ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼ
1 Գործածա՞ծ էք Պատճառաբանել գրքին մէջ թելադրուած բացումներէն մի քանի հատը կամ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան վերջին թիւերուն մէջ հրատարակուած բացումները։ Շատ մը հրատարակիչներ կը տեղեկագրեն թէ աւելի մեծ յաջողութիւն ձեռք ձգած են իրենց տունէ–տուն ծառայութեան մէջ, գործածելով այս բացման խօսքերը բառ առ բառ ինչպէս որ հրատարակուած են։ Ուրիշներ գտան որ քիչ մը աւելի ժամանակ յատկացնելով դաշտի ծառայութեան նախապատրաստուելուն, կարող էին իրենց յատուկ բառերով բացման խօսքեր կազմել, բայց հիմնուած հրատարակուած թելադրութիւններուն ոճին վրայ։
2 Մէկ բան ստոյգ է. եթէ ձեր բացման խօսքերը լաւ կերպով ձեր մտքին մէջ պահած էք՝ Թագաւորութեան պատգամով մէկու մը մօտենալէ առաջ, աւելի հանգիստ պիտի զգաք ու աւելի ինքնավստահ պիտի ըլլաք։ Ձեր արտայայտութիւնները պիտի ցոլացնեն ձեր անկեղծ փափաքը բարի լուրը բաժնելու։ Ձեր լաւ կերպով պատրաստուած ըլլալը ձեր ծառայութիւնը աւելի հաճոյալի պիտի դարձնէ, քանի որ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգէք։ Ամենակարեւոր բանը թէ մեր ծառայութեան պատարագը մեր լաւագոյն մատուցածը կ’ընենք։—Եբր. 13։15. Ա. Պետ. 2։5
3 Ուստի ժամանակ յատկացուցէք նախապատրաստուելու։ Նկատի առէք թէ ինչպիսի մարդոց հաւանաբար հանդիպիք ձեր տեղական թաղամասին մէջ։ Ի՞նչ են անոնց մտահոգութիւններն ու հետաքրքրութիւնները։ Ի՞նչ ընթացիկ դէպքեր անոնց կեանքին կ’ազդեն։ Այս հարցումներու պատասխաններուն վրայ խոկալէ յետոյ, վերաքաղ ըրէք Պատճառաբանել գրքի 9–15–րդ էջերուն մէջ թելադրուած բացման խօսքերը կամ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն ընտրեցէք մէկ կամ աւելի բացման խօսքեր։ Ազատ զգացէք ճիշդ ոճը փոփոխելու կամ յարմարցնելու այնպէս որ հանգիստ զգաք անոր հետ։ Յաջորդ քայլն է ուրիշներու հետ փորձ ընել ձեր բացման խօսքերը։ Թերեւս ասիկա քաջալերէ ուրիշներն ալ որ բարելաւեն իրենց բացման խօսքերը։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, վստահաբար իրարու քաջալերած ու բարի գործերու համար իրարու կերտած պիտի ըլլաք։
4 Ձեր դաշտի ներկայացումները պատրաստելու համար ձեր տրամադրած ժամանակն ու ջանքը պիտի վարձատրուին։ Կարելի է որ օրհնուիք ունենալով աւելի ազդեցիկ բաժին մը հիմա յառաջացման մէջ եղող խայտալի հունձքի գործին մէջ։