Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունուարին. Որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Ժողովքներ որոնք այս գրքերէն չունին, կրնան ներկայացնել Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է, կամ՝ որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Վերայցելութիւններու ընթացքին, երբ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու միտումով, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։
◼ Յունուար 14–ով սկսող շաբաթը, Ծառայութեան Ժողովին ներկայ եղող մկրտուած բոլոր հրատարակիչները կրնան ստանալ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը, իսկ իրենց զաւակներուն համար՝ Անձնագիրը։
◼ 4 Մարտ 2002–էն սկսեալ, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է խորագրով գիրքը պիտի ուսումնասիրենք։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 3–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն ներկայացուցած նոր հանրային դասախօսութեան խորագիրն է՝ «Վտանգաւոր Աշխարհի մը Մէջ Ապահովութիւն Գտնել»։
◼ Ինչպէս ծանուցանուեցաւ 2001–ի նահանգային համաժողովին, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք խորագրով նոր գիրքը մատչելի պիտի դառնայ 2002–էն սկսեալ։ 1 Յունուար 2002–էն սկսեալ, այս գրքին ապսպրանքները Անգլերէն, Սպաներէն եւ Քորէայերէն լեզուներով, կարելի է ղրկել ժողովքին միջոցաւ։ Մինչեւ որ անոնք մատչելի ըլլան եւ առաքուին, ժողովքի ծրարումի ցանկերուն վրայ «Առկախուած» պիտի մնան։ Յաւելեալ լեզուներ հետագային պիտի ծանուցանուին։
◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Հինգշաբթի՝ Մարտ 28–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Մինչ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ. ասիկա ժամանակ պիտի տայ որ այցելուներուն բարեւենք եւ նոր հետաքրքրուած անհատները քաջալերենք։ Նկատի պէտք է առնուի խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։
◼ Հետախոյզներ եւ ուրիշներ կապի մէջ մտած են կարգ մը եղբայրներու հետ, Եհովայի Վկաներու եւ մեր կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ առնելու համար։ Անոնք խնդրած են որ փորձագիտանքի պատճեններ ամբողջացուին, մեր հաւատալիքներուն եւ ուսուցումներուն առնչակից հարցումներուն պատասխաններ հայթայթելով։ Եթէ այսպիսի անհատներ ժողովքի հրատարակիչի մը մօտենան, ան պէտք է վերակացու տեսուչին անունը տայ անոնց։ Երէցները կրնան այսպիսի պարագաներ ձեռք առնել եւ պատշաճ պատասխան մը տալ, հիմնուած՝ բոլոր երէցներու մարմիններուն ուղղուած 25 Ապրիլ 2001 թուակիր նամակին վրայ։
◼ Երբ վերակացու տեսուչը Նիւ Եորքի Հիմնարկին Հաշուեցոյցը կը ստանայ իւրաքանչիւր ամիս, հոգ պէտք է տանի որ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին եւ երկրածաւալ գործին համար եղած նուիրատուութիւններուն բոլոր ընկալագիրները ժողովքին կարդացուին, հաշիւի յաջորդ տեղեկագրին հետ։
◼ Հայերէն լեզուով Դիտարան–ը կիսամսեայ հրատարակութենէն միամսեայ հրատարակութեան փոխուեցաւ։
◼ Չինարէն եւ Պարզացուած Չինարէն լեզուներով Զարթի՛ր–ը կիսամսեայ հրատարակութենէն միամսեայ հրատարակութեան փոխուեցաւ։
◼ Գիպեմպա լեզուով Զարթի՛ր–ը միամսեայ հրատարակութենէն եռամսեայ հրատարակութեան փոխուեցաւ։
◼ Յունուար 2002–ի թիւերէն սկսեալ, Դիտարան–ը (կիսամսեայ) եւ Զարթի՛ր–ը (միամսեայ) մատչելի պիտի ըլլան Փափիամէնթօ (Գուրասօ) եւ Փափիամէնթօ (Արուպա) լեզուներով։
◼ Յունուար 2002–ի թիւէն սկսեալ, Դիտարան–ը Մորիշական Գրիօլ լեզուով մատչելի պիտի ըլլայ որպէս միամսեայ հրատարակութիւն։
◼ 1 Յունուար 2002–ի թիւէն սկսեալ, Դիտարան–ի մեծատառ տպագրութիւնը մատչելի պիտի ըլլայ Խրուաթերէն եւ Նորվեկերէն լեզուներով։
◼ Զուլու լեզուով Զարթի՛ր–ը կիսամսեայ հրատարակութենէն միամսեայ հրատարակութեան փոխուեցաւ։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Ինտոնեզերէն, Մակեդոներէն
Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Մեծատառ Տպագրութիւն—Լեհերէն, Յունարէն, Չինարէն Պարզացուած (Փինյին), Ֆրանսերէն
Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն—Աֆրիքաներէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած)
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Պատկերիզի Վրայ, Հատոր Դ.—Ամերիկեան Համրերու Լեզու