‘Ամբողջական Վկայութիւն Տալու’ Մէջ Ժրաջան Եղէք
1, 2. Բարի լուրի քարոզչութեան հանդէպ Պօղոսի տեսակէտը ի՞նչպէս կը տպաւորէ ձեզ, եւ ի՞նչպէս կրնանք ‘ամբողջական վկայութիւն տալու’ մէջ իր օրինակը ընդօրինակել։
1 Յիսուսի եւ շատ մը վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն նման, Պօղոս առաքեալ բարի լուրի նախանձախնդիր քարոզիչ մըն էր, ‘ամբողջական վկայութիւն տալով’, ինչ որ ալ ըլլար պարագան։ Նոյնիսկ երբ տան մը մէջ արգելափակուած էր, ան «բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով . . . կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ»։—Գործք 28։16-32
2 Մենք ալ կրնանք ամէն ժամանակ ‘ամբողջական վկայութիւն տալու’ մէջ ժրաջան ըլլալ։ Ասիկա կը պարփակէ վկայել այն մարդոց, որոնց կը հանդիպինք «Աստուծոյ Փառք Տանք» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին առթիւ մեր ճամբորդութեան ընթացքին եւ հիւրընկալ քաղաքին մէջ։—Գործք 28։23, ՆԱ. Սաղմ. 145։10-13
3. Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ չտալ որ մեր անպաշտօն վկայութիւնը միայն պատահական ջանքի վերածուի։
3 Պատահակա՞ն թէ Անպաշտօն Վկայութիւն. Տարբերութիւն մը կա՞յ։ Անշուշտ։ Բան մը որ պատահական է, պարզապէս տեղի կ’ունենայ դիպուածով կամ անդիտումնաւոր կերպով, կարծես թէ ծրագրուած չէր կամ չնչին կարեւորութիւն ունի։ Վստահաբար, այս բառը մեր ծառայութիւնը չի բնութագրեր։ Պօղոսի նման, մեզի համար կարեւոր է մեր վկայութեամբ Աստուծոյ փառք տալ, եւ մեր դիտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ վկայութիւն տալ հոն ուր յարմար է, մեր ճամբորդութիւններու ընթացքին այս ամառ։ Սակայն, ուրիշներուն մօտենալու մեր կերպը կրնայ պատշաճօրէն նկարագրուիլ որպէս անպաշտօն, այսինքն՝ հանդարտ, բարեկամական եւ բնական։ Այս մօտեցումը կրնայ լաւ արդիւնքներ յառաջ բերել։
4. Ի՞նչ բան Պօղոսը կարող դարձուց որ վկայէ այն տան մէջ, ուր արգելափակուած էր։
4 Պատրաստուեցէք Վկայութիւն մը Տալու. Պօղոս վկայելու պատեհութիւններ պէտք էր ստեղծէր, մինչ Հռովմի մէջ տան մը մէջ արգելափակուած էր։ Ան տեղական Հրեայ առաջնորդները իր տունը հրաւիրելու նախաքայլը առաւ։ (Գործք 28։17) Թէեւ Հռովմի մէջ քրիստոնէական ժողովք մը կար, սակայն Պօղոս իմացաւ թէ այդ քաղաքին մէջ Հրեայ համայնքը քրիստոնէական հաւատքին մասին ուղղակի տեղեկութիւններ չունէր։ (Գործք 28։22. Հռովմ. 1։7) Ան Յիսուս Քրիստոսի ու Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ‘ամբողջական վկայութիւն տալէ’ ետ չկեցաւ։
5, 6. Անպաշտօն կերպով վկայելու ի՞նչ պատեհութիւններ կրնանք ունենալ, եւ ի՞նչ պատրաստութիւններ կրնանք տեսնել որ ազդուօրէն վկայենք։
5 Պահ մը խորհեցէք այն բոլոր մարդոց մասին, որոնց հետ շփման մէջ պիտի գաք ձեր ճամբորդութիւններու ընթացքին, որոնք Եհովայի Վկաներուն մասին մակերեսային գիտութիւն ունին։ Թերեւս անոնք նոյնիսկ չեն գիտեր թէ տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւններ կը ներկայացնենք։ Վկայելու պատեհութիւնները օգտագործեցէք, մինչ կը ճամբորդէք, հանգստավայրի մը մէջ կանգ կ’առնէք, ինքնաշարժին մէջ քարիւղ կը լեցնէք, գնում կ’ընէք, պանդոկի մէջ կ’իջեւանէք, ճաշարանի մէջ կ’ուտէք, հանրային փոխադրամիջոցներ կը գործածէք, եւայլն։ Կանխաւ որոշեցէք թէ ի՛նչ պիտի ըսէք խօսակցութիւն մը սկսելու եւ հակիրճ վկայութիւն մը տալու համար։ Թերեւս յառաջիկայ օրերուն կրնաք փորձ ընել, անպաշտօն կերպով վկայելով ձեր դրացիներուն, ազգականներուն, գործակիցներուն եւ այլ ծանօթներու։
