Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/96 էջ 3-6
  • Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 1)
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 2)
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնէ որ մկրտուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • ‘Սորվեցնելու արուեստիդ’ ուշադրութիւն ընծայէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 6/96 էջ 3-6

Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել

1 Բոլոր Քրիստոնեաներուն համար փափաքելի նպատակակէտ մըն է ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնել ու «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատները աշակերտել։ (Գործք 13։48. Մատթ. 28։19, 20) Ասիկա իրագործելու համար, Եհովայի կազմակերպութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ հոյակապ գործիք մը դրած է. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Անոր խորագիրը ուշագրաւ կը դարձնէ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մեծ կարեւորութիւնը, քանի որ յաւիտենական կեանքը Եհովայի՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ ու իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ մասին գիտութիւն ստանալէ կախեալ է։—Յովհ. 17։3

2 Գիտութիւն գիրքը ներկայիս Ընկերութեան գլխաւոր գրականութիւնն է որ կը գործածուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Զայն գործածելով, կրնանք պարզօրէն, յստակօրէն ու համառօտօրէն ճշմարտութիւնը սորվեցնել։ Ասիկա պիտի օգնէ որ սորվողներուն սրտին հասնինք։ (Ղուկ. 24։32) Անշուշտ, վարողը պէտք է ուսուցանելու ընտիր մեթոտներ գործածէ։ Ատոր համար այս ներածականը պատրաստուած է, որպէսզի թելադրութիւններ եւ վերյիշեցումներ հայթայթէ սորվեցնելու մեթոտներուն նկատմամբ, որոնք փաստած են ազդեցիկ ըլլալ։ Զատորոշութեամբ ու անհատական պարագաներուն համաձայն, կրնաք հոս ներկայացուած թելադրութիւններէն մաս մը կամ բոլորը աստիճանաբար կիրարկել։ Այս ներածականը պահեցէք ու յաճախ անոր դիմեցէք։ Անոր յիշած զանազան կէտերը կրնան ձեզի օգնել որ աւելի ազդուօրէն Գիտութիւն գիրքը գործածէք աշակերտելու համար։

3 Տան Սուրբ Գրային Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւն մը Վարեցէք. Աշակերտին հանդէպ անձնական անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցէք, զինք նկատելով հաւանական Քրիստոնեայ աշակերտ մը եւ հոգեւոր եղբայր կամ քոյր մը։ Ջերմ, բարեկամական ու խանդավառ եղէք։ Լաւ ունկնդրող մը ըլլալով, կրնաք զանիկա ճանչնալ—անոր ընկերային միջավայրը ու կեանքի պարագաները—որոնք ձեզի պիտի օգնեն որ զատորոշէք հոգեւոր գետնի վրայ անոր օժանդակելու լաւագոյն կերպը։ Յօժարակամ եղէք աշակերտին համար ձեր անձէն տալու։—Ա. Թես. 2։8

4 Անգամ մը որ ուսումնասիրութիւնը հաստատուի, նախընտրելի է որ Գիտութիւն գրքին գլուխները թիւերու շարքով ուսումնասիրուին։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ աշակերտը ճշմարտութեան մասին աստիճանաբար հասկացողութիւն ձեռք ձգէ, քանի որ գիրքը սուրբ գրային նիւթերը ամենատրամաբանական շարքով կը զարգացնէ։ Ուսումնասիրութիւնը պարզ ու հետաքրքրական պահեցէք, այնպէս որ կենսունակ ըլլայ ու յառաջ ընթանայ։ (Հռովմ. 12։11) Աշակերտին պարագաներուն ու ընդունակութեան համաձայն, կրնաք գլուխը մէկ նիստով ծածկել, մօտաւորապէս մէկ ժամուան ընթացքին, առանց աճապարելու։ Աշակերտները աւելի լաւ պիտի յառաջդիմեն, երբ թէ՛ ուսուցիչը եւ թէ աշակերտը ամէն շաբաթ ուսումնասիրութեան ժամադրութիւնը կը յարգեն։ Այսպիսով, շատ մը անհատներու պարագային, գրքին 19 գլուխները մօտաւորապէս վեց ամսուայ մէջ կարելի է ամբողջացնել։

5 Նիւթին հանդէպ հետաքրքրութիւն շարժող հակիրճ մեկնաբանութիւններով իւրաքանչիւր նիստ սկսեցէք։ Իւրաքանչիւր գլուխին խորագիրը շեշտեցէք, քանի որ անոր բնաբանն է։ Իւրաքանչիւր ենթագլուխ գլխաւոր կէտ մը աչքառու կը դարձնէ, ձեզի օգնելով որ գլուխին բնաբանին վրայ կեդրոնանաք։ Զգուշացէք շատ խօսելէ։ Փոխարէն, փորձեցէք աշակերտը մղել որ արտայայտուի։ Աշակերտին մասնայատուկ առաջնորդող հարցումներ ուղղելը, որոնք անոր գիտցածին վրայ հիմնուած են, պիտի օգնէ իրեն որ պատճառաբանէ ու շիտակ եզրակացութիւններու յանգի։ (Մատթ. 17։23–25. Ղուկ. 10։25–37. տեսէք՝ Դպրոցի Ուղեգիրքը, էջ 51, պարբերութիւն 10։) Գիտութիւն գրքին մէջ տպուած տեղեկութիւններուն սերտօրէն կառչեցէք։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելը կրնայ գլխաւոր կէտերը մթագնել ու ուսումնասիրութիւնը երկարել։ (Յովհ. 16։12) Եթէ ուսումնասիրուած նիւթին հետ կապ չունեցող հարցում մը յարուցուի, շատ մը պարագաներուն կրնաք ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան անոր պատասխանել։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ շաբթուան դասը ամբողջացնէք առանց շեղելու։ Աշակերտին բացատրեցէք որ ուսումնասիրութեան ժամանակամիջոցին վերջապէս իր անհատական հարցումներուն մեծամասնութեան պատասխան պիտի տրուի։—Տեսէք՝ Դպրոցի Ուղեգիրքը, էջ 94, պարբերութիւն 14։

6 Եթէ աշակերտը զօրաւոր կերպով կը կառչի Երրորդութեան, հոգիին անմահութեան, դժոխքի կրակին կամ ուրիշ սուտ վարդապետութիւններու, եւ Գիտութիւն գրքին տեղեկութիւնները զինք չեն գոհացներ, կրնաք իրեն տալ Պատճառաբանել գիրքը կամ ուրիշ գրականութիւն մը որ այդ նիւթը կը քննարկէ։ Անոր ըսէք որ իր կարդացածին մասին մտածելէ ետք, նիւթը իր հետ նկատի պիտի առնէք։

7 Ուսումնասիրութենէն առաջ ու անկէ վերջ Եհովայի առաջնորդութեան ու օրհնութեան համար աղօթելը առիթը կը պատուէ, անհատը յարգալից մտավիճակի մէջ կը դնէ եւ ուշադրութիւնը Եհովայի կ’ուղղէ որպէս ճշմարիտ Ուսուցիչը։ (Յովհ. 6։45) Եթէ աշակերտը տակաւին ծխախոտ կը գործածէ, վերջապէս անկէ պէտք է խնդրէք որ ուսումնասիրութեան ընթացքին չծխէ։—Գործք 24։16. Յակ. 4։3

8 Համարները, Օրինակները եւ Վերաքաղի Հարցումները Գործածելով Ազդուօրէն Սորվեցուցէք. Նիւթը նախապէս որքան ալ սերտած ըլլայ, հմուտ ուսուցիչը իւրաքանչիւր դասը դարձեալ վերաքաղ պիտի ընէ մասնայատուկ աշակերտը ի մտի ունենալով։ Ասիկա կ’օգնէ որ աշակերտին կարգ մը հարցումները ակնկալէ։ Ազդուօրէն սորվեցնելու համար, գլուխին գլխաւոր կէտերը յստակօրէն ըմբռնեցէք։ Համարները բացէք տեսնելու համար որ ինչպէ՛ս նիւթին կը կիրարկուին ու որոշեցէք ո՛ր համարները կարդալ ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Մտածեցէք թէ ինչպէ՛ս սորվեցնէք գործածելով պատկերները ու գլուխին վերջաւորութեան գտնուող վերաքաղի հարցումները։

9 Համարները ազդուօրէն գործածելով, աշակերտին պիտի օգնէք որ գնահատէ թէ ինք արդարեւ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ։ (Գործք 17։11) Գիտութիւն գրքին 14–րդ էջին վրայ գտնուող «Ձեր Աստուածաշունչը Լաւ Կերպով Գործածեցէք» շրջագիծը գործածելով, անոր սորվեցուցէք ինչպէ՛ս համարներուն տեղը գտնել։ Անոր ցոյց տուէք ինչպէ՛ս դասին մէջ մէջբերուած համարները բնորոշել։ ժամանակին ներած չափով, յիշուած համարները բացէք ու կարդացէք։ Աշակերտին թոյլ տուէք որ բացատրէ թէ համարները ինչպէ՛ս պարբերութեան գաղափարներուն թիկունք կը կանգնին կամ զանոնք կը յստակացնեն։ Համարներուն գլխաւոր մասերը շեշտեցէք, այնպէս որ դասին գլխաւոր կէտերուն պատճառները ըմբռնէ։ (Նէեմ. 8։8) Ընդհանրապէս, հարկ չկայ որ ուսուցիչը գրքին հայթայթած համարներէն զատ յաւելեալ համարներ գործածէ։ Աստուածաշունչի գրքերուն անուններն ու շարքը գիտնալու արժէքը ցոյց տուէք։ Աշակերտը կրնայ օգտուիլ կարդալով Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1991, էջ 27–30։ Երբ յարմար է, քաջալերեցէք որ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը գործածէ։ Կրնաք աստիճանաբար ցոյց տալ ինչպէ՛ս անոր զանազան երեսակները գործածել, օրինակի համար՝ լուսանցքի բացատրութիւնները ու Աստուածաշունչի բառերուն ցանկը։

10 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգիրքին 34–րդ Դասը կը բացատրէ որ օրինակները անհատին մտածելու գործողութիւնները կը շարժեն եւ նոր գաղափարներ ըմբռնելը կը դիւրացնեն։ Անոնք մտային կոչը զգացական մղումին կը միացնեն, այնպէս որ պատգամը կը հաղորդուի այնպիսի զօրութեամբ մը որ յաճախ իրողութեան պարզ խօսքերով կարելի չէ։ (Մատթ. 13։34) Գիտութիւն գիրքը ուսուցանելու բազմաթիւ օրինակներ կը բովանդակէ, որոնք պարզ բայց զօրաւոր են։ Օրինակի համար, 17–րդ գլուխին մէջ գործածուած օրինակ մը գնահատութիւն կը կերտէ թէ Եհովա հոգեւոր առումով ինչպէ՛ս Քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ ուտելիք, հագուելիք ու պատսպարան կը հայթայթէ։ Գիտութիւն գրքին գեղեցիկ պատկերները կրնան ազդուօրէն գործածուիլ զգացումները շարժելու համար։ «Բերկրալի Յարութիւնը» ենթագլուխին ներքեւ, էջ 185–ի վրայ, 18–րդ պարբերութեան ազդեցութիւնը պիտի զօրանայ, երբ աշակերտը էջ 86–ի պատկերը դարձեալ նկատի առնէ։ Ասիկա թերեւս մղէ զինք որ յարութեան մասին մտածէ որպէս իրականութիւն մը Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։

11 Աստուածաշունչի աշակերտները իւրաքանչիւր դասին միջոցաւ պէտք է հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Այս պատճառով, իւրաքանչիւր գլուխին վերջաւորութեան գտնուող «Ձեր Գիտութիւնը Փորձեցէք» շրջագծին վերաքաղի հարցումները հարցնելու մի՛ թերանաք։ Ուսումնասիրուած նիւթին մասին աշակերտէն պահանջեցէք աւելի քան մտային բացատրութիւն մը։ Այդ հարցումներէն ոմանք ծրագրուած են անհատին սրտէն անձնական պատասխան մը քաղելու համար։ Օրինակի համար, տեսէք 31–րդ էջը, ուր աշակերտին կը հարցուի. «Եհովա Աստուծոյ ո՞ր յատկութիւնները մասնաւորաբար կոչ կ’ընեն քեզի»։—Բ. Կորն. 13։5

