Պահեցէք
Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
Այս Յաւելուածականը Ի՛նչպէս Գործածել
Հետեւեալ ներկայացումներուն մեծամասնութիւնը յիշուած է Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին նախկին թիւերուն մէջ։ Անոնցմէ ձեր ընտրածները փորձեցէք վկայութեան գործունէութեան մէջ, եւ տեսէք թէ ի՛նչ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէք։ Այս յաւելուածականը պահեցէք, եւ անոր դիմեցէք երբ ծառայութեան համար կը պատրաստուիք։
Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ անհատի մը հետաքրքրութիւնը կրնաք արթնցնել եթէ շուտով ձեր նիւթին անցնիք։ Մասնայատուկ հարցում մը հարցուցէք, ապա սուրբ գրային հակիրճ պատասխանը կարդացէք։ Կրնաք հետեւեալ թելադրութիւնները փորձել.
«Մինչ ապագային մասին կը մտածէք, ի՞նչ կը զգաք. յոյսո՞վ՝ թէ կասկածով կը դիտէք զայն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը նախագուշակած է ներկայիս մեր տեսած խռովեցուցիչ դէպքերը եւ անոնց հետեւանքները»։—Բ. Տիմ. 3։1, 2, 5. Առ. 2։21, 22
«Ներկայիս բժշկական խնամքի նկատմամբ մարդիկ շատ մտահոգ են։ Գիտէի՞ք թէ Աստուած կը խոստանայ առողջապահական բոլոր խնդիրները վերջնականապէս լուծել»։—Եսայ. 33։24. Յայտ. 21։3, 4
«Գիտէի՞ք թէ Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ թէ ի վերջոյ ամբողջ աշխարհը միայն մէկ կառավարութեան կողմէ պիտի իշխուի»։—Դան. 2։44. Մատթ. 6։9, 10
«Եթէ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ իշխէր, վիճակները ի՞նչպէս պիտի ըլլային արդեօք»։—Սաղմ. 72։7, 8
«Շատեր իրենց սեռին, կրօնքին կամ ցեղին պատճառաւ խտրականութենէ կը տառապին։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ է Աստուծոյ զգացումը այսպիսի կանխադատութեան հանդէպ»։—Գործք 10։34, 35
«Գիտենք որ Յիսուս Քրիստոս իր օրերուն բազմաթիւ հրաշքներ գործեց։ Եթէ կարենայիք իրմէ խնդրել որ հրաշք մը եւս գործէր, ի՞նչ պիտի խնդրէիք»։—Սաղմ. 72։12-14, 16
«Մարդոց մեծամասնութիւնը ձանձրացած է խնդիրներուն մասին լսելէ։ Անոնք լուծումներու մասին կ’ուզեն լսել։ Անկասկած ձեր պարագան ալ այս է։ Բայց մեր խնդիրներուն համար իսկական լուծումներ ո՞ւր կրնանք գտնել»։—Բ. Տիմ. 3։16, 17
«Կրնա՞ք Տէրունական (կամ՝ Հայր Մեր) Աղօթքին մէջ ձեր յիշած Թագաւորութիւնը բնորոշել»։—Յայտ. 11։15
Խօսակցութիւն Հրահրող Արտայայտութիւններ
Ստորեւ յիշուած հարցումներու ցանկը, քաղուած՝ Պատճառաբանել գրքին բնաբաններէն, ցոյց կու տայ գրքին այն էջը, ուր իւրաքանչիւրին պատասխանը կը գտնուի.
Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ (98, կամ՝ 369, Արաբ.)
Ի՞նչ է մեռելներուն վիճակը։ (100, կամ՝ 370, Արաբ.)
Աստուծոյ հաւատալու հիմնաւոր պատճառներ կա՞ն։ (145, կամ՝ 71, Արաբ.)
Աստուած իրապէս կը հոգա՞յ թէ մարդուս ի՛նչ կը պատահի։ (147, կամ՝ 73, Արաբ.)
Աստուած իրակա՞ն անձ մըն է։ (147, կամ՝ 73, Արաբ.)
Բոլոր բարի մարդիկը երկի՞նք կ’երթան։ (162, կամ՝ 239, Արաբ.)
