ԲԱՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՏԱՆՈՒՏԷՐՆԵՐԸ ՄՂԵԼՈՒ ՈՐ ԼՍԵՆ
1 Ի՞նչ է ձեր տունէ–տուն ներկայացումի ամենակարեւոր մասը։ Մեզմէ շատեր պիտի համաձայնին թէ անիկա բացումն է։ Եթէ չյաջողիք տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնը արթնցնել գրեթէ առաջին 30 երկվայրկեանի մէջ, հաւանաբար ան խօսակցութեան վերջ պիտի դնէ։
2 Ի՞նչ ազդակներ պէտք է նկատի առնէք երբ ազդեցիկ բացում մը կը պատրաստէք։ Վերլուծեցէք այն մարդոց սովորութիւններն ու կարիքները որոնց կարելի է որ հանդիպիք։ Արդեօք սովորակա՞ն է հաճելի արտայայտութիւններու փոխանակումը, կամ ձեզմէ կ’ակնկալուի՞ որ շուտով նիւթին անցնիք։ Ձեր շրջանին մէջ շատ մը երիտասարդ զոյգեր կա՞ն։ Անոնց հետաքրքրութիւնները ի՞նչ են։ Ձեր շրջակայքը գտնուող մարդիկը գիտե՞ն մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրները ընդհանուր առմամբ։
Կրնաք անոնց մղել լսելու՝ ասոր նման բան մը ըսելով.
◼ «Բարի լոյս։ Անունս . . . . .։ Նեղութիւն կը զգամ երբ կը կարդամ թէ մարդիկ սովամահ կ’ըլլան եւ պատերազմներու մէջ կը սպաննուին։ Այդպէս կը զգա՞ք»։ Հետեւեալ հարցումներն ալ կ’օգնեն խօսակցութիւն մը սկսելու. «Ի՞նչ է աշխարհի խնդիրներու լուծումը»։ «Կը խորհի՞ք թէ անհատ մը կրնայ երկիրը ձերբազատել այսօրուան խնդիրներէն»։ «Ենթադրենք թէ կառավարիչ մը այնպիսի որակումներ ունի ինչպէս հոս յիշուած են՝ Եսայեայ 9։6, 7–ի մէջ։ [Համարը կարդացէք ու մեկնաբանեցէք։]»
3 Կարգ մը թաղամասերու մէջ, մարդիկ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան իրենց տան ու ընտանիքին նկատմամբ քան համաշխարհային հարցերու շուրջ, ինչպէս համաշխարհային խաղաղութեան։
Կարելի է որ հետաքրքրութիւն արթնցնէք հարցնելով.
◼ «Ի՞նչ տեսակ կեանք մը կ’ակնկալէք ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար՝ տասը տարուան ընթացքին։ Աստուածաշունչի տեսակէտը ապագային նկատմամբ մեծապէս քաջալերական է, քանի որ կը գուշակէ կառավարիչի մը գալը որ կատարեալ չափանիշներով պիտի իշխէ։ Նկատեցէք իր մասին ի՛նչ կ’ըսէ Եսայեայ 9։6, 7–ը»։
4 Կ’ապրի՞ք շրջանի մը մէջ ուր ոճիրը եւ ապահովութիւնը օրուան խօսակցութեան նիւթն են։ Ոմանք կարելի է որ ականջ տան եթէ գործածէք առաջին բացումը՝ «Ոճիր/Ապահովութիւն» խորագիրին տակ, Պատճառաբանել գրքի 10–րդ էջին մէջ։
Կրնաք ըսել.
◼ «Բարեւ։ Մենք կը խօսինք մարդոց հետ անձնական ապահովութեան հարցին մասին։ Շատ ոճիր կայ մեր շուրջը, եւ ան մեր կեանքին կ’ազդէ»։ Ետքը հարցում մը, ինչպէս՝ «Ի՞նչ է լուծումը» կամ «Կը խորհի՞ք թէ անհատ մը կրնայ երկիրը ձերբազատել այս խնդիրներէն» կամ «Ի՞նչ եթէ կառավարիչ մը ասոնց նման որակումներ ունի», կարելի է որ օգնէ խօսակցութիւն մը սկսելու։ Յետոյ կրնաք Եսայեայ 9։6, 7–ը կարդալ։
5 Բոլորս ալ, դպրոցական պատանիները ներառեալ, կրնանք գործածել մէկ համարէ բաղկացած այս պարզ ներկայացումները։ Իրականութեան մէջ, կարելի է որ փորձէք հատ մը երբ պարբերաթերթեր կը ներկայացնէք վերայցելութիւններու ընթացքին։ Վերյիշեցէք թէ մեր նպատակակէտն է զատորոշել թէ ո՛ր չափով տանուտէրը հետաքրքրուած է նախքան գրականութիւն մը մատուցանելը։ Չէ՞ք համաձայնիր թէ այսպիսի Սուրբ Գրային ներկայացում մը ընտիր կերպ մը պիտի ըլլայ զատորոշելու թէ մեր ունկնդիրը հարազատ հետաքրքրութիւն կը յայտնաբերէ՞ կամ ոչ։ Վստահ ենք թէ շատեր պիտի վայելեն այս ներկայացումները գործածելով Յունուար ամսուան ընթացքին, թէ՛ պարբերաթերթեր մատուցանելու ատեն եւ թէ ամսուան կանոնաւոր ներկայացուելիք գրականութիւնը մատուցանելու ատեն՝ վերայցելութիւններու ընթացքին։
6 Ձեր այցելութեան առաջին 30 երկվայրկեանը եթէ ազդեցիկ կերպով գործածէք, թէ՛ ձեր վարմունքով եւ թէ ձեր բացումով, հաւանաբար պիտի իրագործէք կարեւոր նպատակակէտը որ տանուտէրները մղէք լսելու։