Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/97 էջ 4
  • Աճման Համար՝ Եհովայի Ապաւինեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աճման Համար՝ Եհովայի Ապաւինեցէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՛ս գործածել՝ «Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր» գրքոյկը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ուսումնասիրութիւններ Սկսիլ Ի՛նչ կը Պահանջէ Գրքոյկով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 8/97 էջ 4

Աճման Համար՝ Եհովայի Ապաւինեցէք

1 «Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով նոր ժողովքի մը հաստատման նպաստելու մասնայատուկ ուրախութիւնը ունեցայ։ Ասիկա աւելի քան երկու տարի ժրաջան աշխատանք պահանջեց, ինչպէս նաեւ՝ անդադար աղօթքներ եւ Եհովայի ապաւինիլ, ‘որ կ’աճեցնէ’»։ Այսպէս գրեց խղճամիտ ռահվիրայ մը, որ սորված էր աճման համար Եհովայի ապաւինելու կարիքը։ (Ա. Կորն. 3։5-9) Հոգեւոր հակում ունեցող անհատներ գտնելու մեր փնտռտուքին մէջ, մենք ալ Աստուծոյ միջամտութեան կարիքը ունինք, որպէսզի մեր ծառայութիւնը պտուղ տայ։—Առ. 3։5, 6

2 Աճումը Մշակում կը Պահանջէ. Ճշմարտութեան սերմը պէտք է մշակուի որ աճի։ Առաջին հանդիպումէն մէկ կամ երկու օր ետք վերայցելելը, յաճախ լաւ արդիւնքներ կու տայ։ Ջերմ եւ բարեկամական եղէք։ Ձգեցէք որ անհատը հանգիստ զգայ։ Խօսողը միայն դուք մի ըլլաք։ Թոյլ տուէք որ ձեզի ծանօթանայ եւ ցոյց տուէք որ իրմով հետաքրքրուած էք։

3 Յուլիսէն սկսեալ եւ մինչեւ Օգոստոսի վերջաւորութիւնը, մեզի հանդիպող մարդոց պիտի ներկայացնենք գրքոյկներ։ Սակայն, նաեւ կարիքը ունինք գտնուած հետաքրքրութիւնը եւ եղած տեղաւորումները հետապնդելու։ Ասիկա կ’ընենք վերայցելելով եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ առաջարկելով։ (Մատթ. 28։19, 20) Այս նպատակով, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կրնայ գործածուիլ ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Կրնաք հետեւեալ չորս թելադրութիւններէն օգտուիլ։

4 Եթէ խօսած էիք մէկու մը հետ որ մտահոգ էր այս աշխարհի վատթարացող վիճակներուն նկատմամբ, կրնաք խօսակցութիւնը վերսկսիլ, ըսելով.

◼ «Կը խորհիմ որ դուք ալ ինծի չափ մտահոգ էք մարդկային ընկերութեան բարոյական անկումին նկատմամբ։ Նեղացուցիչ տեղեկագրութիւններ կը լսենք ընտանեկան վայրագութեան մասին, որմէ զաւակներ, ծնողներ եւ կողակիցներ կը տառապին։ Իսկ, ըստ երեւոյթին, շատեր սուտ կը խօսին կամ կը գողնան, պարզապէս իրենց անձնական ցանկութիւնները յագեցնելու համար։ Կը խորհի՞ք որ մարդոց ապրելակերպը Աստուծոյ համար տարբերութիւն կ’ընէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուած մարդուն համար կարգ մը չափանիշներ դրաւ, որպէսզի անոնց համաձայն ապրի, իսկ անոնք իրապէս ծանր չեն»։ Կարդացէք Ա. Յովհաննու 5։3։ Ապա Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք ու բացէք դաս 10։ Կարդացէք առաջին պարբերութիւնը։ Ուշադրութեան յանձնեցէք 2-6–րդ պարբերութիւններուն սկիզբը գտնուած շեղակի բառերն ու արտայայտութիւնները, ապա տանտիրոջ հարցուցէք թէ ո՛ր սովորութիւնը կը խորհի թէ ամենէն վնասակարն է ընկերութեան։ Կարդացէք առնչակից պարբերութիւնը եւ, եթէ առիթը ներէ, նկատի առէք մէկ կամ երկու համարներ։ Եզրափակեցէք կարդալով 7–րդ պարբերութիւնը, ապա յաւելեալ խօսակցութեան համար վերայցելելու կարգադրութիւններ ըրէք։

5 Ձեր հանդիպած անհատներուն, որոնք իրենց ընտանիքով հետաքրքրուած են, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.