12 Աշակերտները Մարզեցէք որ Ուսումնասիրութիւնը Պատրաստեն. Այն աշակերտը որ նախապէս դասը կը կարդայ, պատասխանները կ’ընդգծէ ու կը մտածէ ինչպէ՛ս զանոնք իր բառերով արտայայտել, հոգեւոր գետնի վրայ աւելի արագ պիտի յառաջդիմէ։ Ձեր օրինակով ու քաջալերութեամբ, կրնաք մարզել զինք որ ուսումնասիրութիւնը պատրաստէ։ Ձեր գիրքը անոր ցոյց տուէք, որու մէջ գլխաւոր բառերն ու արտայայտութիւնները ընդգծած էք։ Բացատրեցէք ինչպէ՛ս տպուած հարցումներուն ուղղակի պատասխանները գտնել։ Միասնաբար գլուխ մը պատրաստելը կրնայ աշակերտին օգտակար ըլլալ։ Զանիկա քաջալերեցէք որ իր բառերով ինքզինք արտայայտէ։ Միայն այն ժամանակ է որ յստակ կ’ըլլայ թէ ան նիւթը կը հասկնայ կամ ոչ։ Եթէ իր պատասխանը գրքէն կարդայ, կրնաք զինք մտածելու մղել հարցնելով որ գաղափարը ինչպէ՛ս իր բառերով ուրիշ անհատի մը պիտի բացատրէ։

13 Աշակերտը քաջալերեցէք որ յիշուած համարները բանայ որպէս իր շաբաթական պատրաստութեան մէկ մասը, քանի որ թերեւս ժամանակ չըլլայ ուսումնասիրութեան ընթացքին բոլոր համարները կարդալու։ Զինք գովեցէք իր թափած ջանքին համար։ (Բ. Պետ. 1։5. տեսէք՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1993, էջ 21–22, յաւելեալ թելադրութիւններու համար թէ ի՛նչ կարելի է ընել թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ աշակերտին կողմէ, որպէսզի սուրբ գրային ուսումնասիրութենէն յաւելեալ օգուտներ քաղուին։) Այս կերպով, աշակերտը կը մարզուի որ ժողովքի ժողովներուն պատրաստուի ու իմաստալից մեկնաբանութիւններ ընէ։ Ան պիտի սորվի ինչպէ՛ս անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ զարգացնել, որոնք զինք պիտի զինեն որ յարատեւէ ճշմարտութեան մէջ յառաջդիմել, Գիտութիւն գրքով իր սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնը ամբողջացնելէ ետք։—Ա. Տիմ. 4։15. Ա. Պետ. 2։2

14 Աշակերտները Եհովայի Կազմակերպութեան Ուղղեցէք. Աշակերտողին պատասխանատուութիւնն է որ աշակերտին հետաքրքրութիւնը Եհովայի կազմակերպութեան ուղղէ։ Աշակերտը աւելի արագօրէն հոգեւոր հասունութեան պիտի դիմէ եթէ ճանչնայ ու գնահատէ կազմակերպութիւնը եւ գիտակցի որ պէտք է անոր մէկ մասը ըլլայ։ Կ’ուզենք որ ան հաճոյք գտնէ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ընկերակցելու մէջ ու անձկագին սպասէ մեր հետ ըլլալու Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ուր Քրիստոնէական ժողովքին մատակարարած հոգեւոր ու զգացական աջակցութիւնը կրնայ ստանալ։—Ա. Տիմ. 3։15

