ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Մայիսին՝ Դիտարանի բաժանորդագրութիւններ երբ հարազատ հետաքրքրութիւն գտնուի։ Բաժանորդագրութիւնները կարելի է ընել մէկ տարուան կամ վեց ամսուան համար։ Կարգադրութիւն չկայ եռամսեայ պարբերաթերթերու հրատարակութիւններուն բաժանորդագրութիւններ ընելու։ Մի քանի տարուան համար բաժանորդագրութիւն ընելը, ընդունելի պիտի չըլլայ։ Յունիսին՝ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ։ Յուլիսին՝ հետեւեալ գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Կեանքը Վայելեցէք Երկրի Վրայ Յաւիտեան, ‘‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’’, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք, կամ Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտը Պիտի Բերէ։ Օգոստոսին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք տակաւին չեն խնդրած վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւնները, պէտք է խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ «Լոյս Կրողներ» Նահանգային Համաժողովին մէջ, ժամանակեայ թատերախաղէն բոլորն ալ աւելի պիտի օգտուին կարդալով ներշնչուած պատմական արձանագրութիւնը՝ Դ. Թագաւորաց 22։1–23։23 եւ Բ. Մնացորդաց 34։1–35։19–ի մէջ, համաժողովին ներկայ ըլլալէ առաջ։
◼ Palm Beach Jai-Alai–ի հասցէն, ուր Ֆլորիտայի Արեւմտեան Փալմ Պիչ–ի համաժողովը տեղի պիտի ունենայ, 1415 45 St. է եւ ոչ թէ 415 45 St., ինչպէս որ 2/15/1992 Դիտարանի մէջ նշուած է։