Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Սեպտեմբեր 12–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները (եթէ ժողովքի թաղամասին կը յարմարին), Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Թող ներկայացումներէն մէկը երէց մը ցուցադրէ, իսկ միւսը՝ պատանի մը։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, ներկայացման լաւ երեսակներէն ոմանք աչքառու դարձուր։
20 վյրկ. «Ժամանակդ իմաստութեա՛մբ գործածէ»։a Ներկաներէն խնդրէ որ խօսին թէ ի՛նչպէս ամէն օր ժամանակ կը տրամադրեն՝ Աստուածաշունչը ընթերցելու համար։ Ընտանիքներն ու անհատները քաջալերէ որ Մայիս 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը գործածեն, հոգեւոր գործունէութիւնները յայտագրելու համար։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք»։ b Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ յաւելուածականին Մաս 1 եւ 2–ի վրայ։ Կարելի է նաեւ օգտագործել Օգոստոս 2004–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 1։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը չվարած, ինչո՞ւ կարեւոր է որ լիովին նախապատրաստուիս։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչպէս տրուած թելադրութիւնները կիրարկած են։ Եզրափակէ՝ խօսելով յաւելուածականին առաջին էջի շրջանակին մասին։
Երգեցողութիւն թիւ 195 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 19–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին առաջին էջին վրայ գտնուող մասնաճիւղի նամակին գլխաւոր կէտերը նկատի առ։
20 վյրկ. ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐԻ Ի՞ՆՉ ԻՐԱԳՈՐԾԵՑԻՆՔ։ Ծառայութեան տեսուչը անցեալ ծառայութեան տարին աչքէ կ’անցընէ, ծառայութեան մէջ իրագործուած լաւ բաներուն վրայ կեդրոնանալով։ Պատշաճ գովասանք ներկայացուր։ Յիշէ մէկ կամ երկու մարզ, որոնց ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի յառաջիկայ տարուան ընթացքին։ Ռահվիրաներուն գործունէութեան մասին խօսէ, զիրենք գովելով իրենց ժրաջան աշխատանքին համար։ Խօսէ անգործունեայ անհատներուն օգնելու համար թափուած ջանքերուն լաւ արդիւնքին մասին։
15 վյրկ. «Շինեցէ՛ք զիրար»։c Ներկաներէն խնդրէ որ խօսին թէ ուրիշներու ցուցաբերած սիրալիր հետաքրքրութենէն ի՛նչպէս օգտուած են։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 26–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐՈՎ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՏԱՐԱԾԵՆՔ։ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք։ Նախ քննարկէ հետեւեալ թելադրութիւնները՝ Փետրուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն, էջ 8, պարբերութիւն 3-6. (1) Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը միասնաբար ներկայացուր։ (2) Ամէն շաբաթ մէկ օր յատկացուր պարբերաթերթով վկայելու գործունէութեան։ (3) Ամէն ամիս պարբերաթերթեր տեղաւորելու նկատմամբ անձնական նպատակակէտ մը դիր։ (4) Ամէն յարմար առիթ օգտագործէ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար։ (5) Հին թիւերն ալ տեղաւորէ։ Այս թելադրութիւնները ժողովքին կարիքին յարմարցուր։ Ապա, գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները (եթէ ժողովքի թաղամասին կը յարմարին), Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ասկէ զատ, ուշադրութեան յանձնէ երկրորդական յօդուածներ, որոնք կրնան տեղական թաղամասի մարդիկը հետաքրքրել, եւ երկրորդական յօդուածի մը վերաբերեալ ներկայացում մը ցուցադրէ։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, ներկայացման կարգ մը լաւ երեսակները աչքառու դարձուր։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 3–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 59
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Ուրիշներուն օգնէ՛ որ ‘սրտանց հնազանդին’»։d Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։
20 վյրկ. ԵՀՈՎԱՅԻ ՍԻՐՏԸ ՈՒՐԱԽԱՑՆԵՆՔ։ (Առ. 27։11) Տեսակցութիւն ունեցիր երկար ատենէ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայող երկու կամ երեք անհատներու հետ։ Իւրաքանչիւրէն խնդրէ որ մէկ կամ երկու բան պատմէ, որոնք իրեն օգնած են Եհովայի հնազանդ մնալու։ Կարելի է յիշել հետեւեալ կէտերը. Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն ուսումնասիրել, ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ, հաւատարիմ հաւատակիցներու հետ ընկերակցիլ, բոլորանուէր կերպով դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ, սրտանց աղօթել եւ վնասակար ժամանցներէ խուսափիլ։ Անոնք հնազանդութեան ի՞նչ փորձութիւններ դիմագրաւեցին, եւ ի՞նչպէս կրցան անոնց հետ գլուխ ելլել։ Անոնք ի՞նչպէս օրհնուած են իրենց հնազանդութեան շնորհիւ։
Երգեցողութիւն թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։