15 Եհովայի Վկաները—Միացած՝ Աստուծոյ Կամքը Կատարելու Համար Համայն Աշխարհի մէջ գրքոյկը հրատարակուած է անհատներուն ծանօթացնելու համար տեսանելի միակ կազմակերպութիւնը զոր Եհովա ներկայիս կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար։ Անգամ մը որ ուսումնասիրութիւնը հաստատուի, ինչո՞ւ աշակերտին օրինակ մը չտաք։ Սկիզբէն իսկ, աշակերտը շարունակ ժողովներու հրաւիրեցէք։ Բացատրեցէք ինչպէ՛ս կը վարուին։ Անոր ըսէք ներկայացուելիք հանրային դասախօսութեան մը խորագիրը կամ ցոյց տուէք Դիտարանի Ժողովին նկատի առնուելիք յօդուածը։ Թերեւս կրնաք միասնաբար Թագաւորութեան Սրահը այցելել, երբ հոն ժողով տեղի չունենար, որպէսզի անհատը առաջին անգամ ըլլալով նոր տեղ մը երթալու նկատմամբ անհանգիստ չզգայ։ Թերեւս կրնաք առաջարկել որ զինք ժողովներու հասցնէք։ Երբ ժողովի ներկայ է, անոր բարի գալուստ մաղթեցէք։ (Մատթ. 7։12) Զինք ուրիշ Վկաներու ծանօթացուցէք, մէջը ըլլալով երէցները։ Կը յուսանք որ ան սկսի ժողովքը նկատել որպէս իր հոգեւոր ընտանիքը։ (Մատթ. 12։49, 50. Մար. 10։29, 30) Կրնաք անոր նպատակակէտ մը նշանակել, ինչպէս՝ ամէն շաբաթ մէկ ժողովի ներկայ գտնուիլ, ապա աստիճանաբար նպատակակէտը աւելցնել։—Եբր. 10։24, 25

16 Մինչ Գիտութիւն գրքով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնը կ’ընթանայ, շեշտեցէք այն բաժինները որոնք աչքառու կը դարձնեն ժողովներուն ներկայ գտնուելով ժողովքին հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելու կարիքը։ Յատկապէս նկատի առէք էջ 52, 115, 137–139, 159, ինչպէս նաեւ 17–րդ գլուխը։ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ ձեր գնահատութեան խոր զգացումները արտայայտեցէք։ (Մատթ. 24։45–47) Տեղական ժողովքին ու ժողովներուն ձեր սորվածներուն մասին դրականօրէն խօսեցէք։ (Սաղմ. 84։10. 133։1–3) Լաւ կ’ըլլայ որ աշակերտը Ընկերութեան պատկերիզները դիտէ, սկսելով Եհովայի Վկաները—Անուն մը, Կազմակերպութիւն մը պատկերիզով։ Հետաքրքրութիւնը ինչպէ՛ս կազմակերպութեան ուղղելու նկատմամբ յաւելեալ գաղափարներու համար, տեսէք Դիտարան 1 Ապրիլ 1985, էջ 15–19, եւ Ապրիլ 1993 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին ներածականը։

17 Աշակերտները Քաջալերեցէք որ Ուրիշներու Վկայեն. Մարդոց հետ ուսումնասիրելու մեր նպատակակէտն է աշակերտներ ընել որոնք Եհովայի մասին կը վկայեն։ (Եսայ. 43։10–12) Ասիկա կը նշանակէ որ ուսուցիչը պէտք է քաջալերէ աշակերտը որ Աստուածաշունչէն իր սորված բաներուն մասին ուրիշներու խօսի։ Ասիկա կարելի է ընել պարզապէս հարցնելով. «Այս ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս ընտանիքիդ կը բացատրես» կամ «Ո՞ր համարը կը գործածես այս կէտը բարեկամի մը փաստելու համար»։ Շեշտեցէք Գիտութիւն գրքին մասնայատուկ տեղերը, ուր քաջալերութիւն կը տրուի վկայելու համար, ինչպէս՝ էջ 22, 93–95, 105–106 եւ 18–րդ գլուխը։ Երբ յարմար է, կրնաք աշակերտին կարգ մը թերթիկներ տալ որպէսզի զանոնք գործածէ ուրիշներու անպաշտօն կերպով վկայելու համար։ Անոր առաջարկեցէք որ իր ընտանիքի անդամները հրաւիրէ իր ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուելու։ Ան բարեկամներ ունի՞ որոնք կը փափաքին ուսումնասիրել։ Անկէ խնդրեցէք որ հետաքրքրուած անհատները ձեզի ծանօթացնէ։

