Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/10 էջ 3-6
  • Կրնա՛ս անպաշտօն կերպով վկայել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՛ս անպաշտօն կերպով վկայել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անպաշտօն վկայութեան համար պատրա՞ստ ես
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Եհովան Փառաբանեցէք Անպաշտօն Կերպով Վկայելով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Մենք ամէ՛ն ատեն Վկաներ ենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • ‘Ամբողջական Վկայութիւն Տալու’ Մէջ Ժրաջան Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 8/10 էջ 3-6

Կրնա՛ս անպաշտօն կերպով վկայել

1. ա) Անպաշտօն վկայութիւնը ի՞նչ է։ բ) Այս ժողովին ներկայ եղողներէն քանի՞ հոգի անպաշտօն վկայութեան միջոցաւ առաջին անգամ ճշմարտութեան հետ շփման մէջ եկաւ։

1 Ժողովքիդ մէջ քանի՞ հոգի անպաշտօն վկայութեամբ առաջին անգամ ճշմարտութեան հետ շփման մէջ եկան։ Պատասխանը կրնայ քեզ զարմացնել։ Անպաշտօն վկայութիւնը կը պարփակէ բարի լուրը բաժնել անհատներու հետ, որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեայ գործունէութեանց ընթացքին,– երբ կը ճամբորդենք, ազգականներու կամ դրացիներու կ’այցելենք, կամ գնումի կ’երթանք, ինչպէս նաեւ դպրոցը, գործատեղին, եւայլն։ Աւելի քան 200 մկրտուած Վկաներէ բաղկացած խումբի մը մէջ, 40 տոկոսը անպաշտօն վկայութեան միջոցաւ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը լսեց։ Հետեւաբար, քարոզելու այս մեթոտը շատ ազդու է։

2. Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, անպաշտօն վկայութեան ի՞նչ օրինակներ կը գտնենք։

2 Առաջին դարու աւետարանիչները յաճախ անպաշտօն կերպով վկայեցին։ Օրինակ՝ Սամարիայէն անցած ատեն, Յիսուս Յակոբի ջրհորէն ջուր քաշող կնոջ մը վկայեց (Յովհ. 4։6-26)։ Փիլիպպոս Եսայիի գիրքէն ընթերցող եթովպիացի պալատականի մը հետ խօսակցութիւն մը սկսաւ՝ հարցնելով. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք» (Գործք 8։26-38)։ Երբ Փիլիպպէի մէջ բանտարկուած էր, Պօղոս առաքեալ բանտապահի մը վկայեց (Գործք 16։23-34)։ Յետագային, երբ տնային կալանքի տակ առնուած էր, Պօղոս «բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով. . . կը սորվեցնէր» (Գործք 28։31, 32)։ Դուն ալ կրնաս անպաշտօն կերպով վկայել, նոյնիսկ եթէ ամչկոտ ես։ Ինչպէ՞ս։

3. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել ամչկոտութիւնը յաղթահարելու։

3 Սկսիլ։ Մեզմէ շատեր օտարներու հետ խօսակցութիւն սկսիլը դժուար կը գտնեն։ Նոյնիսկ ծանօթներու հետ ճշմարտութեան նիւթը բանալը անախորժ կրնայ թուիլ։ Սակայն պիտի մղուինք խօսելու, եթէ խոկանք Եհովայի բարութեան, իր ծառաներուն տուած հոգեւոր գանձերուն եւ աշխարհի մարդոց ողբալի կացութեան վրայ (Յովն. 4։11. Սաղ. 40։5. Մատ. 13։52)։ Ասկէ զատ, կրնանք Եհովայէ խնդրել որ մեզի օգնէ ‘համարձակութիւն ունենալու’ (Ա. Թես. 2։2)։ Գաղաադի աշակերտ մը ըսաւ. «Յաճախ նկատած եմ թէ աղօթքը կ’օգնէ, երբ մարդոց հետ խօսիլը դժուար կը գտնեմ»։ Եթէ խօսելու վարանիս, կարճ ու լռելեայն աղօթք մը ըրէ (Նէ. 2։4)։