Անհատ մը իրապէս ուրախ ապագայ մը ունենալու համար երկի՞նք պէտք է երթայ։ (163, կամ՝ 240, Արաբ.)
Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուծոյ անձնական անունը գիտնալ եւ գործածել։ (196, կամ՝ 435, Արաբ.)
Յիսուս Քրիստոս իրապէս Աստուա՞ծ է։ (212, կամ՝ 415, Արաբ.)
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։ (227, կամ՝ 361, Արաբ.)
Մարդկային կեանքին նպատակը ի՞նչ է։ (243, կամ՝ 167, Արաբ.)
Ի՞նչ բան ամուսնութեան մը բարելաւման կը նպաստէ։ (253, կամ՝ 230, Արաբ.)
Բոլոր Կրօնքներն ալ Աստուծոյ ընդունելի՞ են։ (322, կամ՝ 199, Արաբ.)
Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ թէ ո՛ր կրօնքը շիտակ է։ (328, կամ՝ 204, Արաբ.)
Ներկայ աշխարհին մէջ Սատանան որքա՞ն զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է։ (364, կամ՝ 269, Արաբ.)
Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ (393, կամ՝ 65, Արաբ.)
Ինչո՞ւ այսքան շատ ամբարշտութիւն կայ։ (427, կամ՝ 247, Արաբ.)
Ո՞վ կ’իշխէ այս աշխարհին՝ Աստուա՛ծ թէ Սատանան։ (436, կամ՝ 282, Արաբ.)
Թելադրութիւններ՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ Գրքոյկը Ներկայացնելու Համար
«Անկասկած կը համաձայնիք թէ շատեր Աստուծոյ կը հաւատան։ Բոլոր իրեն հաւատացողները համաձայն են թէ Աստուած մեզմէ բան մը կը պահանջէ։ Սակայն, մարդիկ համաձայն չեն թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ»։ Ապա Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, բացէք առաջին դասը եւ զայն քննարկեցէք։
«Քանի որ ընտանեկան կեանքը այսքան շատ խնդիրներով լեցուն է, երբեք հարց տուա՞ծ էք թէ ընտանեկան ուրախութիւն ձեռք ձգելու գաղտնիքը ի՛նչ է»։ Պատասխան մը առնելէ ետք, բացատրեցէք թէ Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած ընտանեկան ուրախութեան իսկական գաղտնիքը կը յայտնէ։ Կարդացէք Եսայեայ 48։17–ն։ Ապա բացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 8–րդ դասը եւ ցոյց տուէք Աստուածաշունչէն մէջբերուած կարգ մը համարներ, որոնք վստահելի առաջնորդութիւն կը հայթայթեն ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին։ Կարդացէք դասին սկիզբը գտնուած հարցումներու ցանկը։ Հարցուցէք եթէ անհատը կը փափաքի պատասխանները կարդալ։
«Այս գրքոյկը ուսումնասիրութեան ամփոփ դասընթացք մը կը բովանդակէ, որ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները կը բացատրէ։ Իւրաքանչիւր էջին վրայ պիտի գտնէք՝ դարեր շարունակ մարդոց մտահոգող հարցումներուն պատասխանները։ Օրինակ, ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը երկրին համար»։ Բացէք 5–րդ դասը եւ կարդացէք դասին սկիզբը գտնուած հարցումները։ Տանտիրոջ հարցուցէք թէ ո՛ր մէկը զինք աւելի կը հետաքրքրէ, ապա անոր համապատասխան պարբերութիւն(ներ)ը կարդացէք, յարմար համարներ գործածելով։ Բացատրեցէք թէ ուրիշ հարցումներու գոհացուցիչ պատասխանները կարելի է գտնել նոյնքան դիւրաւ որքան այս մէկը։ Առաջարկեցէք դարձեալ վերադառնալ, ուրիշ հարցում եւ պատասխան նկատի առնելու համար։