18 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին ու Ծառայութեան Ժողովին ներկայ ըլլալով, ապագացու աշակերտը կրնայ յաւելեալ մարզում ու խթան ստանալ, որոնք պիտի օգնեն իրեն որ բարի լուրի հրատարակիչ մը ըլլայ։ Երբ ան հետաքրքրուի դպրոցին մէջ արձանագրուելով կամ չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալով, Մեր Ծառայութիւնը գրքին էջ 98 եւ 99–ի (99 եւ 100, Արաբերէնով) վրայ յիշուած սկզբունքները նկատի պիտի առնուին։ Եթէ անոր կեանքի մէկ երեսակը իր որակելի ըլլալուն արգելք կը հանդիսանայ, կրնաք Ընկերութեան գրականութիւնները հետազօտել այս հարցին հետ կապ ունեցող օգնական տեղեկութիւններու համար, ապա զանոնք իր հետ բաժնել։ Օրինակի համար, աշակերտ մը թերեւս դժուարութիւն ունի ծխախոտի կամ ուրիշ թմրեցուցիչի մոլութիւնը յաղթահարելու։ Պատճառաբանել գիրքը սուրբ գրային զօրաւոր պատճառներ ցցուն կ’ընէ թէ ինչո՛ւ Քրիստոնեաները այսպիսի վնասակար սովորութիւններէ կը խուսափին, իսկ էջ 112–ի (345 եւ 346, Արաբերէնով) վրայ ցոյց կու տայ կերպ մը որ ուրիշներուն օգնած է որ ձերբազատուին։ Խնդրին մասին անհատին հետ աղօթեցէք, անոր սորվեցնելով որ օգնութեան համար Եհովայի ապաւինի։—Յակ. 4։8

19 Դիտարան 1 Ապրիլ 1996, էջ 24, պարբերութիւն 6–ին մէջ ուրուագծուած է այն կարգադրութիւնը որու պէտք է հետեւիլ որոշելու համար թէ անհատ մը հանրային ծառայութեան մասնակցելու որակելի է կամ ոչ։ Երբ աշակերտը որակելի է, օգտակար կ’ըլլայ փորձի նիստ մը ընել զինք պատրաստելու համար դաշտի ծառայութեան իր առաջին օրուան։ Դրական կերպով նկատի առէք ձեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց հակազդեցութիւններն ու առարկութիւնները։ Եթէ կարելի է, նախ տունէ–տուն գործունէութեան մասնակցեցէք, ապա աստիճանաբար զինք մարզեցէք ծառայութիւն միւս երեսակներուն մէջ։ Եթէ ձեր ներկայացումը կարճ ու պարզ պահէք, ան դիւրաւ կրնայ ընդօրինակել։ Շինիչ ու քաջալերական եղէք, ծառայութեան մէջ ուրախութիւն ցոլացնելով, այնպէս որ ան ձեր ուրախ մտավիճակը նկատէ ու ցոլացնէ։ (Գործք 18։25) Նոր աշակերտի մը նպատակակէտը պէտք է ըլլայ բարի լուրի կանոնաւոր, նախանձախնդիր հրատարակիչ մը ըլլալ։ Թերեւս կրնաք անոր օգնել որ ծառայութեան համար գործնական յայտագիր մը պատրաստէ։ Որպէսզի ան ուրիշներու վկայելու կարողութեան մէջ յառաջդիմէ, կրնաք թելադրել որ կարդայ Դիտարանի հետեւեալ թիւերը. 15 Օգոստոս 1984 էջ 15–25. 15 Յուլիս 1988 էջ 9–20. 15 Յունուար 1991 էջ 15–20 (Անգլերէնով). եւ 1 Փետրուար 1994 էջ 27–31։

20 Աշակերտները Նուիրումի եւ Մկրտութեան Մղեցէք. Պարկեշտ սիրտ ունեցող աշակերտ մը Գիտութիւն գիրքը ուսումնասիրելով բաւարար սորված պիտի ըլլայ որպէսզի Աստուծոյ նուիրուի ու մկրտութեան որակելի ըլլայ։ (Բաղդատել Գործք 8։27–39. 16։25–34։) Սակայն, նուիրուելէ առաջ, անհատը Եհովայի պէտք է յարի։ (Սաղմ. 73։25–28) Ուսումնասիրութեան ամբողջ տեւողութեան, առիթներ փնտռեցէք որ Եհովայի յատկութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն կերտէք։ Աստուծոյ հանդէպ ձեր ունեցած խոր զգացումները արտայայտեցէք։ Աշակերտին քաջալերեցէք որ Եհովայի հետ ջերմ, անձնական յարաբերութիւն մը զարգացնէ։ Եթէ ան իրապէս սկսի Աստուած ճանչնալ ու սիրել, այն ատեն հաւատարմօրէն պիտի ծառայէ Անոր, քանի որ աստուածապաշտութիւնը կապ ունի մեր զգացումներուն հետ Եհովայի հանդէպ որպէս անձ։—Ա. Տիմ. 4։7, 8. տեսէք՝ Դպրոցի Ուղեգիրքը, էջ 76, պարբերութիւն 11։