◼ «Կը խորհի՞ք որ տրամաբանական է ակնկալել որ Ստեղծիչը մեզի տուած ըլլայ այն գործիքները, որոնց կարիքը ունինք ընտանեկան յաջող կեանք մը շինելու համար»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ներկայացուցէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, բացէք դաս 8 եւ բացատրեցէք թէ անիկա Աստուածաշունչէն սկզբունքներ կը բովանդակէ, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին համար։ Առաջարկեցէք ցոյց տալ ինչպէ՛ս գրքոյկը Աստուածաշունչին հետ գործածել, անկէ լաւագոյն կերպով օգտուելու համար։ Գրքոյկին 2–րդ էջին վրայ գտնուող հրահանգներուն հետեւեցէք։ Կարգադրութիւններ ըրէք վերայցելելու եւ դասին ուսումնասիրութիւնը շարունակելու, կամ եթէ ամբողջացուցիք զայն, տանտիրոջ ընտրած մէկ դասը ուսումնասիրելու։

6 Հետեւեալը ուղղակի մօտեցում մըն է, զոր կրնաք գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մեր յայտագիրը առաջարկելու համար։ Ցոյց տուէք «Ի՛նչ կը Պահանջէ» գրքոյկը եւ ըսէք.

◼ «Այս գրքոյկը ուսումնասիրութեան ամփոփ դասընթացք մը կը բովանդակէ, որ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները կը բացատրէ։ Իւրաքանչիւր էջին վրայ պիտի գտնէք՝ դարեր շարունակ մարդոց մտահոգող հարցումներուն պատասխանները։ Օրինակ, ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը երկրին համար»։ Բացէք դաս 5 եւ կարդացէք դասին սկիզբը գտնուած հարցումները։ Տանտիրոջ հարցուցէք թէ ո՛ր մէկը զինք աւելի կը հետաքրքրէ, ապա անոր համապատասխան պարբերութիւն(ներ)ը կարդացէք, յարմար համարներ գործածելով։ Բացատրեցէք թէ ուրիշ հարցումներու գոհացուցիչ պատասխանները կարելի է գտնել նոյնքան դիւրաւ որքան այս մէկը։ Առաջարկեցէք դարձեալ վերադառնալ, ուրիշ հարցում եւ պատասխան նկատի առնելու համար։

7 Թերեւս նախընտրէք պարզ մօտեցում մը փորձել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, ըսելով.

◼ «Գիտէի՞ք որ միայն քանի մը վայրկեան տրամադրելով, կրնաք Աստուածաշունչի վերաբերեալ կարեւոր հարցումի մը պատասխանը գտնել։ Օրինակի համար, . . . »։ Ապա ուղղեցէք գրքոյկին դասերէն մէկուն սկիզբը գտնուող հարցումներէն մէկը, որ կը խորհիք կրնայ անհատին ուշադրութիւնը գրաւել։ Գաղափար մը առնելու համար թէ ո՛ր հարցումները կարելի է գործածել, տես՝ Մարտ 1997 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, «Համարձակութիւն Ունեցէք Վերայցելութիւններ Ընելու» խորագրով, պարբերութիւն 15 եւ 16։

8 Վերայցելութիւններ ընելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու մարտահրաւէրը ուրախութեամբ ընդունիլը, Աստուծոյ «գործակից»ներ ըլլալուն մաս կը կազմէ։ (Ա. Կորն. 3։9) Մինչ ծանր կ’աշխատինք մեր գտած հետաքրքրութիւնը մշակելու եւ աճման համար Եհովայի կ’ապաւինինք, պիտի քաղենք իսկական գոհունակութիւնը, զոր ուրիշ ո՛չ մէկ գործ կրնայ պատճառել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել