Ճշմարտութեան վկայող պարբերաթերթերը ներկայացուր
1. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ի՞նչ դեր կը խաղան։
1 Դիտարանը կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը եւ անոր ընկերակցող Զարթի՛ր պարբերաթերթը, Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ առաջաւոր գծին վրայ կը մնան։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Մինչ Թագաւորութեան ծառայութեան զանազան երեսակներուն կը մասնակցինք, այս այժմէական երկու պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար ներկայացնելը մեզի հաճոյք կը պատճառէ։
2. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ եղած են եւ ինչո՞ւ։
2 Տարիներու ընթացքին, այս պարբերաթերթերուն չափին ու բովանդակութեան, ինչպէս նաեւ զանոնք բաշխելու մեթոտին մէջ փոփոխութիւններ տեսած ենք։ Այս փոփոխութիւնները տեղի ունեցած են՝ պարբերաթերթերը աւելի գրաւիչ ու ազդու դարձնելու նպատակով, որպէսզի Թագաւորութեան պատգամը ամէն տեսակ մարդոց սրտին հասնի եւ անոնք ‘փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան’։—Ա. Տիմ. 2։4
3. Պարբերաթերթերը ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս պիտի գործածուին։
3 Յունուար 2006–էն ի վեր, Զարթի՛ր–ի միամսեայ թիւին համար զանազան ներկայացումներ գործածելու մէջ հմուտ դարձանք։ Այժմ նոյնանման մեթոտ մը պիտի գործածենք, Դիտարանը կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը պարբերաթերթին միամսեայ երկու թիւերէն միա՛յն մէկը ներկայացնելու համար մեր հանրային ծառայութեան մէջ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին վերջին էջին վրայ, իւրաքանչիւր պարբերաթերթի համար ներկայացումի նմոյշներ լոյս կը տեսնեն։ Ասոնք սովորաբար կ’ընդգծեն պարբերաթերթին բացման յօդուածներէն մէկը, բայց երբեմն՝ շատերը հետաքրքրող այլ յօդուածներ։ Հրատարակուած թելադրութիւնները կրնան շատ ազդու ըլլալ, եթէ ներկայացուած յօդուածին քաջածանօթ ենք եւ մեր բառերը գործածելով ներկայացումը թաղամասին յարմարցնենք։
4. Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ թելադրուած ներկայացումներէն զատ, այլ ներկայացումներ գործածելը ինչո՞ւ օգտակար է։
4 Թէեւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը իւրաքանչիւր պարբերաթերթի համար երկու թելադրութիւն կը պարփակէ, բայց ազատ ես բոլորովին տարբեր ներկայացում մը գործածելու, քանի որ այլ յօդուած մը կրնայ թաղամասիդ մէջ եղող մարդիկը աւելի հետաքրքրել կամ եթէ կը խորհիս որ կրնաս աւելի ազդու ներկայացում մը պատրաստել, ուշադրութիւնդ գրաւող յօդուած մը գործածելով։
5. Պարբերաթերթին համար ներկայացում մը պատրաստելէ առաջ, ի՞նչ պէտք է ընես։
5 Ներկայացումդ ի՛նչպէս պատրաստել. Նախ եւ առաջ, ընտրած յօդուածիդ լիովին ծանօթ պէտք է ըլլաս։ Պարբերաթերթը դաշտի ծառայութեան մէջ գործածելու սկսելէ առաջ, անոր բոլոր յօդուածներուն միշտ ծանօթ կրնաս չըլլալ։ Սակայն ընտրած յօդուածներդ խանդավառութեամբ եւ անկեղծութեամբ պէտք է ներկայացնես։ Ասիկա կրնաս ընել միայն երբ տուած տեղեկութիւններուդ քաջածանօթ ես։
6. Ի՞նչպէս կրնանք մեր անձնական ներկայացումները պատրաստել։
6 Դիւրաթեք եղիր երբ բացման խօսքերդ կը պատրաստես։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար, յօդուածին հետ կապ ունեցող հետաքրքրական հարցում մը կրնաս գործածել։ Անհատներու սրտին դպչելու համար, միշտ Աստուծոյ Խօսքին զօրութեան ապաւինէ։ (Եբր. 4։12) Նիւթիդ յարմար եղող համար մը ընտրէ, նախընտրաբար՝ ներկայացուած յօդուածին մէջ նշուած կամ մէջբերուած համար մը։ Նկատի առ թէ համարը ի՛նչպէս պիտի կապես յօդուածին։
7. Ի՞նչպէս կրնանք մեր ներկայացումները ա՛լ աւելի բարելաւել։
7 Ամէն առիթով. Ներկայացում մը իրապէս ազդու ըլլալու համար՝ զայն պէտք է գործածես։ Ժողովքին հետ Շաբաթ օրերը պարբերաթերթով վկայութեան մասնակցէ։ Պարբերաթերթերը ներկայացուր անոնց, որոնք նախապէս այլ հրատարակութիւններ ընդունած են։ Պարբերաթերթերը միշտ ներկայացուր Աստուածաշունչի աշակերտներուդ եւ այլ անհատներու, որոնց կը հանդիպիս վերայցելութեան մը ընթացքին։ Թերեւս կարենաս պարբերաթերթեր տեղաւորել երբ խօսակցիս անհատներու հետ՝ գնումի ժամանակ, ճամբորդութեան ընթացքին կամ բժիշկի մը սպասման սրահին մէջ։ Ներկայացումներդ բարելաւէ, մինչ զանոնք կը գործածես ամսուան ընթացքին։
8. Դիտարան–ն ու Զարթի՛ր–ը ի՞նչ կերպերով յատուկ են։
8 Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը յատուկ են։ Անոնք Եհովան կը գովաբանեն որպէս տիեզերքի Գերիշխանը։ (Գործք 4։24) Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրով մարդիկը կը մխիթարեն եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատք կը ներշնչեն։ (Մատթ. 24։14. Գործք 10։43) Ասկէ զատ, անոնք Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարող աշխարհի իրադարձութիւններուն հետ քայլ կը պահեն։ (Մատթ. 25։13) Թաղամասիդ մէջ եղող անհատներուն օգնէ որ այս պարբերաթերթերէն օգտուին, զանոնք ամէն յարմար առիթով ներկայացնելով։
9. Ի՞նչպէս կրնանք ճամբան հարթել վերայցելութեան։
9 Երբ պարբերաթերթ մը տեղաւորես, կամ նոյնիսկ եթէ մէկու մը հետ միայն հոգեւոր նիւթերու շուրջ բարեկամական զրոյց մը ունենաս, հարցում մը ուղղէ կամ միտք գրգռող խօսք մը ըսէ, որ կրնայ ճամբան հարթել վերայցելութեան կամ հոգեւոր այլ զրոյցի մը։ Եթէ ճշմարտութեան հունտերը ցանելու մէջ նախանձախնդիր ենք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա պիտի բանայ անոնց սրտերը, որոնք անկեղծօրէն կը փափաքին զինք ճանչնալ եւ իրեն ծառայել։—Ա. Կորն. 3։6