Ուրախ լուրեր գրքոյկով սորվեցնել
1. Ուրախ լուրեր գրքոյկը ինչպէ՞ս պատրաստուած է։
1 Ինչպէս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յուլիս թիւին մէջ քննարկուեցաւ, ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփին մէջ կարեւոր գործիք մըն է՝ Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը։ Նշուած համարները չեն մէջբերուած, որպէսզի տանտէրը կարենայ ուղղակիօրէն Աստուածաշունչէն սորվիլ։ Մինչ մեր շատ մը ուսումնասիրութեան հրատարակութիւնները գրուած են այնպիսի կերպով մը, որ ընթերցողը առանց մէկու մը օգնութեան կարենայ կարդալ, այս հրատարակութիւնը պատրաստուած է որպէսզի վարիչի մը հետ քննարկուի։ Ուստի երբ զայն կ’առաջարկենք, պէտք է ջանանք ուսումնասիրութիւնը ցուցադրել այնպէս մը, որ տանտէրը տեսնէ թէ որքա՜ն հիանալի է Աստուածաշունչէն ուրախ լուրեր սորվիլը (Մատ. 13։44)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք առաջին հանդիպումին Ուրախ լուրեր գրքոյկը գործածել։
2 Առաջին հանդիպումին։ Կրնաս ըսել. «Մարդիկ իրենց ապագայով մտահոգուած են։ Ձեր կարծիքով պարագաները պիտի փոխուի՞ն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչին մէջ կան ուրախ լուրեր, որոնք մեզի յոյս կու տան։ Հոս կան կարգ մը հարցումներ, որոնց Աստուածաշունչը կը պատասխանէ»։ Տանտիրոջ գրքոյկը տուր եւ իրմէ խնդրէ որ ետեւի կողքէն հարցում մը ընտրէ։ Ապա դասին առաջին պարբերութիւնը գործածելով ցուցադրէ թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։ Կամ ալ կրնաս տանտիրոջ հարցնել հետաքրքրական հարցում մը՝ հիմնուելով դասի մը վրայ որ դուն կ’ընտրես, եւ ապա ցոյց տուր թէ գրքոյկը ինչպէ՛ս կրնայ իրեն օգնել որ Աստուածաշունչին պատասխանը գտնէ։ Եթէ jw.org կայքին մէջ այդ դասին շուրջ տեսաերիզ մը կայ, հրատարակիչներէն ոմանք զայն ցոյց կու տան տանտէրին՝ ներկայացումին ժամանակ։
3. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է ուսումնասիրութիւն մը վարել՝ գործածելով Ուրախ լուրեր գրքոյկը։
3 Ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս վարել։ 1) Թուագրուած սեւատիպ հարցումը կարդա՛, տանտիրոջ օգնելու համար որ գլխաւոր կէտին վրայ կեդրոնանայ։ 2) Պարբերութիւնը կարդա՛։ 3) Շեղագիր համարները կարդա՛, եւ ուղղէ այնպիսի հարցումներ, որոնք կրնան տանտիրոջ օգնել տեսնելու, թէ համարները հարցումին ինչպէ՛ս կը պատասխանեն։ Եթէ կայ տեսաերիզ մը որ հարցումին նիւթը կը քննարկէ եւ տակաւին զայն ցոյց չես տուած տանտէրին, քննարկութեան ատեն ցոյց տուր։ 4) Եթէ հարցումին տակ մէկէ աւելի պարբերութիւններ կան, 2–րդ եւ 3–րդ քայլերը կրկնէ։ 5) Վերջաւորութեան, տանտիրոջմէ խնդրէ որ սեւատիպ հարցումին պատասխանը տայ, վստահ ըլլալու համար որ ան կէտը հասկցած է։
4. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ այս թանկարժէք գործիքը հմտութեամբ գործածենք։
4 Այս թանկարժէք գործիքին քաջածանօթ եղիր։ Ամէն յարմար առիթի զայն գործածէ։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութենէ առաջ, մտածէ աշակերտին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս իրեն հետ լաւագոյն կերպով պատճառաբանել՝ դասին մէջ նշուած համարները գործածելով (Առ. 15։28. Գործք 17։2, 3)։ Մինչ փորձառութիւն եւ հմտութիւն ձեռք կը ձգես, պիտի նկատես թէ այս գրքոյկը մարդոց ճշմարտութիւնը սորվեցնելու նախասիրած գործիքներէդ մէկն է։