«Ըստ ձեզի, հանրային դպրոցներուն մէջ եղած բռնութեան պատճառը ի՞նչ է։ Ծնողական մարզումի պակասին հետեւա՞նքն է։ Թէ ոչ ուրիշ բան մը, ինչպէս՝ Բանսարկուին ազդեցութիւնը»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Եթէ անհատը ըսէ՝ Բանսարկուին ազդեցութիւնը, կարդացէք Յայտնութիւն 12։9, 12–ը։ Աչքառու դարձուցէք աշխարհի մէջ խռովութիւններ յառաջացնելու մէջ Բանսարկուին դերը։ Ապա Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 4–րդ դասը բացէք եւ հարցուցէք թէ արդեօք անհատը երբեք հարց տուա՞ծ է թէ Բանսարկուն ի՛նչպէս գոյացաւ։ Սկսեցէք կարդալ եւ նկատի առնել առաջին երկու պարբերութիւնները։ Եթէ անհատը ըսէ թէ դպրոցներէն ներս բռնութեան պատճառը «ծնողական մարզումի պակասն» է, կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1-3–ը եւ նշեցէք այն նկարագրի գծերը, որոնք այս խնդրին բացայայտօրէն կը նպաստեն։ Ապա բացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 8–րդ դասը, կարդացէք 5–րդ պարբերութիւնը, եւ շարունակեցէք խօսակցութիւնը։
«Կը խորհի՞ք որ տրամաբանական է ակնկալել որ Ստեղծիչը մեզի տուած ըլլայ այն գիտութիւնը, որուն կարիքը ունինք ընտանեկան յաջող կեանք մը կերտելու համար»։ Պատասխան մը առնելէ ետք, ներկայացուցէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Բացէք 8–րդ դասը եւ բացատրեցէք թէ անիկա Աստուածաշունչէն սկզբունքներ կը բովանդակէ, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին համար։ Առաջարկեցէք ցոյց տալ ի՛նչպէս գրքոյկը Աստուածաշունչին հետ գործածել, անկէ լաւագոյն կերպով օգտուելու համար։
«Ներկայիս մեր դիմագրաւած բոլոր դժուար խնդիրներուն ի տես, կը խորհի՞ք որ աղօթքը կրնայ իսկական օգնութիւն մը ըլլալ մեզի համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Շատեր կ’ըսեն թէ աղօթքը իրենց ներքին զօրութիւն կու տայ։ [Կարդացէք Փիլիպպեցիս 4։6, 7] Բայց եւ այնպէս, անհատ մը կրնայ խորհիլ որ իր աղօթքները երբեմն անպատասխան կը մնան։ [Բացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 7–րդ դասը։] Այս գրքոյկը կը բացատրէ թէ աղօթքը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ մեզի»։
«Մեր դրացիներուն հետ կը խօսակցէինք թէ ինչո՛ւ այսքան շատ կրօնքներ կան աշխարհի մէջ։ Բայց եւ այնպէս, միայն մէկ Աստուածաշունչ գոյութիւն ունի։ Ըստ ձեզի, արդեօք ի՞նչ է կրօնքներու այս խառնակութեան պատճառը։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Բացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 13–րդ դասը, եւ բացման հարցումները կարդացէք։] Այս դասը կարդալով այդ հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ պիտի ստանաք»։
Անհատի մը Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը տալէ ետք, հարցուցէք եթէ կրնաք իրեն կարճ պարբերութիւն մը կարդալ։ Եթէ ձեզի թոյլ տայ, բացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 5–րդ դասը։ Դասին սկիզբը յիշուած հարցումներուն մատնանշեցէք, եւ իրմէ խնդրեցէք որ առաջին հարցումին պատասխանը մտիկ ընէ, մինչ առաջին պարբերութիւնը կը կարդաք։ Պարբերութիւնը կարդալէ ետք, հարցումը հարցուցէք եւ իր պատասխանը առէք։ Գրքոյկը առաջարկեցէք, եւ եթէ ընդունի, կարգադրեցէք վերադառնալ, յաջորդ երկու հարցումներուն մասին իր պատասխանը առնելու համար։
Թելադրութիւններ՝ Գիտութիւն Գիրքը Ներկայացնելու Համար
