Նախապատրաստութիւնը Ուրախութիւն կը Բերէ
1 Դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ (Սաղմ. 89։15, 16) Անշուշտ, պատրաստութիւնը գլխաւոր ազդակ մըն է, այդ ուրախութիւնը լիովին վայելելու համար։ Ո՛րքան որ լաւ պատրաստուինք, այնքան աւելի արդիւնաբեր կ’ըլլանք եւ ո՛րքան աւելի արդիւնաբեր ըլլանք, այնքան աւելի կ’ըլլայ մեր ուրախութիւնը։
2 Հայթայթուած Գործիքները Գործածեցէք. Ձեր պատրաստութիւնը սկսեցէք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին նիւթերը կարդալով եւ վերլուծելով։ Յաճախ անիկա բծախնդրութեամբ պատրաստուած ներկայացումներ կը հայթայթէ, որոնց նպատակն է ձեզի օգնել որ Թագաւորութեան պատգամը դիւրաւ եւ ազդու կերպով ներկայացնէք։ Հոն պիտի գտնէք օրինակներ սովորական առարկութիւններ յաղթահարելու մասին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով, ազդու վերայցելութիւն մը ընելու մասին մասնայատուկ գաղափարներ ներկայացուած են։ Ազատ զգացէք այս թելադրութիւնները այնպէս մը յարմարեցնելու, որ զանոնք գործածելու մէջ հանգիստ զգաք։ Ասկէ զատ, ունիք Պատճառաբանել գիրքը, որ զանազան ներկայացումներ եւ խօսակցութիւնը ընդհատողներու պատասխաններ կը հայթայթէ, այսպէս օգնելով որ ձեր հանդիպած բազմաթիւ պարագաներուն մէջ աւելի ազդու դառնաք։
3 Ձեր ներկայացնելիք գրականութեան ակնարկ մը նետեցէք, մէկ կամ երկու աչքառու եւ հետաքրքրական կէտեր ընտրեցէք, որոնք կրնաք տանտիրոջ ցոյց տալ։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար կրնաք գործածել միտք գրգռող լուր մը, որու մասին լսած կամ կարդացած էք։ Նախատեսեցէք սովորական եղող առարկութիւններ, որոնց հաւանաբար հանդիպիք, եւ ձեր մտքին մէջ քանի մը պատասխաններ պատրաստեցէք։ Ապա քանի մը վայրկեան տրամադրեցէք, դրան առջեւ ձեր խօսելիքը փորձելու համար։
4 Ծառայութեան Բոլոր Ժողովներուն Ներկայ Գտնուեցէք. Ծառայութեան Ժողովի ընթացքին ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք, երբ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին թելադրութիւնները նկատի կ’առնուին, վերաքաղ կ’ըլլան եւ կը ցուցադրուին։ Նոթագրեցէք գաղափարներ որոնք կը խորհիք թէ կրնաք ձեր ներկայացումին մէջ ներմուծել։ Վերյիշեցէք ծառայութեան մէջ ձեր դիմագրաւած սովորական կարգ մը պարագաները, եւ խորհեցէք աւելի ազդուօրէն վկայելու կերպերու մասին։ Ասոնց մասին խօսակցեցէք ուրիշ հրատարակիչներու հետ, ժողովներէն առաջ եւ ետք։
5 Վստահ կրնաք ըլլալ որ եթէ «ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած» ըլլաք, կեանքի ճամբան գտնելու համար ուրիշներուն օգնելու որպէս վարձատրութիւն, աւելի մեծ ուրախութիւն ու յաջողութիւն պիտի ունենաք։—Բ. Տիմ. 2։21