21 Ջանացէք աշակերտին սրտին հասնիլ։ (Սաղմ. 119։11. Գործք 16։14. Հռովմ. 10։10) Ան կարիքը ունի հասկնալու որ ճշմարտութիւնը ինչպէ՛ս իրեն անձնապէս կ’ազդէ եւ որոշելու թէ իր սորվածին նկատմամբ ի՛նչ պէտք է ընէ։ (Հռովմ. 12։2) Շաբաթէ շաբաթ իրեն ներկայացուած ճշմարտութեան իրապէս կը հաւատա՞յ։ (Ա. Թես. 2։13) Այդ նպատակով, կրնաք աշակերտը մղել արտայայտուելու, տեսակէտ յայտնող զատորոշիչ հարցումներ ուղղելով, ինչպէս՝ Ասոր մասին ինչպէ՞ս կը զգաս։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս կեանքիդ մէջ կիրարկել։ Անոր մեկնաբանութիւններէն կրնաք զատորոշել այն մարզը ուր աւելի օգնելու կարիքը կայ իր սրտին հասնելու համար։ (Ղուկ. 8։15. տեսէք Դպրոցի Ուղեգիրքը, էջ 52, պարբերութիւն 11։) Գիտութիւն գրքին 172 եւ 174–րդ էջերու պատկերներուն խորագիրները կը հարցնեն. «Աղօթքով Աստուծոյ նուիրումդ ըրա՞ծ ես» եւ «Ի՞նչ բան քեզ ետ կը պահէ մկրտուելէ»։ Այս հարցումները կրնան ազդուօրէն աշակերտը մղել որ գործի լծուի։

22 Դիտարան 1 Ապրիլ 1996, էջ 25, պարբերութիւն 9–ին մէջ ուրուագծուած է հետեւելիք կարգադրութիւնը, երբ չմկրտուած հրատարակիչ մը կը փափաքի մկրտուիլ։ Գիտութիւն գիրքը գրուեցաւ այն նպատակով որ անհատը զինէ պատասխանելու «Հարցումներ՝ Մկրտութիւն Փափաքողներուն» բաժնին հարցումներուն, Մեր Ծառայութիւնը գրքին ներածականին մէջ, զոր երէցները իր հետ վերաքաղ պիտի ընեն։ Եթէ Գիտութիւն գրքին տպուած հարցումներուն պատասխանները շեշտած էք, աշակերտը պէտք է լաւ պատրաստուած ըլլայ հարցումի նիստերուն, զորս երէցները պիտի վարեն առ ի պատրաստութիւն իր մկրտութեան։

23 Տան Սուրբ Գրային Ուսումնասիրութիւնը Ամբողջացնողներուն Օգնեցէք. Կ’ակնկալուի որ երբ անհատ մը Գիտութիւն գրքին ուսումնասիրութիւնը ամբողջացնէ, իր անկեղծութիւնը ու Աստուծոյ ծառայելու իր հետաքրքրութեան խորութիւնը բացայայտ եղած պիտի ըլլան։ (Մատթ. 13։23) Ատոր համար գրքին վերջին ենթագլուխը կը հարցնէ. «Ի՞նչ Պիտի Ընէք»։ Փակման պարբերութիւնները աշակերտին կոչ կ’ընեն որ կեդրոնանայ Աստուծոյ հետ իր զարգացուցած յարաբերութեան վրայ, իր սորված գիտութիւնը կիրարկելու վրայ ու Եհովայի հանդէպ իր սէրը ապացուցանելու համար արագօրէն գործի լծուելու վրայ։ Գիտութիւն գիրքը ամբողջացնող անհատներուն հետ յաւելեալ գրականութիւններ ուսումնասիրելու կարգադրութիւն չկայ։ Աստուծոյ գիտութեան չընդառաջող աշակերտին ազնուօրէն ու յստակօրէն բացատրեցէք թէ ի՛նչ պէտք է ընէ հոգեւոր գետնի վրայ յառաջդիմելու համար։ Կրնաք պարբերաբար անոր հետ կապ պահել, զինք քաջալերելով որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող քայլերը առնէ։—Ժող. 12։13

24 Ճշմարտութիւնը ընդունող ու մկրտուող նոր աշակերտը իր գիտութեան ու հասկացողութեան մէջ շատ աւելի պէտք է աճի, որպէսզի հաւատքին մէջ լիովին հաստատուի։ (Կող. 2։6, 7) Փոխանակ Գիտութիւն գիրքը ամբողջացնելէ ետք անոր տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնը շարունակելու, կրնաք ձեռնտու ըլլալ պէտք եղած որեւէ անձնական օժանդակութիւն հայթայթելու, որպէսզի հոգեւոր հասունութեան հասնի։ (Գաղ. 6։10. Եբր. 6։1) Ան ալ իր կարգին, կրնայ իր հասկացողութիւնը խորացնել Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով, Դիտարանը եւ ‘հաւատարիմ ծառայ’ին միւս գրականութիւնները անձնապէս ուսումնասիրելով, ժողովներուն համար պատրաստուելով ու անոնց յաճախելով, եւ հաւատակիցներուն հետ ճշմարտութեան մասին խօսակցելով։ (Մատթ. 24։45–47. Սաղմ. 1։2. Գործք 2։41, 42. Կող. 1։9, 10) Մեր Ծառայութիւնը գիրքը կարդալը ու անոր բովանդակած բաները կիրարկելը կենսական դեր մը պիտի խաղան որ ան աստուածպետականօրէն կազմակերպուած ըլլայ իր ծառայութիւնը լիովին կատարելու։—Բ. Տիմ. 2։2. 4։5

25 Սորվեցնելու Արուեստը Զարգացուցէք. Մեզի յանձնարարութիւն տրուած է որ ‘աշակերտենք ու սորվեցնենք’։ (Մատթ. 28։19, 20) Քանի որ սորվեցնելու արուեստը անբաժանելիօրէն աշակերտելուն հետ կապ ունի, կ’ուզենք ջանալ որպէս ուսուցիչներ բարելաւուիլ։ (Ա. Տիմ. 4։16. Բ. Տիմ. 4։2) Սորվեցնելու արուեստը ինչպէ՛ս զարգացնելու նկատմամբ յաւելեալ թելադրութիւններու համար, կրնաք հետեւեալը կարդալ. «Սորվեցնելու Արուեստը Զարգացնենք» եւ «Ձեր Ունկնդիրներուն Սրտին Հասնիլ», Դպրոցի Ուղեգիրքին մէջ, 10 եւ 15–րդ դասերը. «Ուսուցիչ, Ուսուցանել» Խորաթափանց Ակնարկ, Բ. Հատոր. ինչպէս նաեւ Դիտարանի յօդուածները՝ «Կրակի Դիմացող Նիւթերով Շինել» ու «Երբ կը Սորվեցնէք, Սրտին Հասէք», 1 Մարտ 1985. «Սուրբ Գրութիւններով Ազդուօրէն կը Պատճառաբանէ՞ք», 1 Մարտ 1986 (15 Հոկտեմբեր 1986, Արաբերէնով). եւ «Աշակերտելու մէջ Ինչպէ՛ս Ուրախութիւն Գտնել», 15 Փետրուար 1996։

26 Մինչ կը ջանաք Գիտութիւն գիրքը գործածելով աշակերտել, միշտ աղօթեցէք որ Եհովա՝ ան որ ‘կ’աճեցնէ’՝ օրհնէ ձեր ջանքերը որ Թագաւորութեան բարի լուրը մարդկային սրտերուն հասցնէք։ (Ա. Կորն. 3։5–7) Կը մաղթենք որ վայելէք այն ուրախութիւնը որ յառաջ կու գայ ուրիշներու սորվեցնելէ որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը հասկնան, գնահատեն ու կիրարկեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել