ՄԵՐ ԿԵՆՍԱՊԱՀ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
1 Պօղոս առաքեալ բարի լուրի իր ներկայացումը յարմարցուց ‘որպէսզի մէկ քանիները ապրեցնէ’։ (Ա. Կորն. 9։19–23) Նմանապէս, մենք աւելի յաջող պիտի ըլլանք մեր ծառայութեան մէջ եթէ ուշադիր ենք տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնները զատորոշելու եւ պատրաստուած ենք մեր խօսակցութիւնը անոր պէտքերուն յարմարցնելու։ Ասիկա պէտք չէ դժուար բան մը ըլլայ։
2 Ձեր անձը ներկայացնելէ ետք, կրնաք սկսիլ ասոր նման բան մը ձեր բառերով ըսելով.
◼ «Շատ մը մարդիկ կը յուսահատին նկատելով աշխարհի կառավարութիւններու ակներեւ անկարողութիւնը ընթացիկ խնդիրներուն գործնական լուծումներ հայթայթելու։ Ոմանք նոյնիսկ կառավարութիւնները կը մեղադրեն իրենց խնդիրներուն համար։ Կը խորհի՞ք թէ կառավարութիւն մը կրնայ ըլլալ որ ատակօրէն կարող է մեր բոլոր կարիքներուն հոգ տանիլ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Գիտէ՞ք թէ կառավարութեան մը մասին վստահելի խոստում ունինք, որ մեր դիմագրաւած բոլոր խնդիրներուն որոշապէս վերջ պիտի դնէ»։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք տանուտիրոջ պատասխանին։ Անոր ըսածին համաձայն, պատրաստ եղէք զանազան ներկայացումներէն մէկը գործածելու։
3 Եթէ յայտնի ըլլայ տանուտիրոջ մեկնաբանութիւններէն թէ ան կը դաւանի Քրիստոնեայ մը ըլլալ, այն ատեն կրնանք հարց տալ եթէ ան կ’աղօթէ «Հայր Մեր»ը կամ Տէրունական Աղօթքը։ Եթէ ան դրական պատասխանէ, կրնանք արտասանել տիպար աղօթքը մինչեւ այն կէտը ուր կ’ըսէ. «Քու Թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթ. 6։9, 10) Ասիկա կը փաստէ թէ օր մը Եհովայի կամքը պիտի ըլլայ հոս երկրի վրայ։ Ապա պատմեցէք թէ ինչպէս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այն կառավարութիւնն է զոր ան պիտի գործածէ մարդկութեան խնդիրները լուծելու։
4 Եթէ տանուտէրը Աստուծոյ հանդէպ հաւատք չունի, կրնաք ակնարկել Եբրայեցիս 3։4–ին։ Ապա կրնաք այս սկզբունքը կիրարկել. ինչ որ շինուած է շինող մը կը պահանջէ։ Ուստի, շինուած բանը որքան աւելի բարդ ըլլայ, շինողը այնքան աւելի կարող պէտք է ըլլայ։ Ետքը կրնաք հարց տալ. «Քանի որ պարզ բաները շինող մը կը պահանջեն, տրամաբանական չէ՞ որ բարդ բաները ա՛լ աւելի մտացի շինող մը պահանջեն»։
5 Եթէ տանուտէրը գոհ երեւնայ իր կեանքի վիճակէն, կրնաք այս հարցումը յարուցանել.
◼ «Ինչո՞ւ լրջօրէն պէտք է նկատի առնենք ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ կառավարութեան ապագային մասին»։ Յետոյ կրնանք գործածել Պատճառաբանել գրքին էջ 154 եւ 155–ի [էջ 159 եւ 160, Արբ.] տեղեկութիւնները, հակիրճօրէն յիշելով հոն հայթայթուած ութը պատճառներէն մէկը կամ աւելի։ Եթէ տանուտէրը հետաքրքրութիւն ապացուցանէ, գործածեցէք կարգ մը կէտեր զորս սորված էք Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկէն, սկսելով առաջին պարբերութենէն էջ 2–ին վրայ, խօսակցութիւնը զարգացնելու համար։
6 Ձեր առաջին այցելութիւնը ամբողջովին յաջող պիտի չըլլայ եթէ տանուտիրոջ ախորժակը չսրէք ուրիշ այցելութեան մը համար։ Ուստի, վստահ եղէք հետաքրքրական հարցում մը ուղղելու եւ խոստանալու որ անոր պատասխանէք երբ վերադառնաք։
7 Վերոյիշեալ նիւթէն, ընտրեցէք ինչ որ հանգիստ կը զգաք ըսելու։ Այս թելադրութիւնները ձեր թաղամասերուն յարմարցուցէք։ Քաջածանօթ եղէք գրքոյկներուն, թերթիկներուն եւ պարբերաթերթերուն, այնպէս որ կարենաք շուտով ձեր խօսակցութիւնը յարմարցնել տանուտիրոջ կարիքներուն։ Թող որ բոլորս ալ փութաջանօրէն պատրաստենք մեր ներկայացումները ‘բարի լուրին համար’ եւ այսպիսով այս կենսապահ ծառայութեան յաջողութեամբ մասնակցինք։—Ա. Կորն. 9։23