Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/99 էջ 4
  • «Նիւթին Անցնինք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Նիւթին Անցնինք»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԵՐ ԿԵՆՍԱՊԱՀ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՍՈՐՎԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ՝ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝ ՄԱՍԻՆ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Պարբերաթերթի ներկայացում մը ի՛նչպէս պատրաստել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնին հետեւէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 7/99 էջ 4

«Նիւթին Անցնինք»

1 Բնաւ պատահա՞ծ է որ տանտէր մը ձեր բծախնդրութեամբ պատրաստած ներկայացումը ընդմիջէ, ըսելով. «Նիւթին անցէ՛ք։ Ի՞նչ կ’ուզէք»։ Այսպիսի փորձառութենէ մը ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

2 Այսօր, շատեր անհամբեր են։ Անոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ՝ ո՛վ ենք, եւ ինչո՛ւ եկած ենք։ Երբ գիտնան թէ մեր այցելութեան նպատակն է Աստուածաշունչէն խօսիլ, թերեւս մերժեն մտիկ ընել։ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը եւ հոգեւոր խօսակցութիւնները շատերուն կեանքին մէջ կարեւոր բաներ չեն։ Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի տանտէրները համոզել, թէ հարկ է քանի մը վայրկեան տրամադրել, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած նիւթ մը նկատի առնելու համար։

3 Լաւագոյն Արդիւնք Տուող Կերպը. Լաւագոյն կերպն է տանտիրոջ ցոյց տալ որ Աստուածաշունչը գործնական լուծումներ կը հայթայթէ զինք մտահոգող խնդիրներուն, եւ ասիկա կարելի եղածին չափ քիչ բառերով ըսել։ Ամենէն ազդու ներկայացումները կը բովանդակեն տանտիրոջ միտքը գրգռելու համար ծրագրուած մասնայատուկ հարցում մը, որուն կը յաջորդէ հարցումին պատասխան տուող սուրբ գրային համար մը։ Թերեւս ուզէք հետեւեալ կարգ մը թելադրութիւնները փորձել։ Անոնք ծրագրուած են մեզի օգնելու որ շուտով «նիւթին անցնինք», տանտիրոջ հետաքրքրութիւնն ալ արթնցնելով։

4 Թաղամասերու մէջ ուր մարդիկ յաճախ կ’ըսեն թէ հետաքրքրուած չեն, հարցում մը հարցուցէք որ անհատապէս կը հետաքրքրէ զիրենք.

◼ «Մինչ յաջորդ հազարամեակին կը մօտենանք, ի՞նչ կը զգաք. յոյսո՞վ՝ թէ կասկածով կը դիտէք զայն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը նախագուշակած է ներկայիս մեր տեսած խռովեցուցիչ դէպքերը եւ անոնց հետեւանքները»։ Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2, 5 եւ Առակաց 2։21, 22։

◼ «Մեր երկրին մէջ բժշկական խնամքի նկատմամբ մարդիկ շատ մտահոգ են։ Գիտէի՞ք թէ Աստուած կը խոստանայ առողջապահական բոլոր խնդիրները վերջնականապէս լուծել»։ Կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4։

◼ «Եթէ այս շրջանին մէջ բոլոր բնակողները Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկեն, ըստ ձեզի ասիկա օգուտ մը կրնա՞յ ունենալ»։ Կարդացէք Մատթէոս 22։37-39։

5 Քանի որ մեզի յանձնարարութիւն տրուած է Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, երբ կարելի ըլլայ ուշադրութիւնը պիտի ուղղենք Թագաւորութեան իրագործելիք բաներուն։ Կրնաք ըսել.

◼ «Գիտէի՞ք որ աշխարհի հնագոյն մատեանը՝ Աստուածաշունչը, նախագուշակած է թէ բոլոր երկրի վրայ մէկ կառավարութիւն պիտի ըլլայ»։ Կարդացէք Դանիէլ 2։44։

◼ «Եթէ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ իշխէր, վիճակները ի՞նչպէս պիտի ըլլային արդեօք»։ Կարդացէք Սաղմոս 72։7, 8։

6 Այն թաղամասերու մէջ, ուր մարդիկ կրօնասէր են, կրնաք հետեւեալ մօտեցումներէն մէկը փորձել.

◼ «Շատեր իրենց սեռին, կրօնքին կամ մորթի գոյնին պատճառաւ խտրականութենէ կը տառապին։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ է Աստուծոյ զգացումը այսպիսի կանխադատողութեան հանդէպ»։ Կարդացէք Գործք 10։34, 35։

◼ «Գիտենք որ Յիսուս Քրիստոս իր օրերուն բազմաթիւ հրաշքներ գործեց։ Եթէ կարենայիք իրմէ խնդրել որ հրաշք մը եւս գործէր, ի՞նչ պիտի խնդրէիք»։ Կարդացէք Սաղմոս 72։12-14, 16։

7 Եթէ տանտէրը դուռը բանալու կը վարանի, կրնաք խօսակցութիւն մը սկսիլ ըսելով.

◼ «Շատեր ձանձրացած են խնդիրներուն մասին լսելէ։ Անոնք լուծումներու մասին կ’ուզեն լսել։ Անկասկած ձեր պարագան ալ այս է։ Բայց մեր խնդիրներուն համար իսկական լուծումներ ո՞ւր կրնանք գտնել»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։

8 Ինչո՞ւ Զայն Չփորձէք. Յաճախ, պարզ ու հակիրճ հարցում մը բաւարար է տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար։ Նախապէս հակառակող կին մը, երկու քոյրեր տունէն ներս հրաւիրեց, երբ անոնցմէ մէկը իրեն հարցուց. «Կրնա՞ք Տէրունական Աղօթքին մէջ ձեր յիշած Թագաւորութիւնը բնորոշել»։ Հարցումը կնոջ հետաքրքրութիւնը շարժեց եւ ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Ներկայիս ան Եհովայի նուիրուած ծառայ մըն է։

9 Երբ տանտիրոջ մը հետ կը խօսիք, ձեր արտայայտութիւնները անկեղծ թող ըլլան։ Ձեր սրտէն խօսեցէք։ Աւելի հաւանական է որ մարդիկ նպաստաւոր կերպով ընդառաջեն, երբ համոզուին թէ մենք իրապէս իրենցմով հետաքրքրուած ենք։—Գործք 2։46, 47

10 Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը ներկայիս մարտահրաւէր մըն է։ Տանտէրներէն ոմանք օտարներուն վրայ վստահութիւն չունին։ Ուրիշներ հեւ ի հեւ կեանք մը կը վարեն եւ ազատ ժամանակ չունին։ Սակայն, կրնանք վստահ ըլլալ որ տակաւին արժանի եղող շատեր կան, զորս պէտք է փնտռենք։ (Մատթ. 10։11) Զանոնք փնտռելու մեր ջանքերը հաւանաբար աւելի յաջողութեամբ պսակուին, եթէ մեր ներկայացումները հակիրճ ըլլան եւ ուղղակի «նիւթին անցնինք»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել