանկատօրէն ձեռք առնել սովորական ընդառաջումները։
Միասնաբար քարոզել
◼ Թող աշակերտը դիտէ մինչ ձեր պատրաստած բացումը կը գործածես։
◼ Աշակերտին անձնաւորութիւնն ու կարողութիւնները նկատի առ։ Կարգ մը պարագաներուն, լաւ կ’ըլլայ որ ան ներկայացման միայն մէկ մասը ընէ։
◼ Նոր հրատարակիչին օգնէ որ ծառայութեան մասնակցելու կանոնաւոր յայտագիր մը հաստատէ։
Մաս 11. Աշակերտներուն օգնել վերայցելութիւններ ընելու
Վերայցելութեան նախապատրաստուիլը կը սկսի առաջին հանդիպումին։ Աշակերտը քաջալերէ որ իր խօսած անհատներով անկեղծօրէն հետաքրքրուի։ Աստիճանաբար զինք մարզէ որ մարդոց թոյլ տայ իրենց գաղափարները արտայայտելու, անոնց ըսածները մտիկ ընէ եւ զիրենք հետաքրքրող բաներուն ուշադրութիւն ընծայէ։—թծ 7/05 էջ 1
Վերայցելութեան նախապատրաստուիլ
◼ Առաջին հանդիպումը վերլուծէ եւ աշակերտին օգնէ որ տանտէրը հետաքրքրող նիւթ մը ընտրէ։
◼ Պատրաստէ համառօտ ներկայացում մը, որ աչքառու կը դարձնէ համար մը եւ հրատարակութեան մը մէկ պարբերութիւնը։
◼ Պատրաստէ հարցում մը, որ կարելի է ուղղել այցելութեան աւարտին։
Փութաջանութեամբ հետապնդել
◼ Աշակերտը քաջալերէ որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող բոլոր անհատներուն փութով վերադառնայ։
◼ Աշակերտին օգնէ տեսնելու թէ մարդիկ տունը գտնելը կրնայ պահանջել որ այցելելու մէջ յարատեւենք։
◼ Նոր հրատարակիչին ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ ժամադրութիւն տալ, եւ անոր օգնէ հասկնալու թէ իր խոստումը պէտք է յարգէ։
Մաս 12. Աշակերտներուն օգնել որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատեն ու վարեն
Կենսական է որ Յիսուսի քայլերուն հետեւիս, ծառայութեանդ մէջ պատշաճ օրինակ հանդիսանալով։ Ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւնդ նկատելով, աշակերտդ պիտի ըմբռնէ թէ վերայցելութիւններ ընելու նպատակն է՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։—թծ 8/05 էջ 1
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել
◼ Աշակերտին բացատրէ թէ ընդհանրապէս անհրաժեշտ չէ որ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը մանրամասնօրէն նկարագրենք։
◼ Յաճախ լաւագոյն կերպն է ուսումնասիրութիւնը ցուցադրել, հրատարակութենէ մը մէկ կամ երկու պարբերութիւն գործածելով։
◼ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու վերաբերեալ թելադրութիւն մը աչքէ անցուր ու փորձ ըրէ։—թծ 8/05 էջ 8. թծ 1/02 էջ 6։
Աշակերտը մարզել որ ուսուցիչ ըլլայ
◼ Աշակերտը քաջալերէ որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուի։
◼ Կարգադրէ որ նոր հրատարակիչը Աստուածաշունչի այլ ուսումնասիրութիւններու ներկայ գտնուի, ուր կրնայ ուսուցանելու մէջ պզտիկ բաժին բերել։