Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/97 էջ 1
  • Վկայենք Հո՛ն Ուր Մարդիկ Կան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վկայենք Հո՛ն Ուր Մարդիկ Կան
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բարի Լուրը Ամէնուրեք Քարոզենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Կրնա՛ս անպաշտօն կերպով վկայել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. խօսակցութիւն մը սկսիլ՝ անպաշտօն կերպով վկայելու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Ազդեցիկ Անպաշտօն Վկայութեան Միջոցաւ Հետաքրքրուող Անհատներ Գտնենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 7/97 էջ 1

Վկայենք Հո՛ն Ուր Մարդիկ Կան

1 Իր ծառայութեան մէջ Աստուծոյ հոգիին խաղցած դերը ընդունելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուած աճեցուց»։ Ան նաեւ գիտակցեցաւ. «Մենք Աստուծոյ գործակից ենք»։ (Ա. Կորն. 3։5-9) Ասիկա սքանչելի առանձնաշնորհում մըն է։ Ինչպէ՞ս կրնանք հանրապէս ցոյց տալ թէ կը գնահատենք Աստուծոյ գործակից ըլլալը։ Բարի լուրը յայտարարելով բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք տունէ–տուն ծառայութեան ընթացքին եւ այլուր։

2 Մեզի պատուէր տրուած է որ ‘ազգերը աշակերտենք’։ (Մատթ. 28։19) Եթէ ծառայութեան մէջ միայն քանի մը հոգիներու հանդիպինք, կրնանք շուտով յուսահատիլ եւ զգալ որ շատ քիչ բան կ’իրագործենք։ Միւս կողմէ, մեր ծառայութենէն շատ աւելի հաճոյք կ’առնենք, երբ կարենանք մարդիկ գտնել ու անոնց հետ խօսակցիլ։ Ասիկա իրապէս կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ մեր կողմէ որոշ նախաձեռնութիւն կը պահանջէ, որ երթանք հո՛ն ուր մարդիկ կան, որպէսզի անոնց հետ խօսակցինք։

3 Գործնական Օրինակներ. Կրնանք մարդոց վկայել շուկաներու, պարտէզներու, հանգստավայրերու եւ փոխադրամիջոցներու կայաններու մէջ։ Երբ հանրային փոխադրամիջոց մը կը գործածէք, պատրա՞ստ էք այդ միջոցին վկայելու։ Խճողուած հանրակառքով դաշտի ծառայութեան ժողովի ուղղուող երկու Վկաներ, Գիտութիւն գրքին մէջ գտնուող Դրախտի պատկերին մասին խօսակցութիւն մը յառաջ տարին, ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումները քննարկելով։ Ինչպէս որ ակնկալեցին, իրենց մօտը կանգնած երիտասարդ մը մտիկ ըրաւ եւ իր լսածներով տպաւորուեցաւ։ Հանրակառքէն իջնելէ առաջ, ան գիրք մը ընդունեց եւ խնդրեց որ մէկը իրեն այցելէ իր տան մէջ։

4 Բազմաթիւ հրատարակիչներ անպաշտօն վկայութեան մէջ ուրախութիւն գտած են։ Քոյր մը, յետմիջօրէ մը տեղական շուկան գնաց եւ մօտեցաւ այն մարդոց որոնք իրենց գնումները վերջացուցած էին, բայց աճապարանօք չէին։ Ան իր պայուսակին մէջ եղած բոլոր գրականութիւնները տեղաւորեց։ Մարդ մը, որ իր ինքնաշարժին մէջ կը սպասէր, ուրախութեամբ այս քրոջմէն պարբերաթերթեր առաւ։ Ան նախապէս ժողովներու ներկայ եղած էր եւ այս խօսակցութիւնը վերանորոգեց իր հետաքրքրութիւնը։

5 Առանձնաշնորհում է Եհովայի անունը մեծարել։ Քարոզչութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերելով, ցոյց կու տանք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չենք։ Քանի որ ուրիշներու օգնելու ‘ընդունելի ժամանակը հիմա է’, թող որ երթանք հո՛ն ուր մարդիկ կան եւ անոնց վկայենք Եհովայի ‘փրկութեան օրուան’ մասին։—Բ. Կորն. 6։1, 2

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել