Ծառայութեան Ժողովներ Մարտ Ամսուան Համար
Մարտ 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 150
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ասիկա Ըրէք Զիս Յիշելու Համար»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Հակիրճօրէն խօսեցէք Մեր Ծառայութիւնը գրքին էջ 80-81–րդ էջերուն մասին, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու կարեւորութիւնը շեշտելով։
22 վյրկ. «Ուրիշներուն Մէջ Յաւիտենական Կեանքի Յոյսը Տեղաւորել»։ Ներկաներուն հետ յօդուածը նկատի առէք։ Հակիրճօրէն բացատրեցէք թէ հարցումները ի՛նչպէս կրնան ազդուօրէն գործածուիլ խօսակցութիւն մը շարունակելու համար։ Օրինակներ տուէք ուղղութիւն տուող եւ տեսակէտ յայտնող հարցումներու մասին, որոնք կրնան գործածուիլ ներկայացումի մը մէջ։ (Տես՝ Դպրոցի Ուղեգիրք, էջ 51-52, պարբերութիւն 10-12։) Կարող հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ թելադրուած երկու ներկայացումները, մէկը՝ առաջին հանդիպումին համար, իսկ միւսը՝ վերայցելութեան, ցոյց տալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը սկսիլը։ Հակիրճօրէն վերյիշեցէք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 123
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագրութիւն։
15 վյրկ. Լիովին Օգտուեցէք 1998–ի Տարեգիրքէն։ Հայր մը իր ընտանիքին հետ վերաքաղ կ’ընէ էջ 3-6, 31, անցեալ տարուան աստուածպետական համաշխարհային իրագործումներուն մասին խօսելով։ Նկատի առէք ընտանիքին վայելած օգուտները, երբ անոնք միասնաբար օրուան համարը եւ Տարեգիրք–էն հատուածներ կը կարդան ու անոնց մասին կը խօսակցին ճաշի պահերուն, վճռած ըլլալով այսպէս շարունակել ամբողջ տարուան ընթացքին։
22 վյրկ. «Զայն Պիտի Կրկնե՞նք»։ (Պարբերութիւններ՝ 1-11) Հարց պատասխանով։ Նկատի առէք անցեալ գարնան օժանդակ ռահվիրայութեան արշաւին կարգ մը աչքառու երեսակները, ինչպէս որ տեղեկագրուած են 1998–ի Տարեգիրք–ին մէջ։ Յիշեցէք այդ ժամանակաշրջանին ձեր ժողովքին օժանդակ ռահվիրաներուն թիւը։ Նկատի առէք անհատապէս ռահվիրայութենէն քաղած մեր անմիջական օգուտները եւ ցոյց տուէք թէ այս յաւելեալ ջանքը կը նպաստէ ժողովքին յառաջդիմութեան։ Աւելի մեծ թիւով անհատներու օգնելու համար որ ռահվիրաներ ըլլան, յիշեցէք ձեր ժողովքին ծառայութեան կարգադրութիւնները Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու ընթացքին։ Հրատարակիչները ժողովէն ետք կրնան դիմումնագիրներ ստանալ։
Երգեցողութիւն թիւ 195 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հետաքրքրուած բոլոր անհատները հրաւիրեցէք որ ներկայ գտնուին Մարտ 29–ին ներկայացուելիք հանրային մասնաւոր դասախօսութեան։ Դասախօսութեան խորագիրն է՝ «Ինչո՛ւ Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ»։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
22 վյրկ. «Զայն Պիտի Կրկնե՞նք»։ (Պարբերութիւններ՝ 12-19) Հարց Պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէք Մեր Ծառայութիւնը գրքին էջ 113-114–ի մէջ ուրուագծուած որակումները։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս օժանդակ ռահվիրայութիւնը անհատը կը պատրաստէ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ծառայութեան։ Անցեալ գարնան օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցողներէն ոմանց հրաւիրեցէք, որպէսզի պատմեն թէ ի՛նչպէս իրենց յայտագիրը պատրաստեցին պահանջուած 60 ժամին գոհացում տալու համար։ Անոնց համար յաւելուածականին վերջին էջին վրայ գտնուող յայտագրի ո՞ր նմոյշը լաւագոյնն էր։ Եթէ ժամանակը թոյլատրէ, փորձառութիւններ պատմեցէք առնուած՝ 1987–ի Տարեգիրք–էն, էջ 48-49, 245-246։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ ժողովէն ետք դիմումնագիրներ ստանան։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ սկսին հետաքրքրուած անհատները Յիշատակատօնին կանչել, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 11–ին։ Հրաւիրատոմսի պատճեն մը ցոյց տուէք եւ բոլորը քաջալերեցէք որ անկէ որոշ քանակ մը ձեռք ձգեն, զայն այս շաբաթ բաշխելու համար։ Յայտարարեցէք Ապրիլ ամսուան ընթացքին բոլոր օժանդակ ռահվիրայութիւն ընողներուն անունները։ Բացատրեցէք թէ տակաւին ուշ չէ դիմումնագիր մը ներկայացնելու։ Ապրիլի ընթացքին դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ամբողջ յայտագիրը վերաքաղ ըրէք։
20 վյրկ. Նորեկները Դաշտի Ծառայութեան Պատրաստեցէք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Գիտութիւն գրքով ուսումնասիրութիւն վարողները, իրենց աշակերտները դաշտի ծառայութեան պատրաստելու մասին պէտք է մտածեն։ Ուշադրութեան յանձնեցէք Գիտութիւն գրքին էջ 105-106, պարբերութիւն 14–ի եւ էջ 179, պարբերութիւն 20–ի մէջ յիշուած խօսքերը։ Վերաքաղ ըրէք Դիտարան 1 Մայիս 1989, էջ 25-26, պարբերութիւն 7-10–ի մէջ յիշուած քայլերը, նորեկները որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու մասին։ Նկատի առէք Յունիս 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին, 19–րդ պարբերութեան ներկայացուցած թելադրութիւնները, չմկրտուած հրատարակիչներուն օգնելու համար որ ծառայութեան սկսին։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Հարց պատասխանով։ Երէցը վերաքաղ կ’ընէ Մեր Ծառայութիւնը գրքին էջ 131, պարբերութիւն 1 եւ 2–ը։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 30–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք բոլորը որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան իրենց տեղեկագիրները տալու չմոռնան։ Ցոյց տուէք Դիտարան–ի ընթացիկ թիւերը, թելադրեցէք թէ ո՛ր յօդուածները կրնան ուշագրաւ դարձուիլ երբ զանոնք կը ներկայացնենք, նաեւ յիշեցէք կարգ մը մասնայատուկ խօսակցական կէտեր։ Վերաքաղ ըրէք «Յիշատակատօնին Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ» եւ Յիշատակատօնին համար ձեր ժողովքին ըրած կարգադրութիւնները։ Բոլորս ալ պէտք է վերջնական ծրագիրներ ընենք Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ հետաքրքրուած ուրիշ անհատներուն օգնելու համար որ ներկայ գտնուին։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Ապրիլ 6-11–ի ընթացքին Յիշատակատօնի առիթով Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին չմոռնան հետեւիլ, որ յիշուած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին մէջ։
13 վյրկ. «Ո՛վ Երախաներ, Դուք Մեր Ուրախութիւնն Էք»։ Հարց պատասխանով։ Պատմեցէք Դիտարան 1 Օգոստոս 1987 (Անգլ.), էջ 25–ի փորձառութիւնը։
20 վյրկ. Հոգեւոր Յոգնութեան Դէմ Պայքարելու Կերպեր։ Երկու երէցներ նկատի կ’առնեն Դիտարան 1 Օգոստոս 1986, էջ 19–ի շրջագիծը։ Սուրբ գրային կերպով բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս «Յոգնութեան Ախտանշաններ»էն մէկը ունեցող անհատ մը կրնայ օգտուիլ համապատասխանող «Օգնութիւններ՝ Յարատեւման համար» ցանկէն։ Ապա երկու հրատարակիչներու հետ տեսակցութիւն մը ունեցէք, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս այս կէտերը գործադրելը օգնեց որ իրենց հոգեւոր ոյժը պահպանեն։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։