Աստուածաշունչը ձեր ձեռքը՝ սկսեցէք ըսելով. «Այսօր ձեր փողոցը գտնուող ամէն անհատի հետ Աստուածաշունչէն համար մը կը բաժնէինք։ Անիկա կ’ըսէ . . . »։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3–ը, ապա հարցուցէք. «Նկատեցի՞ք թէ ի՛նչ խոստացուած է եթէ ճշգրիտ գիտութիւնը ունենանք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Անհատ մը ուրկէ՞ կրնայ այսպիսի գիտութիւն ձեռք ձգել»։ Պատասխան մը առնելէ ետք, ցոյց տուէք Գիտութիւն գիրքը, եւ ըսէք. «Այս գիրքը կը մատնանշէ այն գիտութեան որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, պատասխանելով այն ամենէն սովորական հարցումներուն, զորս մարդիկ կը հարցնեն Աստուածաշունչի մասին»։ Ցոյց տուէք բովանդակութեան ցանկը, եւ անհատին հարցուցէք եթէ երբեք հարց տուած է այս նիւթերուն մասին։
«Հարց տուա՞ծ էք թէ արդեօք Աստուած իրապէս կը հետաքրքրուի՛ մեզ շրջապատող կամ մեր կրած անարդարութեամբ ու տառապանքով։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ տառապանքի ատեն մեզի պիտի օգնէ»։ Սաղմոս 72։12-17–էն մասեր կարդացէք։ Գիտութիւն գրքին 8–րդ գլուխը բացէք եւ մատնանշեցէք որ անիկա մխիթարիչ պատասխան մը կու տայ միլիոնաւոր մարդոց հարցումին՝ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Եթէ կարելի է, նկատի առէք 3-5–րդ պարբերութիւններուն մէջ գտնուած սուրբ գրային կարգ մը գաղափարները, կամ՝ ասիկա ըրէք վերայցելութեան։
«Մեզմէ շատեր սիրելի մը կորսնցուցած են։ Արդեօք հարց տուա՞ծ էք որ այսպիսի անձի մը դարձեալ պիտի տեսնէ՛ք կամ ոչ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Յիսուս ապացուցանեց որ մեր սիրելիները կրնան մահուընէ փրկուիլ։ [Կարդացէք Յովհաննու 11։11, 25, 44] Թէեւ ասիկա դարեր առաջ տեղի ունեցաւ, սակայն ցոյց կու տայ ի՛նչ որ Աստուած խոստացած է ընել մեզի համար»։ Բացէք Գիտութիւն գիրքը եւ կարդացէք 85–րդ էջի պատկերին խորագիրը։ Ապա ցոյց տուէք 86–րդ էջի պատկերը ու անոր մասին մեկնաբանեցէք։ Յաջորդ այցելութեան համար հիմը դրէք, հարցնելով. «Կ’ուզէ՞ք գիտնալ պատճառը թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը ծերանան ու կը մեռնին»։ Վերադարձէք նկատի առնելու համար 6–րդ գլուխը։
«Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը տենչան երկար ապրիլ»։ Պատասխան մը առնելէ ետք, բացէք Գիտութիւն գրքին 6–րդ գլուխը, եւ կարդացէք 3–րդ պարբերութիւնը։ Նշուած համարներուն մասին խօսեցէք։ Պարբերութեան վերջաւորութեան գտնուած երկու հարցումներուն ակնարկելով, տանտիրոջ հարցուցէք թէ կը փափաքի՞ պատասխանները առնել։ Եթէ համաձայն է, շարունակեցէք յաջորդ քանի մը պարբերութիւնները նկատի առնել։
«Մարդոց կը հարցնենք թէ կը հաւատա՞ն այս . . . »։ Կարդացէք Ծննդոց 1։1–ը, ապա հարցուցէք. «Այս խօսքին հետ համաձա՞յն էք»։ Եթէ անհատը համաձայն է, ըսէք. «Ե՛ս ալ։ Սակայն, կը խորհի՞ք որ եթէ Աստուած ամէն բան ստեղծած է, ուրեմն ամբարշտութեան ալ պատասխանատու է»։ Անհատին պատասխանը մտիկ ընելէ ետք, կարդացէք Ժողովողի 7։29–ն։ Բացէք Գիտութիւն գրքին 8–րդ գլուխը, եւ կարդացէք 2–րդ պարբերութիւնը։ Եթէ տանտէրը Ծննդոց 1։1–ին հետ համաձայն չէ, զինք յորդորեցէք որ Ստեղծիչի մը գոյութեան մասին ապացոյցները քննէ։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 84-86 (կամ՝ 188-189, Արաբ.)։
