Յիշատակատօնին Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ
Յիշատակատօնին տօնակատարութենէն առաջ, Երեքշաբթի Ապրիլ 2–ին, հետեւեալ կէտերը ուշադրութեան արժանի են.
◼ Բոլորն ալ, դասախօսը ներառեալ, տօնակատարութեան ճիշդ ժամանակէն ու վայրէն պէտք է տեղեակ ըլլան։
◼ Պատշաճ հացն ու գինին պէտք է ձեռք ձգուին ու պատրաստ ըլլան։—Տես Դիտարան Փետրուար 15, 1985–ի Անգլերէն թիւը, էջ 19։
◼ Յարմար սեղան մը, սփռոց մը, ամաններ ու գաւաթներ նախապէս սրահ պէտք է բերուին ու իրենց տեղը դրուին։
◼ Թագաւորութեան Սրահը կամ ժողվուելու որեւէ ուրիշ տեղ կանխաւ ամբողջովին պէտք է մաքրուի։
◼ Հիւրընկալները եւ հրամցնողները պէտք է առաջուընէ ընտրուին ու անոնց հրահանգներ տրուին իրենց պարտականութիւններուն եւ հետեւելիք յարմար մեթոտին նկատմամբ։
◼ Կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան խորհրդանիշերը հրամցնելու ոեւէ օծեալի որ անկողինի դատապարտուած է ու անկարող է ներկայ գտնուելու։
◼ Եթէ մէկէ աւելի տօնակատարութիւն յայտագրուած է միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ժողովքներուն միջեւ լաւ համագործակցութիւն պէտք է ըլլայ, որպէսզի նրբանցքներու, մուտքերու, մայթերու եւ ինքնաշարժները կեցնելու վայրերու մէջ անհարկի խճողումէ խուսափին։