Ծառայութեան Ժողովներ Յունիս Ամսուան Համար
ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն վերաճշդումներ ընել, նկատի առնելով «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը ապա յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ համաժողովի յայտագրին աչքառու կէտերը 30 վայրկեան տեւողութեամբ վերաքաղ ընելը։ Նահանգային համաժողովի իւրաքանչիւր օրուան յայտագրին վերաքաղը պէտք է նախապէս նշանակուի երկու կամ երեք որակելի եղբայրներու, որոնք կարող պիտի ըլլան աչքառու կէտերուն վրայ կեդրոնանալ։ Այս լաւ պատրաստուած վերաքաղը ժողովքին պիտի օգնէ որ բանալի կէտերը յիշէ, անձնական կիրարկման ու դաշտին մէջ գործածելու համար։ Ունկնդիրներուն մեկնաբանութիւնները եւ պատմուած փորձառութիւնները պէտք է համառօտ ու շեշտակի ըլլան։
Յունիս 3–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Տեղական ժողովքին դաշտի ծառայութեան ամսական տեղեկագրին մասին մեկնաբանէ։
15 վյրկ. «Անոնց Հաւատքը Ընդօրինակենք»։ Հարց–պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէ հաւատքի ապացոյցները, որոնք նկատի առնուած են Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1991 թիւին 13–րդ էջի շրջագծին մէջ։ Մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ հարցազրոյց ունեցիր, ցոյց տալու համար որ ի՛նչ բան անոնց օգնած է որ երկար տարիներ Թագաւորութեան իրենց կանոնաւոր գործունէութիւնը պահպանեն։
20 վյրկ. «Յաւիտենական Կեանքի Առաջնորդող Գիտութիւնը Տարածենք»։ (1–3–րդ պարբերութիւնները) Առաջին պարբերութիւնը նկատի առ։ (Պարփակէ մեկնաբանութիւններ Դիտարան 1 Ապրիլ 1996 թիւէն, էջ 20, պարբերութիւն 11–12։) Բացատրէ որ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վերջին էջին նոր ձեւը ծրագրուած է մեզի օգնելու որ աւելի լաւ պատրաստուինք վերայցելութիւններ ընելու։ Քանի որ յաճախ իմաստութիւն է վերայցելել մէկ կամ երկու օր ետք, փոխանակ աւելի երկար ժամանակ սպասելու, միեւնոյն Ծառայութեան Ժողովին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ՛ տունէ–տուն ծառայութեան եւ թէ վերայցելութիւններու համար թելադրուած ներկայացումները։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէ 2 եւ 3–րդ պարբերութիւնները, ապա թող ցուցադրուին։ Առաջին ներկայացումը համառօտ մեկնաբանութիւններ պէտք է պարփակէ թէ ի՛նչպէս կարելի է նուիրատուութիւն ընել համաշխարհային գործունէութեան ի նպաստ։ Յօդուածին մնացեալ ներկայացումները յաջորդ երկու Ծառայութեան Ժողովներուն ընթացքին նկատի պիտի առնուին։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 10–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
8 վյրկ. Երախաները Մարզել Դաշտի Ծառայութեան մէջ։ Դասախօսութիւն՝ երէցի մը կողմէ։ Կանուխ տարիքէն, մեր զաւակները պէտք է մեզի հետ գործունեայ ըլլան ծառայութեան մէջ։ Անոնց ձեռք ձգած մարզումը եւ փորձառութիւնը հետագայ տարիներուն իրենց հաւատքին ու նախանձախնդրութեան զօրաւոր հիմ մը պիտի հայթայթեն։ Կարեւոր է որ անոնք ծառայութիւնը լուրջի առնելու եւ պատշաճօրէն վարուելու կարիքը ըմբռնեն։ Երախաները անկարգ վարքէ պէտք է խուսափին. ծառայութիւնը խաղալու ժամանակ չէ։ Լաւագոյն բանն է որ անոնք չափահասներու հետ ծառայեն։ Անոնց օգնութիւն պէտք է մատուցուի որ ներկայացումներ տալու մէջ բաժին բերեն իրենց կարողութիւններուն համաձայն։ (Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1988, էջ 15, պարբերութիւն 20, Անգլերէնով։) Ծնողները պատասխանատու են վերատեսչութիւն հայթայթելու. անոնք իրենց զաւակները դաշտի ծառայութեան ժողովներուն պէտք չէ ղրկեն առանց չափահաս անհատի մը վերահսկողութեան։ Երախաները գովեցէք, երբ լաւ արարքներ կ’ընեն։
10 վյրկ. «Յաւիտենական Կեանքի Առաջնորդող Գիտութիւնը Տարածենք»։ (4–5–րդ պարբերութիւնները) Համառօտ բացումէ մը ետք, թող ցուցադրուին 4 եւ 5–րդ պարբերութիւններուն ներկայացումները առաջին հանդիպումին ու վերայցելութեան համար։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ շուտով վերայցելեն բոլոր զանոնք որոնք Գիտութիւն գիրքը առած են։
20 վյրկ. «Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել»։ 1 եւ 2–րդ պարբերութիւններուն համաձայն բացման հակիրճ մեկնաբանութիւններ ըրէ։ Հարց–պատասխանով 3–11–րդ պարբերութիւնները ծածկէ։ Բացատրէ որ ներածականին մնացեալ բաժինը նկատի պիտի առնուի Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու Ծառայութեան Ժողովներուն մէջ։ Բոլորը քաջալերէ որ զայն պահեն։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 17–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցումի Տուփ։
15 վյրկ. «Բարեկամական Խօսակցութիւնները Կրնան Սրտին Հասնիլ»։ Հարց–պատասխանով։ Թող մէկ կամ երկու հրատարակիչներ քաջալերական փորձառութիւններ պատմեն, ցոյց տալով ի՛նչպէս բարեկամական մօտեցումով լաւ ընդառաջում ձեռք ձգած են։
20 վյրկ. «Յաւիտենական Կեանքի Առաջնորդող Գիտութիւնը Տարածենք»։ (6–7–րդ պարբերութիւնները) Շեշտէ վերայցելութիւններ ընելու նպատակակէտերը. Հետաքրքրութիւն մշակել, ուսումնասիրութիւն սկսիլ, մասնայատուկ կարգադրութիւններ ընել վերադառնալու համար։ 6 եւ 7–րդ պարբերութիւններուն ներկայացումները հակիրճօրէն վերաքաղ ընելէ ետք, թող ցուցադրուին, ցոյց տալով ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Կարդա Դիտարան 1 Ապրիլ 1996 թիւին 21–րդ էջին վրայ 17–րդ պարբերութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 24–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յուլիս 4–ի նկատմամբ դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները յիշէ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ (Կամ դասախօսութիւն մը ներկայացուցէք հետեւեալ բնաբանով՝ «Ճշմարտութեան Խօսքը Շիտակ Բացատրենք», որ հիմնուած է Դիտարան 1 Յունուար 1996–ի թիւին վրայ, էջ 29–31, Անգլերէնով։)
20 վյրկ. «Անոնց Օգնենք որ Դարձեալ Ծառայեն»։ Դասախօսութիւն եւ քննարկութիւն երէցի մը կողմէ։ Թելադրէ Դիտարան 1 Օգոստոս 1992 Անգլերէն թիւին «Ինծի Դարձէք ու Ես Ձեզի Պիտի Դառնամ» յօդուածը գործածել, անգործունեայ անհատները քաջալերելու համար։ Յիշէ մի քանի գլխաւոր կէտեր։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։