«Այժմու բարոյական արժէքներու արագօրէն փոխուելուն ի տես, չէ՞ք համաձայնիր որ կեանքի մէջ վստահելի առաջնորդութեան մը կարիքը ունինք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ամենահին գիրքը ըլլալով հանդերձ, Աստուածաշունչը արդիական կենցաղի եւ ընտանեկան ուրախ կեանքի համար գործնական խրատներ կու տայ»։ Ապա բացէք Գիտութիւն գրքին 2–րդ գլուխը, կարդացէք 10–րդ պարբերութենէն մինչեւ 11–րդ պարբերութեան առաջին նախադասութիւնը, պարփակելով Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ն։
«Կը փափաքի՞ք գիտնալ թէ ապագան մեզի ու երկրին համար ի՛նչ կը վերապահէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ապագան կ’ամփոփէ մէկ բառի մէջ՝ Դրախտ։ Անիկա այն վայրն է, ուր Աստուած մարդկային առաջին զոյգը դրաւ, երբ զանոնք ստեղծեց։ Նկատի առէք այս նկարագրութիւնը, որ ցոյց կու տայ թէ դրախտը ի՛նչպէս էր»։ Բացէք Գիտութիւն գրքին 8–րդ էջը ու կարդացէք 9–րդ պարբերութիւնը՝ «Կեանք՝ Դրախտին Մէջ» ենթագլուխին ներքեւ։ Ապա նկատի առէք 10–րդ պարբերութեան կէտերը եւ կարդացէք հոն նշուած համարը՝ Եսայեայ 55։10, 11–ը։ Առաջարկեցէք այս նիւթին մասին խօսակցութիւնը շարունակել, ծածկելով 11-16–րդ պարբերութիւնները։
Երբ կը վերայցելէք անոնց, որոնց Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը տուած էք, կրնաք հետեւեալը ըսել.
«Անցեալ այցելութեան, ձեզի Դիտարան պարբերաթերթը տուի։ Թերեւս նկատեցիք որ այս պարբերաթերթին լման խորագիրն է՝ Դիտարանը կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։ Այսօր ձեզի կ’ուզեմ բացատրել թէ այս Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ անիկա ի՛նչ պիտի նշանակէ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար»։ Ապա Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 6–րդ դասը բացէք, կարդացէք եւ քննարկեցէք, տանտիրոջ ժամանակին ներած չափով։
«Վերջերս ձեզի այցելեցի ու Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը տուի ձեզի։ Այս պարբերաթերթերը Աստուածաշունչին ու անոր բարոյական առաջնորդութեան հանդէպ յարգանք կը կերտեն։ Քանի որ կը խորհիմ թէ կենսական է որ ամէն անհատ Աստուծոյ Խօսքը հասկնայ, վերադարձայ ցոյց տալու համար բան մը, որ պիտի օգնէ ձեզի այդ մէկը ընելու»։ Ցոյց տուէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։
Երբ 192 էջնոց հին գրքերէն մէկը կը ներկայացնէք, կրնաք հետեւեալ ներկայացումը գործածել.
«Այսօր շատ շեշտ կը դրուի որակաւոր ուսում ձեռք ձգելու կարիքին վրայ։ Ձեր կարծիքով, անհատ մը ի՞նչ տեսակ ուսումի պէտք է հետեւի, որպէսզի կեանքի մէջ մեծագոյն երջանկութիւնն ու յաջողութիւնը ապահովէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Առակաց 9։10, 11–ը։] Այս գիրքը [ձեր ներկայացուցած գրքին խորագիրը տուէք] Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է։ Անիկա կը մատնանշէ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութեան միակ աղբիւրը»։ Գրքէն մասնայատուկ օրինակ մը ցոյց տուէք, եւ քաջալերեցէք որ անձամբ կարդայ գիրքը։
Եթէ ազդու ներկայացում մը գտած էք, որ հետաքրքրութիւն մշակելու մէջ արդիւնաբեր է, ամէն գնով շարունակեցէք զայն գործածել։ Պարզապէս զայն յարմարցուցէք ընթացիկ ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութեան։
Այլ Գրականութիւններ
Այլ գրքերու եւ գրքոյկներու համար թելադրուած ներկայացումներ կարելի է գտնել Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ին մէջ, հետեւեալ խորագրին ներքեւ.
Ներկայացումներ
Ցանկ՝ Ըստ Գրականութեան
Ուղղակի Մօտեցումը
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, փորձեցէք հետեւեալ ուղղակի մօտեցումներէն մէկը գործածել.
«Գիտէի՞ք որ միայն քանի մը վայրկեան տրամադրելով, կրնաք Աստուածաշունչէն կարեւոր հարցումի մը պատասխանը առնել։ Օրինակի համար, . . . »։ Ապա, հարցում մը հարցուցէք որ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին դասերէն մէկուն սկիզբը յիշուած է, եւ կը խորհիք որ կրնայ անհատին հետաքրքրութիւնը շարժել։
«Եկած եմ ձեզի ցոյց տալու Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութեան մեր յայտագիրը։ Զայն ցուցադրելը շուրջ հինգ վայրկեան կ’առնէ։ Կրնա՞ք հինգ վայրկեան տրամադրել»։ Եթէ պատասխանը դրական է, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին առաջին դասը գործածեցէք ուսումնասիրութիւնը ցուցադրելու համար, կարդալով միայն մէկ կամ երկու ընտրուած համարներ։ Ետքը, հարցուցէք. «Ե՞րբ 15 վայրկեան կրնաք տրամադրել, որպէսզի յաջորդ դասը նկատի առնենք»։
«Մարդոցմէ շատեր Աստուածաշունչ մը ունին, բայց չեն անդրադառնար որ անիկա կեանքի մէջ բոլորիս դիմագրաւած կարեւոր հարցումներուն պատասխանները կը պարունակէ։ Ուսումնասիրութեան օժանդակող այս գրականութիւնը [Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը] շաբաթը մօտ մէկ ժամ գործածելով, քանի մը ամիսէն Աստուածաշունչի մասին հիմնական հասկացողութիւն մը կրնաք ձեռք ձգել։ Ուրախութեամբ կրնամ ձեզի ցոյց տալ թէ այս յայտագիրը ի՛նչպէս է»։
«Այցելութեանս նպատակն է տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի դասընթացք մը առաջարկել։ Եթէ կարելի է, կը փափաքիմ ձեր ժամանակէն մի քանի վայրկեան առնել, ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս շուրջ 200 երկիրներու մէջ մարդիկ իրենց տուներուն մէջ ընտանեօք Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն։ Կրնանք այս բնաբաններէն որեւէ մէկը գործածել մեր խօսակցութեան որպէս հիմ։ [Ցոյց տուէք Գիտութիւն գրքին բովանդակութեան ցանկը։] Ասոնցմէ ո՞ր մէկը ձեզ յատկապէս կը հետաքրքրէ»։ Սպասեցէք որ անհատը ընտրութիւն մը ընէ։ Բացէք անոր ընտրած գլուխը ու առաջին պարբերութենէն իսկ ուսումնասիրութիւնը սկսեցէք։
«Ես ձրիօրէն Աստուածաշունչի դասեր կու տամ ու յայտագրիս մէջ ազատ ժամանակ ունիմ յաւելեալ աշակերտներու համար։ Ասիկա մեր գործածած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գիրքն է։ [Ցոյց տուէք Գիտութիւն գիրքը։] Դասընթացքը միայն քանի մը ամիս կը տեւէ եւ պատասխաններ կը հայթայթէ այսպիսի հարցումներու. Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Ի՞նչ կը պատահի մեր սիրելի ննջեցեալներուն։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ մօտենալ։ Կրնա՞մ ձեզի ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս կ’ուսումնասիրենք»։