ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ՞Ք ԱՅՍ ԱՄԱՌ
1 Մեր առօրեայ կեանքը կը պարփակէ մասնայատուկ ժամանակներ մարդոց հետ խօսելու Եհովայի մասին։ Մենք ժամանակ կը յատկացնենք տունէ տուն պաշտօնապէս վկայելու, վերայցելութիւններ ընելու, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու։ Բայց շատ մը ուրիշ նուազ պաշտօնական պատեհութիւններ կան, երբ կրնանք մարդոց հետ խօսիլ ճշմարտութեան մասին։ Այս քարոզչութեան կ’ակնարկենք որպէս անպաշտօն վկայութիւն։
2 Կարգ մը հրատարակիչներ շատ առիթներ կը գտնեն ծառայութեան այս տեսակին մասնակցելու։ Բոլորս ալ կրնանք ջանալ այսպիսի առիթներու նկատմամբ արթուն ըլլալու այս ամառ, մինչ կը ճամբորդենք համաժողովին ներկայ ըլլալու կամ անկէ վերադառնալու, արձակուրդ կ’առնենք, եւ ազգականները կ’այցելենք։ Պատեհութիւնները պիտի օգտագործէ՞ք անպաշտօն վկայութիւն տալու այս ժամանակին ընթացքին։
3 Առաջուընէ Ծրագրեցէք. Նախապատրաստութիւնն ու նախամտածութիւնը մեզի կարող պիտի դարձնեն անպաշտօնօրէն վկայելու ազդեցիկ կերպով մը։ Ասոր առնչութեամբ, այլազան գրականութիւններով լաւ կերպով զինուած ենք ասիկա կատարելու։ Դիտարանէն ու Զարթի՛րէն զատ, մի քանի թերթիկներ ունինք որոնք կը ներկայացնեն միտք գրգռող խորագիրներ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար։ Գրքոյկներ կան որոնք կոչ կ’ընեն այլազան ծագումներ ու կրօնքներ ունեցող մարդոց։ Նաեւ ունինք գրպանի չափով գիրքեր որոնք կը բովանդակեն այնպիսի նիւթեր որոնք ներկայիս հետաքրքրական են։ Ո՞ր գրականութիւնները հանգիստ կը զգաք գործածելու։ Որպէս ընտանիք ասոր մասին մտածեցէք։ Ետքը փորձ ըրէք ինչ որ պիտի ըսէք երբ յարմար պատեհութիւնը հանդիսանայ։
4 Մինչ Արձակուրդ Առած Էք. Արձակուրդի ժամանակը հոյակապ ատեն մըն է անպաշտօն կերպով վկայելու։ Կը ծրագրէ՞ք ճամբորդել օդանաւով կամ հանրակառքով։ Ուրեմն ձեր հետ առէք Աստուածաշունչ մը եւ վերոյիշեալ գրականութիւններէն մէկը։ Այսպիսի գրականութիւններ կարդալը հանրային փոխադրութեան միջոցներու մէջ, յաճախ խօսակցութեան մը սկիզբ կու տայ։ Եթէ ճամբորդէք ինքնաշարժով, մտածեցէք թէ ի՛նչ կրնաք ըսել երբ կանգ կ’առնէք կայանի մը կամ ճաշարանի մը մէջ։ Այսպիսի պատեհութիւններու համար, կրնաք թերթիկներու քանակ մը պահել ձեռքի տակ, որպէսզի հետաքրքրուող անհատներու տաք։ Եթէ կը գտնուիք գեղեցիկ ծովեզերքի մը կամ հանրային պարտէզի մը մէջ, թերեւս կարենաք վկայելու սկսիլ մէկու մը հարցնելով. «Գեղեցիկ բան մը պիտի չըլլա՞ր եթէ ամբողջ երկիրը ասոր նմանէր»։
5 Ամառուան ամիսները կրնան մեզի թարմութիւն ու հանգստութիւն տալ, բայց թող որ չանտեսենք մեր ունեցած պատեհութիւնները անպաշտօն վկայութիւն մը տալու։ Քարոզելու այս մեթոտը պտղաբեր է, եւ Եհովայի ծառաները պէտք է բաժին բերեն անոր մէջ։ Յիսուսի նման, թող որ մեր սէրը մարդոց հանդէպ մղէ մեզ ամէն յարմար առիթի խօսելու։—Մատթ. 5։14–16