Հարցումի Տուփ
◼ Ուրիշներուն հայթայթած փոխադրութեան ծախսերուն մասնակցիլը պատշա՞ճ է։
Մեզմէ ոմանք պարագաներ ունին որոնք կը պահանջեն որ ուրիշներու օգնութենէն կախեալ ըլլան կանոնաւորաբար ժողովներուն յաճախելու եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու համար։ Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր ազնուօրէն մասնաւոր ջանք կը թափեն ու սիրով իրենց ժամանակը, ինքնաշարժները եւ ուրիշ միջոցներ կը գործածեն մեզի փոխադրութիւն հայթայթելու համար։ Սովորականէն աւելի կանուխ պատրաստուելով եւ տունը ուշ վերադառնալով հանդերձ, անոնք յօժարակամ հոգիով փոխադրութիւն կը հայթայթեն։
Ինչպէս որ է պարագան Քրիստոնէական մեր ծառայութեան բոլոր միւս երեսակներուն, Գաղատացիս 6։5–ի սկզբունքը այս պարագային ալ կը կիրարկուի. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ Ուստի, եթէ մէկը կանոնաւորաբար փոխադրութիւն կը հայթայթէ մեզի, մեր գնահատութիւնը պէտք է արտայայտենք ոչ միայն մեր խօսքերով, այլ նաեւ՝ ծախսերուն համար նուիրատուութիւն մը ընելով, եթէ կրնանք։—Մատթ. 7։12. Ա. Կորն. 10։24
Նոյնիսկ եթէ իր ինքնաշարժը գործածող անհատը նիւթական օժանդակութիւն չի խնդրեր ու կը թուի որ անոր կարիքը չունի, ծախսերուն մասնակցելու անկեղծ առաջարկ մը միշտ կը գնահատուի։ Վարորդը թերեւս կը մերժէ որեւէ նուիրատուութիւն ընդունիլ. բայց, անշուշտ, ինքն է որ այդ որոշումը կ’առնէ։ Այսուհանդերձ, պատշաճ է որ ձեր առաջարկը ներկայացնէք։ Եթէ անգամ մը չկրցաք որեւէ նուիրատուութիւն ընել, ասիկա ձեր միտքը պահեցէք. յաջորդ անգամ երբ իր հետ փոխադրուիք, թերեւս կարենաք յաւելեալ նուիրատուութիւն մը առաջարկել։—Ղուկ. 6։38
Շատ սիրալիր բան մըն է որ ինքնաշարժ ունեցողները փոխադրութիւն հայթայթեն ուրիշներու, որոնք այլապէս անկարող են ժողովներու յաճախելու կամ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու։ (Առ. 3։27) Միեւնոյն ժամանակ, սիրալիր բան մըն է որ այսպիսի ազնուութենէ օգտուողները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեն ծախսերուն մասնակցելով, իրենց պարագաներուն համաձայն։—Կող. 3։15