4. Սկիզբը մեզի համար ի՞նչ նպատակակէտ կրնանք դնել եւ ինչո՞ւ։

4 Ինչպէս որ անունը կը թելադրէ, անպաշտօն վկայութիւնը չի պահանջեր որ պաշտօնական բացումով կամ համարով մը խօսակցութիւնը սկսինք։ Թերեւս օգտակար է՝ պարզապէս խօսակցութիւն մը սկսելու նպատակակէտը ունենալ, առանց զգալու թէ անմիջապէս վկայութիւն մը պէտք է տանք։ Շատ մը հրատարակիչներ կը տեղեկագրեն, թէ այս քայլը իրագործելը հարկ եղած վստահութիւնը կու տայ իրենց, որ ի վերջոյ բարի լուրը ներկայացնեն։ Եթէ անհատը չ’ուզեր խօսակցիլ, հարկ չկայ պնդելու. քաղաքավարօրէն խօսակցութիւնը եզրափակէ։

5. Ի՞նչ բան ամչկոտ քրոջ մը կ’օգնէ անպաշտօն կերպով վկայելու։

5 Խանութը գնում ընելու միջոցին, ամչկոտ քոյր մը նախ աչքի հաղորդակցութիւն կը հաստատէ եւ բարեկամականօրէն կը ժպտի։ Եթէ անհատն ալ ժպտի, քոյրը կարճ խօսք մը կ’ըսէ։ Եթէ անհատը նպաստաւոր կերպով ընդառաջէ, ասիկա քրոջ վստահութիւն կու տայ որ զրոյցը շարունակէ։ Ան ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ եւ կը ջանայ զատորոշել թէ բարի լուրին ո՛ր երեսակը կրնայ անհատին սրտին խօսիլ։ Այս մօտեցումը գործածելով, ան շատ հրատարակութիւններ տեղաւորած է եւ նոյնիսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսած է։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք անպաշտօն կերպով խօսակցութիւն մը սկսիլ։

6 Խօսակցութիւններ սկսիլ։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ կրնանք ըսել։ Ջրհորին քով Յիսուս սկսաւ կնոջ հետ խօսակցիլ՝ պարզապէս խնդրելով որ իրեն ջուր տայ խմելու (Յովհ. 4։7)։ Ուստի, թերեւս կրնանք խօսակցութիւն մը սկսիլ՝ բարեկամական բարեւով կամ հարցումով մը։ Մինչ կը խօսակցիք, թերեւս պատեհութիւն ունենաս աստուածաշնչական միտք մը ըսելու եւ ճշմարտութեան սերմը ցանելու (Ժող. 11։6)։ Ոմանք յաջողութիւն գտած են՝ հետաքրքրութիւն արթնցնող եւ հարցումներու դուռ բացող խօսք մը ըսելով։ Օրինակ՝ մինչ կը սպասես կարգիդ որ բժիշկը տեսնես, թերեւս խօսակցութեան մը սկիզբ դնես՝ ըսելով. «Ուրախ պիտի ըլլամ երբ այլեւս պիտի չհիւանդանամ»։

7. Ուշադիր ըլլալը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ անպաշտօն կերպով վկայելու։

7 Ուշադիր ըլլալն ալ մեզի կ’օգնէ խօսակցութիւններ սկսելու։ Եթէ բարեկիրթ զաւակներ ունեցող ծնող մը նշմարենք, կրնանք զինք գովել ու հարցնել. «Ի՞նչ բան քեզի օգնած է յաջող ծնող մը ըլլալու»։ Քոյր մը իր գործատեղիին մէջ խօսուող նիւթերուն ուշադիր կ’ըլլայ, ապա մասնայատուկ տեղեկութիւններ կը բաժնէ, հիմնուելով գործակիցները հետաքրքրող նիւթերուն վրայ։ Երբ ան իմացաւ որ աշխատակից կին մը կը ծրագրէր ամուսնանալ, անոր տուաւ Զարթի՛ր–ի մէկ թիւը, որ կը բացատրէ ինչպէ՛ս հարսանիքը ծրագրել։ Ասիկա յաւելեալ աստուածաշնչական զրոյցներու առաջնորդեց։

8. Մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս կրնանք գործածել խօսակցութիւններ սկսելու։

8 Զրոյցներ սկսելու այլ կերպ մըն է՝ մեր հրատարակութիւնները կարդալ հո՛ն, ուր ուրիշներ մեզ կրնան տեսնել։ Եղբայր մը Դիտարան–ը կամ Զարթի՛ր–ը կը բանայ յօդուածի մը, որ հետաքրքրաշարժ վերնագիր ունի, եւ հանդարտօրէն կը սկսի զայն կարդալ։ Եթէ նկատէ թէ անհատ մը իր պարբերաթերթին կը նայի, ան հարցում մը կ’ուղղէ կամ յօդուածին մասին հակիրճ խօսք մը կ’ըսէ։ Ասիկա յաճախ խօսակցութեան մը եւ վկայութեան մը կ’առաջնորդէ։ Մեր հրատարակութիւններէն մէկը պարզապէս տեսանելի կերպով տեղ մը դնելը կրնայ գործակիցներու կամ դասակիցներու հետաքրքրութիւնը արթնցնել եւ զիրենք մղել, որ անոր մասին հարցումներ ուղղեն։

9, 10. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւններ ստեղծել։ բ) Ինչպէ՞ս կրցած ես ասիկա ընել։

9 Պատեհութիւններ ստեղծել։ Քարոզչութեան ստիպողականութեան ի տես, պէտք չէ անպաշտօն վկայութիւնը նկատենք բան մը, որ կրնայ լոկ դիպուածի ձգուիլ։ Փոխարէն, պէտք է ջանանք վկայութիւն մը տալու պատեհութիւններ ստեղծել, մինչ մեր առօրեայ գործունէութիւններով կը զբաղինք։ Կանխաւ մտածէ այն անհատներուն մասին, որոնց հաւանաբար հանդիպիս, եւ նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս բարեկամական խօսակցութիւն մը սկսիլ։ Ձեռքի տակ ունեցիր Աստուածաշունչ մը, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւններ, զորս կրնաս տալ հետաքրքրուողներուն (Ա. Պետ. 3։15)։

10 Հնարամիտ ըլլալով, շատ մը հրատարակիչներ անպաշտօն վկայութեան համար պատեհութիւններ ստեղծելու կերպեր գտած են։ Քոյր մը, որ չափազանց ապահովուած շէնքի մը մէջ կը բնակի, զբօսանքի յատկացուած վայրը կը գործածէ, որպէսզի գեղեցիկ բնանկարներու փազըլ–ներով զբաղի։ Երբ անհատներ կանգ կ’առնեն ու տեսարանին գեղեցկութեան մասին խօսք մը կ’ըսեն, ան այս պատեհութիւնը կը գործածէ խօսակցութեան մը սկիզբ դնելու եւ անոնց պատմելու ‘նոր երկինքի ու նոր երկրի’ աստուածաշնչական խոստումին մասին (Յայտ. 21։1-4)։ Կրնա՞ս մտածել կերպերու մասին, որոնցմով կրնաս անպաշտօն վկայութիւն տալու պատեհութիւններ ստեղծել։

11. Անպաշտօն վկայութեան ատեն մեր գտած հետաքրքրութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք հետապնդել։

11 Հետաքրքրութիւնը հետապնդել։ Եթէ լսող ականջ գտնես, ջանա՛ հետաքրքրութիւնը հետապնդել։ Եթէ յարմար է, կրնաս անհատին ըսել. «Քեզի հետ խօսիլը շատ հաճելի էր։ Ինչպէ՞ս կրնամ քեզի հետ կապ պահել, որպէսզի կարենանք դարձեալ խօսակցիլ»։ Կարգ մը հրատարակիչներ պարզապէս իրենց հասցէն ու հեռաձայնի թիւը կու տան անհատին ու կ’ըսեն. «Մեր զրոյցէն հաճոյք առի։ Եթէ կ’ուզես մեր խօսած նիւթին մասին աւելի գիտնալ, ահաւասիկ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ինծի հետ կապ պահել»։ Եթէ անձամբ չես կրնար հետաքրքրութիւնը հետապնդել, կարգադրէ որ յարմար ժողովքը ասիկա ընէ, անյապաղ ժողովքիդ քարտուղարին տալով Հաճեցէք այցելել (S-43) պատճէնը։

12. ա) Անպաշտօն վկայութեան մեր տրամադրած ժամանակը ինչո՞ւ պէտք է արձանագրենք ու տեղեկագրենք։ բ) Անպաշտօն վկայութեամբ ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք ձգուած են (տե՛ս «Անպաշտօն վկայութիւնը արդիւնք կու տայ» շրջանակը)։

12 Անպաշտօն վկայութեան մեր տրամադրած ժամանակը պէտք է տեղեկագրենք։ Հետեւաբար, վստահ եղիր որ զայն արձանագրես, նոյնիսկ եթէ օրը քանի մը վայրկեան է։ Հետեւեալը նկատի առ. եթէ իւրաքանչիւր հրատարակիչ ամէն օր հինգ վայրկեան անպաշտօն կերպով վկայէ, ասիկա ամէն ամիս աւելի քան 17 միլիոն ժամ կ’ընէ։

13. Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ անպաշտօն կերպով վկայելու։

13 Անպաշտօն կերպով վկայելու ազնուագոյն պատճառները ունինք,– Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ սէր (Մատ. 22։37-39)։ Եհովայի յատկութիւններուն ու նպատակներուն հանդէպ գնահատութեամբ լի սրտերը մեզ կը մղեն ‘իր թագաւորական փառաւոր մեծութեան’ մասին խօսելու (Սաղ. 145։7, 10-12)։ Մեր դրացիներով անկեղծօրէն հետաքրքրուիլը մեզ կը մղէ, որ բարի լուրը տալու ամէն յարմար պատեհութիւն օգտագործենք, մինչ տակաւին ժամանակ կայ (Հռով. 10։13, 14)։ Քիչ մը կանխամտածելով ու նախապատրաստուելով, բոլորս ալ կրնա՛նք անպաշտօն կերպով վկայել եւ թերեւս ճշմարտութիւնը պարկեշտ սիրտ ունեցողի մը ներկայացնելու ուրախութիւնը վայելենք։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Թերեւս օգտակար գտնես, որ պարզապէս մարդոց հանդիպելու եւ խօսակցութիւն սկսելու նպատակակէտը ունենաս

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Հնարամիտ ըլլալով, շատ մը հրատարակիչներ անպաշտօն վկայութեան համար պատեհութիւններ ստեղծելու կերպեր գտած են

[Շրջանակ՝ էջ 5]

Թելադրութիւններ՝ խօսակցութիւններ սկսելու համար

◼ Սկսելու համար՝ աղօթքով օգնութիւն խնդրէ

◼ Ընտրէ անհատներ, որոնք կը թուին ընկերային ըլլալ եւ աճապարանքով չեն

◼ Աչքի հաղորդակցութիւն հաստատէ, ժպտէ եւ ձեզ հետաքրքրող կէտի մը շուրջ խօսէ

◼ Լաւ ունկնդիր մը եղիր

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Անպաշտօն վկայութիւնը արդիւնք կու տայ

• Մինչ կառատան մը մէջ իր ինքնաշարժին նորոգութեան կը սպասէր, եղբայր մը իր շուրջիններուն վկայեց եւ հանրային դասախօսութեան հրաւիրող յայտաթերթիկներ տուաւ։ ՄԷկ տարի ետք, համաժողովի մը մէջ, անծանօթ եղբայր մը ջերմօրէն զինք բարեւեց։ Ան անոնցմէ մէկն էր, որ կառատան մէջ յայտաթերթիկ մը ստացած էր։ Ան հանրային դասախօսութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Թէ՛ ան եւ թէ իր կինը մկրտուած էին։

• Քոյր մը, որ անպաշտօն վկայութեամբ ճշմարտութիւնը ճանչցաւ, իր մասնայատուկ թաղամասը կը նկատէ այն անհատները, որոնց կը հանդիպի իր երեք զաւակներուն միջոցով։ Անոր թաղամասը կը պարփակէ դրացիներ ու ծնողներ, որոնց կը հանդիպի դպրոցը եւ ծնողական ժողովներուն մէջ։ Երբոր ինքզինք կը ծանօթացնէ, ան պարզօրէն ու սրտանց կ’ըսէ, թէ իրեն համար Աստուածաշունչը արժէքաւոր օգնական մըն է իր զաւակները մեծցնելու մէջ, ապա նիւթը կը փոխէ։ Հաղորդակցութեան գիծը հաստատելով, ան դիւրաւ Աստուածաշունչին նիւթը կը բանայ յաջորդ խօսակցութեան մէջ։ Այս մեթոտը գործածելով, ան 12 անհատներու օգնած է որ մկրտութեան հասնին։

