Նոր Հիմնարկներ Կազմուեցան
Դիտարան 15 Յունուար 2001–ի թիւը տեղեկագրեց այն կազմակերպուած մեթոտին մասին, որով Եհովայի Վկաները կը շարունակեն Թագաւորութեան գործը յառաջ տանիլ համայն աշխարհի մէջ։ Անիկա նաեւ բացատրեց թէ ի՛նչպէս օրինական հիմնարկներ որպէս գործիք կը գործածուին, բարի լուրի տարածումը դիւրացնելու համար։ Այսպիսի հաստատութիւններ կամ հիմնարկներ անհրաժեշտ են տեղական կամ ազգային օրէնքներուն համակերպելու համար, ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը կը պահանջէ։ (Հռովմ. 13։1) Մեր գործին այլազանութեան եւ տարողութեան պատճառաւ, Կառավարիչ Մարմինը հաւանութիւն տուած է որ յաւելեալ հիմնարկներ կազմուին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Եհովայի Վկաներու կարգ մը կարիքներուն հոգ տանելու համար։ Նոր հիմնարկները հետեւեալներն են.
Եհովայի Վկաներու Քրիստոնէական Ժողովք
Եհովայի Վկաներու Կրօնական Կարգ
Թագաւորութեան Աջակցող Սպասարկութիւններ
Ասոնք պիտի գործեն Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան եւ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողքին։ Ժողովքներ եւ հրատարակիչներ կրնան այս հիմնարկներէն նամակներ ստանալ։ Տիրոջ բոլոր ունեցածին հոգ տանելու իր նշանակումը կատարելու համար Կառավարիչ Մարմինին ըրած այս վերաճշդումներուն հետ ձեր համագործակցութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի։—Մատթ. 24։45-47