Նախապատրաստութիւնը՝ Յաջողութեան Բանալին Է
1 Ծառայութեան համար նախապէս պատրաստուիլը կ’օգնէ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու առանց վարանումի։ Երբ դռներուն կը մօտենաք, գիտէք ի՛նչ կը փափաքիք տանտէրներուն ըսել։ Երկչոտ պիտի չըլլաք հանդիպելիք դժուար պարագաներուն նկատմամբ։ Ծառայութենէն տուն վերադառնալէ ետք, քաջալերուած պիտի զգաք, գիտնալով որ ծառայութեան մէջ ընտիր ջանք թափեցիք։ Այո, լիովին նախապատրաստուիլը՝ քարոզելու ու սորվեցնելու մեր հմտութիւնները սրելու բանալին է։
2 Պօղոս պատրաստականութիւնը շեշտեց, յորդորելով որ մեր ‘ոտքերուն ամրացնենք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը’։ (Եփ. 6։15) Ասիկա կը պարփակէ մեր միտքը ու սիրտը պատրաստել, ինչպէս նաեւ դրական տեսակէտ ու յօժարակամ կեցուածք ձեռք ձգել։ Երբ ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու պատրաստ ենք, մեր աշխատանքը Թագաւորութեան պտուղով պիտի վարձատրուի, մեզ ուրախացնելով։—Գործք 20։35
3 Քարոզելու Գործունէութեան Համար Ի՛նչպէս Պատրաստուինք. Պէտք է զատենք մեզի դիւրին թուող ներկայացում մը, թերեւս Պատճառաբանել գրքէն կամ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վերջին էջէն։ Խորապէս մտածենք այն համարին մասին զոր կը ծրագրենք գործածել, որոշելով թէ ո՛ր բառերը կամ արտայայտութիւնները պիտի շեշտենք գլխաւոր կէտը ցցուն ընելու համար։ Ներկայացումը գոց սորվելու հարկ չկայ. փոխարէն, լաւագոյն կերպն է՝ գաղափարը մեր մտքին մէջ ունենալ, զայն մեր բառերով կազմել ու այնպիսի կերպով մը արտայայտել որ կրնայ ունկնդրին կոչ ընել։
4 Քննենք առաջարկելիք գրականութիւնը ու ընտրենք խօսակցութեան մի քանի հետաքրքրական կէտեր։ Զատենք ինչ որ հետաքրքրական է մեր թաղամասի մարդոց։ Խորհինք ի՛նչպէս մեր ներկայացումը յարմարցնել զանազան տանտէրներու—մարդու մը, կնոջ մը, տարեցի մը կամ պատանիի մը։
5 Փորձի նիստեր կարգադրա՞ծ էք։ Ընտանիքի անդամներուն կամ ուրիշ հրատարակիչներու հետ հաւաքուեցէք նկատի առնելու համար թէ ո՛ր ներկայացումները կրնան ազդեցիկ ըլլալ, ապա բարձրաձայն փորձ ըրէք այնպէս որ բոլորն ալ լաւ սորվին։ Թաղամասին մէջ դիմագրաւելիք իսկական պարագաներ ու առարկութիւններ գործածեցէք։ Այսպիսի փորձեր ձեր խօսելու սահունութիւնը պիտի բարելաւեն, քարոզչութեան մէջ ձեր ազդուութիւնը պիտի աւելցնեն եւ ձեր ինքնավստահութիւնը պիտի կերտեն։
6 Մեր ներկայացումը պատրաստելէ ու զայն փորձ ընելէ զատ, նաեւ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ծառայութեան համար ինչ որ պիտի հագուիմ պատշա՞ճ է։ Պայուսակիս մէջ ինծի պէտք եղած իրերը ունի՞մ, ի ներառեալ այն գրականութիւնը զոր կը ծրագրեմ գործածել։ Անոնք լա՞ւ վիճակի մէջ են։ Պատճառաբանել գիրքը, թերթիկները, տունէ–տուն արձանագրութիւնները եւ մատիտ մը առա՞ծ եմ’։ Առաջուընէ լաւ ծրագրելը՝ ծառայութեան մէջ աւելի արդիւնաբեր օր մը ունենալու պիտի նպաստէ։
7 Մենք մեզ պատրաստելու համար մեր լաւագոյնը ընելէ ետք, պէտք է աղօթենք որ Եհովայի հոգին մեզի օգնէ որ յաջող ըլլանք։ (Ա. Յովհ. 5։14, 15) Նախապատրաստութեան մօտէն ուշադրութիւն ընծայելը մեր գործունէութեան մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն գտնելու պիտի նպաստէ, մինչ ‘մեր ծառայութիւնը լիովին կը կատարենք’։—Բ. Տիմ. 4։5