• Երբ ապահովագրութեան ընկերութեան մը պաշտօնեան քրոջ մը այցելեց, քոյրը առիթը օգտագործեց վկայելու։ Ան մարդուն հարցուց թէ արդեօք կ’ուզէ՛ր լաւ առողջութեան, երջանկութեան եւ յաւիտենական կեանքի երաշխիքը ունենալ։ Ան այո՛ պատասխանեց, եւ հարցուց թէ ո՛ր ապահովագրական պայմանագրութեան մասին էր խօսքը։ Քոյրը անոր ցոյց տուաւ Աստուածաշունչի խոստումները եւ հրատարակութիւն մը ներկայացուց։ Ան մէկ գիշերուան մէջ զայն կարդաց։ Ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, սկսաւ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ եւ յետագային մկրտուեցաւ։

• Օդանաւով ճամբորդելու միջոցին, քոյր մը սկսաւ իր քով նստած կնոջ հետ խօսիլ եւ կրցաւ վկայութիւն մը տալ։ Ճամբորդութեան աւարտին, քոյրը իր հասցէն ու հեռաձայնի թիւը տուաւ կնոջ եւ զինք քաջալերեց, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրէ, երբ Եհովայի վկաները իրեն այցելեն։ Յաջորդ օրն իսկ, երկու Վկաներ կնոջ դուռը զարկին։ Ան սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, արագօրէն յառաջդիմեց, մկրտուեցաւ, եւ շատ չանցած՝ Աստուածաշունչի երեք ուսումնասիրութիւններ կը վարէր։

• Ծերանոցի մը մէջ ապրող 100 տարեկան կոյր եղբայր մը յաճախ կ’ըսէ. «Մենք Թագաւորութեան կարիքը ունինք»։ Ասիկա հիւանդապահուհիներն ու հիւանդները մղած է հարցումներ ուղղելու, ինչ որ զինք կարող կ’ընէ Թագաւորութեան բնոյթը բացատրելու։ Հոն աշխատող կիներէն մէկը անոր հարցուց, թէ Դրախտին մէջ ի՛նչ պիտի ընէ։ Ան պատասխանեց. «Դարձեալ պիտի տեսնեմ ու քալեմ, եւ հաշմակառքս պիտի այրեմ»։ Կոյր ըլլալով, ան կնոջմէն կը խնդրէ որ պարբերաթերթերը իրեն կարդայ։ Երբ եղբօր դուստրը այցելեց, կինը անկէ արտօնութիւն խնդրեց որ պարբերաթերթերը տուն տանի։ Հիւանդապահուհի մը դուստրին ըսաւ. «Ծերանոցին մէջ մեր նոր բնաբանն է՝ ‘Մենք Թագաւորութեան կարիքը ունինք’»։

• Ճաշարանի մը մէջ, կարգի կեցած քոյր մը լսեց ծերունիներ, որոնք քաղաքական հարցեր կը քննարկէին։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ թէ կառավարութիւնը չի կրնար մեր խնդիրները լուծել։ Քոյրը իր մտքին մէջ ըսաւ. ‘Ասիկա իմ առիթս է’։ Ան հակիրճ աղօթք մը մատուցանեց եւ անոնց մօտեցաւ։ Ինքզինք ծանօթացնելէ ետք, անոնց պատմեց կառավարութեան մը մասին, որ մարդկութեան խնդիրները պիտի լուծէ,– Աստուծոյ Թագաւորութիւնը,– եւ անոնց գրքոյկ մը տուաւ։ Այդ պահուն տնօրէնը եկաւ։ Քոյրը խորհեցաւ թէ ան պիտի խնդրէր որ մեկնէր։ Փոխարէն, ան քրոջ ըսաւ թէ իրեն մտիկ կ’ընէր եւ կ’ուզէ գրքոյկ մը ստանալ։ Խօսակցութիւնը մտիկ ընող պաշտօնեայ կին մը արտասուալից աչքերով մօտեցաւ։ Ան Աստուածաշունչի նախկին աշակերտ մըն էր, որ կ’ուզէր իր ուսումնասիրութիւնը վերսկսիլ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել