ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐԱԴԱՐՁԷՔ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ
1 Ամէն ոք որ տունէ–տուն գործին կը մասնակցի, կը փափաքի հետաքրքրուողներուն օգնել։ Այսպիսի օգնութիւն մը մատուցանելով, խոր ուրախութեան եւ գոհունակութեան փորձառութիւնը կ’ունենանք։ (Բաղդատել Սաղմոս 126։5, 6։) Ասիկա կը պահանջէ որ նախապատրաստուած ըլլանք։
2 Նախապատրաստութիւնը կը սկսի պահելով մանրամասն տեղեկութիւններ մեր տունէ–տուն արձանագրութեան մէջ։ Նոթագրեցէք նկատի առնուած նիւթը սկզբնական այցելութեան ընթացքին եւ տանուտիրոջ ընդառաջումը։ Կրնաք նաեւ նոթագրել թէ ինչպէս պիտի սկսիք խօսակցութիւնը երբ վերադառնաք։
3 Զոր օրինակ, եթէ նախապէս ակնարկած էք Տէրունական Աղօթքին եւ հիմա ի մտի ունիք տեղաւորել «Կառավարութիւն» գրքոյկը, կրնաք հակիրճօրէն ըսել ասոր նման բան մը.
◼ «Նախորդ այցելութեանս ընթացքին, խօսակցեցանք թէ ինչպէս Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ պիտի կատարուի եւ խաղաղութիւնը պիտի իրականանայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Այս գրքոյկին մէջ, հաճիք նկատի առնել թէ ինչ կ’ըսէ էջ 29–ին վրայ ուրիշ օրհնութիւններու մասին զորս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի բերէ մարդկութեան»։
4 Եթէ անհատը հակում ունի Աստուծոյ չհաւատալու, ըսէք ասոր նման բան մը.
◼ «Երբ նախապէս այցելեցի, խօսակցեցանք Պօղոսին յիշած կէտին մասին Եբրայեցիս 3։4–ին մէջ, ուր տրամաբանական պատճառներ տուաւ եզրակացնելու համար թէ պէտք է որ մտացի Շինող մը ըլլայ բոլոր բաներուն»։ Դարձեալ կարդացէք համարը եւ ակնարկեցէք Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկին 4–9–րդ էջերուն, շարունակելով ուր որ կանգ առած էիք անցեալ անգամ։ Հարցումը կարդացէք եւ յետոյ պարբերութիւնը կարդացէք, թոյլ տալով տանուտիրոջ որ հարցումին պատասխանէ։ Եթէ գործնական է, գրքոյկը իրեն ներկայացուցէք եւ տեղեկութիւնները միասնաբար նկատի առէք։
5 Ձեր առաջին այցելութեան ընթացքին, եթէ թուի թէ տանուտէրը ինքնագոհ է, նիւթական գետնի վրայ կամ ուրիշ կերպերով, կրնաք ակնարկել Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկին եւ կարդալ ինչ որ ըսուած է էջ 6–ին վրայ։ Տանուտիրոջ հարցուցէք եթէ կ’ուզէ ապրիլ գեղեցիկ դրախտային երկրի մը մէջ։ Որպէսզի անոր հետաքրքրութիւնը աւելի զատորոշէք, կրնաք անոր մեկնաբանութիւնը խնդրել քաջալերական պատկերի մը կամ արտայայտութեան մը մասին ձեր գործածած պարբերաթերթին մէջ։
6 Այս նոյն հիմնական մօտեցումը կրնաք գործածել յօդուածի մը հետ զոր կարդացած էք Դիտարանի կամ Զարթի՛րի մէջ։ Յօդուածին ակնարկեցէք ձեր վերայցելութեան ընթացքին եւ յետոյ յիշեցէք հետաքրքրական կէտ մը նոյն յօդուածին մէջ կամ ձեր հետ եղած ուրիշ թիւի մը մէջ։ Եթէ կարելի է, միասնաբար կարդացէք համար մը եւ տանուտիրոջ մեկնաբանութիւնը խնդրեցէք։
7 Երբ բաւարար հետաքրքրութիւն յայտնաբերուած է, կարելի է բաժանորդագրութիւն մը ներկայացնել։ Սովորաբար ասիկա պէտք է ընել միայն երբ տանուտէրը ցուցաբերած է հարազատ հետաքրքրութիւն պարբերաթերթերուն մի քանի թիւերուն հանդէպ։
8 Ի մտի ունեցէք ձեր նպատակակէտը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։ Սովորաբար մի քանի վերայցելութիւններ կը պահանջուին որպէսզի հետաքրքրութիւնը զարգացուի մինչեւ այդ աստիճան։ Ձեր անձնական հետաքրքրութիւնը տանուտիրոջ հանդէպ ցուցաբերեցէք վերադառնալով կարելի եղածին չափ շուտ։
9 Մեր ծանուցանած բարի լուրը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ (Ղուկ. 2։10) Երբ հետաքրքրուողներ մեր ջանքերուն կ’ընդառաջեն, ասիկա վստահաբար ուրախանալու պատճառ մըն է։ (Փիլ. 4։1) Թող որ այսպիսի ուրախութիւն մը քաղենք վերադառնալով դաշտին մէջ մեր գտած հետաքրքրուողներուն օգնելու։