Յիշատակատօնին Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ
Այս տարի Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի Ապրիլ 1–ին։ Երէցները հետեւեալ կէտերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն.
◼ Տօնակատարութեան ժամը որոշելու ատեն, վստահ եղէք որ խորհրդանիշերը արեւնամուտէն ետք պիտի հրամցուին։
◼ Բոլորն ալ, դասախօսը ներառեալ, տօնակատարութեան ճիշդ ժամէն ու վայրէն տեղեակ պէտք է ըլլան։
◼ Առիթին յարմար հաց ու գինի պէտք է ձեռք ձգուին ու պատրաստ ըլլան։—Տես՝ Դիտարան 15 Փետրուար 1985 (Անգլերէն), էջ 19։
◼ Յարմար սեղան մը, սփռոց մը, ամաններ ու գաւաթներ նախապէս սրահ պէտք է բերուին ու իրենց տեղերը դրուին։
◼ Թագաւորութեան Սրահը կամ ժողվուելու ուրիշ որեւէ վայր կանխաւ ամբողջովին պէտք է մաքրուի։
◼ Հիւրընկալները եւ հրամցնողները պէտք է առաջուընէ ընտրուին ու անոնց հրահանգներ տրուին իրենց պարտականութիւններուն եւ հետեւելիք յարմար գործելակերպին նկատմամբ։
◼ Կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան խորհրդանիշերը հրամցնելու ոեւէ օծեալի որ անկողինի դատապարտուած է ու չի կրնար ներկայ գտնուիլ։
◼ Եթէ մէկէ աւելի ժողովքներ պիտի գործածեն միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը, ժողովքներուն միջեւ լաւ համագործակցութիւն պէտք է ըլլայ, որպէսզի նրբանցքներու կամ մուտքերու ու կառատուներու մէջ, ինչպէս նաեւ մայթերու վրայ անհարկի խճողումէ խուսափին։