Պարբերաթերթի ներկայացում մը ի՛նչպէս պատրաստել
1. Ինչո՞ւ նախընտրելի է պարբերաթերթի անձնական ներկայացում մը պատրաստել, քան՝ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ նշուած նմոյշ մը բառ առ բառ գոց սորվիլ։
1 Թերեւս հարց տաս. ‘Ինչո՞ւ պարբերաթերթի ներկայացում մը պէտք է պատրաստեմ, երբ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին իւրաքանչիւր թիւին մէջ ներկայացումներ լոյս կը տեսնեն’։ Թէեւ շատեր այս ներկայացումի նմոյշները օգտակար գտած են, բայց տակաւին անհատական պատրաստութիւն տեսնելու հարկ կայ։ Թաղամասի մը մէջ ազդու եղող ներկայացումը, այլ թաղամասի մէջ կրնայ գործնական չըլլալ։ Հետեւաբար, պարտաւոր չզգանք թէ պարբերաթերթերը ներկայացնելու ժամանակ՝ բառ առ բառ պէտք է հետեւինք ներկայացումի նմոյշներուն։ Նոյնիսկ եթէ ներկայացումի մէկ նմոյշը պիտի գործածենք, լաւ կ’ըլլայ որ գաղափարները մեր բառերով արտայայտենք։
2. Ի՞նչպէս կ’որոշես աչքառու դարձուելիք յօդուածը։
2 Յօդուած մը ընտրէ. Ամբողջ պարբերաթերթը կարդալէ ետք, ընտրէ յօդուած մը որ թաղամասիդ կը յարմարի եւ զայն յատկապէս սիրեցիր։ Յօդուածը ներկայացնելու ատեն ցուցաբերած համոզումդ ու խանդավառութիւնդ կրնայ տանտէրը մղել որ ինքն ալ փափաքի զայն կարդալ։ Թէեւ թաղամասիդ մեծ մասը հետաքրքրող յօդուած մը աչքառու պիտի դարձնես, բայց պարբերաթերթին մնացեալ յօդուածներուն ալ քաջածանօթ եղիր։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ ներկայացումդ փոխես, եթէ հանդիպիս մէկու մը որ տարբեր նիւթով հետաքրքրուած է։
3. Լաւագոյն արդիւնքը քաղելու համար ինչպիսի՞ բացում կը գործածես։
3 Հարցում մը ուղղէ. Յաջորդ քայլն է՝ բացման խօսքերը ուշադրութեամբ պատրաստել։ Բացման խօսքերդ կարեւոր են։ Կրնաս տանտիրոջ ուղղել միտք գրգռող հարցում մը, ընտրած յօդուածիդ հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար։ Տեսակէտ պարզող հարցումները սովորաբար շատ գործնական են։ Մի՛ հարցներ բան մը որ կրնայ տանտէրը անհանգստացնել կամ առարկութիւններու դուռ բանալ։
4. Տանտիրոջ համար մը կարդալուն օգուտները ի՞նչ են։
4 Համար մը կարդա՛. Վերջապէս, համար մը ընտրէ, որ զայն կարդաս եթէ տանտիրոջ պարագաները թոյլատրեն, թերեւս համար մը՝ որ ներկայացնելիք յօդուածիդ մէջ նշուած է։ Համար մը կարդալը պիտի օգնէ տանտիրոջ որ նկատէ թէ մեր պատգամը Աստուծոյ Խօսքէն է։ (Ա. Թես. 2։13) Համարը նաեւ իրեն վկայութիւն մը պիտի տայ, նոյնիսկ եթէ պարբերաթերթերը մերժէ։ Ոմանք տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը շարժած են՝ համար մը կարդալով, մասնայատուկ հարցում մը ուղղելէ առաջ։ Կրնաս ըսել. «Աստուածաշունչի այս համարին մասին գաղափարդ կ’ուզեմ առնել»։ Ապա անհատին ուշադրութեան յանձնէ յարակից կէտ մը պարբերաթերթին մէջ, եւ հակիրճ խօսք մը ըսէ՝ անոր հետաքրքրութիւնը ա՛լ աւելի գրգռելու համար, պարբերաթերթը ներկայացնելէ առաջ։
5. Երբ պարբերաթերթի ներկայացում մը կը պատրաստես, ի՞նչ հիմնական ուղեգծեր ի մտի պէտք է ունենաս։
5 Պարբերաթերթերը ներկայացնելու ատեն մեր ըսելիքներուն նկատմամբ անթեք կանոններ չկան։ Ընդհանրապէս, ներկայացումդ պարզ ու հակիրճ պահելը լաւագոյն բանն է։ Մօտեցում մը գործածէ որ քեզի յարմար է եւ լաւ արդիւնք կու տայ։ Պարբերաթերթերուն գերազանց արժէքին վրայ կեդրոնացիր ու խանդավառ եղիր։ Եթէ լաւ նախապատրաստուիս, պիտի կարենաս Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը աւելի բաշխել անոնց, որոնք «յաւիտենական կեանքի տրամադիր» են։—Գործք 13։48, ՆԱ