6 Երբ անպաշտօն կերպով կը վկայէք, պիտի ուզէք գրականութիւններ գործածել։ Ո՞ր գրականութիւնները։ Կրնաք գործածել Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը։ Ուշադրութեան յանձնեցէք առաջին հինգ պարբերութիւնները, ուր Աստուածաշունչը կարդալու համար զանազան պատճառներ կը տրուին։ Թերթիկին ետեւի կտրօնը ցոյց տուէք, տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւն մը խնդրելու համար։ Երբ ընդառաջող անհատ մը գտնէք, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Օտարախօսի մը հանդիպելու ակնկալութեամբ, ձեր հետ ունեցէք Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար գրքոյկը։ Անոր 2–րդ էջը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնաք զայն գործածել վկայութիւն մը տալու համար։ Եթէ ինքնաշարժով կը ճամբորդէք, կրնաք ձեր հետ յաւելեալ հիմնական գրականութիւններ առնել, Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ իսկական հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն համար։
7, 8. Ճամբորդութեան ընթացքին եւ հանգիստի ժամանակներուն մեր անձնական երեւոյթին ու վարքին նկատմամբ ո՞ր զգուշացումին ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։
7 Ուշադրութիւն Ընծայեցէք Ձեր Արտաքին Երեւոյթին ու Վարքին. Վստահ պէտք է ըլլանք որ մեր վարքը, ինչպէս նաեւ մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը, ուրիշներու վրայ սխալ տպաւորութիւն չձգեն կամ պատճառ չըլլան որ անոնք Եհովայի կազմակերպութեան ‘դէմ խօսին’։ (Գործք 28։22) Ասիկա կը կիրարկուի ո՛չ միայն երբ համաժողովին ներկայ ենք, այլ նաեւ երթուդարձի եւ հանգիստի ժամանակ։ Դիտարան 1 Օգոստոս 2002, էջ 30, պարբերութիւն 14, զգուշացուց. «Մեր հագուստը պէտք չէ ցուցամոլական, արտառոց, գրգռիչ, մարմինը ցուցադրող, կամ չափազանց նորոյթէն ըլլայ։ Ասկէ զատ, պէտք է այնպիսի հագուելակերպ մը ունենանք որ «աստուածպաշտութիւն» կ’արտացոլացնէ։ Ասիկա լուրջ խորհրդածութեան արժանի գաղափար մը չէ՞։ Կարելի՞ է ժողովքային հանդիպումներուն պատշաճօրէն հագուիլ, ապա ուրիշ ատեններ բոլորովին անհոգ գտնուիլ։ Մեր անձնական երեւոյթը պէտք է միշտ բարեպաշտ ու պատուական կեցուածք մը արտացոլացնէ, քանի որ մենք օրուան 24 ժամը Քրիստոնեաներ եւ քարոզիչներ ենք»։—Ա. Տիմ. 2։9, 10
8 Պէտք է պարկեշտ ու արժանավայել կերպով հագնինք։ Եթէ մեր արտաքին երեւոյթը եւ վարքը միշտ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը արտացոլացնեն, երբեք պիտի չստիպուինք ետ կենալ անպաշտօն կերպով վկայելէ, քանի որ մեր անձնական երեւոյթը անպատշաճ է։—Ա. Պետ. 3։15
9. Պօղոս Հռովմի մէջ վկայելու ի՞նչ յաջողութիւն ունեցաւ։
9 Անպաշտօն Վկայութիւնը Արդիւնաբեր Է. Հռովմի մէջ երբ Պօղոս երկու տարի տան մը մէջ արգելափակուած էր, վկայելու իր ջանքերը լաւ արդիւնքներ բերին։ Ղուկաս տեղեկագրեց թէ «ոմանք հաւատացին ըսածներուն»։ (Գործք 28։24) Պօղոս անձամբ արժեւորեց իր ‘ամբողջական վկայութիւն մը տալուն’ ազդուութիւնը, երբ գրեց. «Ինչ որ ինծի պատահեցաւ՝ ա՛լ աւելի աւետարանին յառաջդիմութեանը պատճառ եղաւ. նոյնիսկ իմ կապերս, որոնք Քրիստոսին համար են, բոլոր պալատին մէջ եւ ամենուն ալ յայտնի եղան։ Եւ Տէրոջմով եղբայրներէն շատերը սիրտ առին իմ կապերէս եւ ա՛լ աւելի համարձակեցան Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի»։—Փիլ. 1։12-14
10. Անցեալ ամառ, ամոլ մը ի՞նչ յաջողութիւն գտաւ վկայելու մէջ։
10 Անցեալ ամառ, նահանգային համաժողովին մէկ օրը անցընելէ ետք, ամոլ մը արդիւնաբեր փորձառութիւն մը ունեցաւ, երբ անպաշտօն կերպով սպասեակի մը վկայեց, որ իրենց հարցուցած էր համաժողովի լանջանշանին մասին։ Անոնք խօսեցան համաժողովի մասին, նաեւ մարդկութեան ապագային նկատմամբ Աստուածաշունչի ներկայացուցած յոյսին մասին։ Անոնք իրեն տուին Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը, եւ բացատրեցին տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը։ Կինը փափաքելով որ մէկը իրեն այցելէ, թերթիկին ետեւի կողմը իր անունն ու հասցէն գրեց, եւ ամոլէն խնդրեց որ հարկ եղած կարգադրութիւնները ընեն։ ‘Ամբողջական վկայութիւն տալու’ մէջ ժրաջան ըլլալով, այս տարի ի՞նչ յաջողութիւն կրնաք վայելել։
11. Ո՞ր յատկութիւնները պէտք է մշակենք, որպէսզի այս ամառ բարի լուրը յառաջ տանինք՝ ‘ամբողջական վկայութիւն տալով’։
11 Բարի Լուրը Լիովին Յառաջ Տարէք. Երեւակայեցէք թէ Պօղոս որքա՜ն ուրախացաւ, երբ լսեց թէ Քրիստոնեայ հաւատակիցները իր նախանձախնդրութիւնը կ’ընդօրինակէին։ Թող որ մեր կարելին ընենք բարի լուրը յառաջ տանելու համար, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հաւատալիքներուն մասին անպաշտօն կերպով վկայելով, մինչ այս ամառուան նահանգային համաժողովէն կ’օգտուինք։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Անպաշտօն Վկայութեան Համար Հարկ Եղած Գրականութիւններ
■ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ (թերթիկ)
■ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ (գրքոյկ)
■ Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար (գրքոյկ)
■ Այլ հիմնական գրականութիւններ
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Զանոնք Մի՛ Մոռնաք
Ո՞վ չմոռնանք։ Բոլոր անոնք որոնք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին կամ մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան։ Զիրենք հրաւիրա՞ծ ենք որ այս տարուան նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուին։ Եթէ ազնուօրէն քաջալերենք, շատ հաւանական է որ անոնցմէ շատեր ներկայ գտնուին։ Երբ անոնք համաժողովի շինիչ ընկերակցութիւնը եւ քաջալերական հոգեւոր յայտագիրը վայելեն, Եհովայի ու իր կազմակերպութեան ա՛լ աւելի պիտի մօտենան։ Մի՛ վարանիք զանոնք հրաւիրելու։ Հարկ եղած բոլոր մանրամասնութիւնները տուէք անոնց, ի ներառեալ համաժողովի թուականը, ի՛նչպէս համաժողովի վայրը հասնիլ, նիստերուն ժամերը, եւ յայտագրին ուրուագիծը, որ նշուած է Զարթի՛ր 8 Յունիս 2003 թիւին վերջին էջին մէջ։