Յիշատակատօնին Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ
Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ Ապրիլ 11–ին։ Երէցները ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն հետեւեալ կէտերուն.
◼ Երբ տօնակատարութեան ժամը կ’որոշէք, վստահ եղէք որ խորհրդանիշերը արեւնամուտէն առաջ չհրամցուին։
◼ Ամէն ոք, դասախօսը ներառեալ, տօնակատարութեան ճշգրիտ ժամէն ու վայրէն տեղեակ պէտք է ըլլայ։
◼ Պատշաճ հացն ու գինին ձեռք պէտք է ձգուին ու պատրաստուին։—Տես՝ Դիտարան 15 Փետրուար 1985, էջ 19 (Անգլ.)։
◼ Յարմար սեղան մը, սփռոց մը, պնակներ ու գաւաթներ նախապէս պէտք է սրահ բերուին ու իրենց տեղերը դրուին։
◼ Թագաւորութեան Սրահը կամ ժողվուելու որեւէ ուրիշ վայր, կանխաւ պէտք է ամբողջովին մաքրուի։
◼ Հիւրընկալները եւ հրամցնողները պէտք է առաջուընէ որոշուին ու անոնց հրահանգներ տրուին իրենց պարտականութիւններուն եւ հետեւելիք յարմար մեթոտին նկատմամբ։
◼ Կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան խորհրդանիշերը հրամցնելու ոեւէ օծեալի, որ անկողինի դատապարտուած է ու չի կրնար ներկայ գտնուիլ։
◼ Եթէ մէկէ աւելի տօնակատարութիւններ յայտագրուած են միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ժողովքներու միջեւ լաւ համագործակցութիւն պէտք է ըլլայ, որպէսզի նրբանցքներուն, մուտքերուն, մայթերուն եւ կառատուներուն մէջ անտեղի խճողումներ։