ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՅՈՒՆԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Յունիս 1-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 13
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն։
10 վյրկ. Տեղական կարգադրութիւն։
15 վյրկ. «Մարդկութեան Կարիքը Աստուած Փնտռելու»։ Հարց պատասխանով։ Խանդավառութիւն կերտեցէք այս ամսուան մեր աշխատանքին նկատմամբ դաշտին մէջ։ Ցոյց տուէք թէ ինչպէ՛ս գրականութիւնը կրնայ զանազան կրօնքներու պատկանող մարդոց օգնել ձեր թաղամասին մէջ։
15 վյրկ. «Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ Գիրքով Օգնեցէք՝ Յունիս Ամսուան Մէջ»։ Բացատրեցէք ու ցուցադրեցէք յօդուածին կարգ մը թելադրութիւնները։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ ցոյց տուէք ինչպէ՛ս գործածել ուղղակի մօտեցումը ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Նաեւ, ցոյց տուէք թէ ինչպէ՛ս կարելի է ազդուօրէն գործածել ճշմարիտ կրօնքը բնորոշելու տասը կերպերը, որոնք կը գտնուին 377–րդ էջին մէջ։
Երգեցողութիւն 102 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 8-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 21
10 վյրկ. Ծանուցումներ։ Առաջուընէ կարգադրեցէք որ երկու կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրաներ խօսին այն բացումներուն մասին որոնք ազդեցիկ են տեղական թաղամասին մէջ։
20 վյրկ. «Անձնազոհ Հոգի մը Ունեցէք»։ Դասախօսութիւն հիմնուած 1 Մայիս 1992 Դիտարանի յօդուածին վրայ, էջ 26–9։ Շեշտեցէք թէ անձնազոհ հոգի մը ունենալը կամքի թողուած բան մը չէ, այլ՝ Քրիստոնէական պահանջ մըն է։ Մենք չենք վնասեր զոհելով նիւթական բաները եւ զբօսանքի գործունէութիւնները որպէսզի Թագաւորութեան շահերը նախ փնտռենք։
15 վյրկ. Տեղական կարգադրութիւն։
Երգեցողութիւն 212 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 15-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 34
10 վյրկ. Ծանուցումներ։ Խօսեցէք Մարտ ամսուան ծառայութեան տեղեկագիրին աչքառու կէտերուն մասին։ Հաշիւի տեղեկագիրը ներկայացուցէք։ Ժողովքը գովեցէք կատարուած աշխատանքին համար դաշտի ծառայութեան մէջ եւ առատաձեռնօրէն նիւթական գետնի վրայ ժողովքին թիկունք կանգնելուն համար։
20 վյրկ. «Անպաշտօն Վկայութեան Պիտի Մասնակցի՞ք Այս Ամառ»։ Յօդուածին կէտերը բացատրեցէք ու ցուցադրեցէք։ Այն իրողութիւնը շեշտեցէք թէ մենք Եհովայի Վկաներ ենք ամէն ատեն, ուստի կ’ուզենք պատեհութիւններ փնտռել վկայութիւն մը տալու։ Առաջուընէ պատրաստեցէք երկու հակիրճ փորձառութիւններ ուր անհատներ մասնակցեցան անպաշտօն վկայութեան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով կամ ուր անհատ մը ժողովքին մէջ հետաքրքրուեցաւ ճշմարտութեամբ որպէս հետեւանք անպաշտօն վկայութեան։
15 վյրկ. Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը Յունիս ամսուան ընթացքին ներկայացնելու մասին խօսակցութիւն ու ցուցադրութիւններ, գործածելով Եսայեայ 55։6, 7–ն ու Գործք 17։26, 27–ը։ Ցոյց տուէք թէ ինչպէ՛ս նորեկներ ու պատանիներ կրնան գործածել պարզ ներկայացում մը՝ մէջբերելով միայն Եսայեայ 55։6, 7–ը։
Երգեցողութիւն 28 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 22-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 85
5 վյրկ. Ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Երբ տեղեկութիւնները նկատի կ’առնէք, բաղդատեցէք ներկայ տեղեկագիրը 1986–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագիրին հետ՝ այդ մասնաճիւղերուն մասին, ինչպէս որ կը գտնուի 1987–ի Տարեգիրքին ծառայութեան տարեկան տեղեկագիրին մէջ։
20 վյրկ. «Ռահվիրայութիւն Ընելը՝ Սիրոյ Արտայայտութիւն մըն Է»։ Հարց պատասխանով։ 3–րդ եւ 4–րդ պարբերութիւնները նկատի առնելէ յետոյ, տեսակցութիւն ունեցէք երեք կանոնաւոր ռահվիրաներու հետ (կամ այն հրատարակիչներու հետ որոնք կանոնաւորաբար կամ պարբերաբար օժանդակ ռահվիրայութեան կը մասնակցին), պարփակելով՝ եթէ մատչելի է, պատանի կանոնաւոր ռահվիրայ մը որ ռահվիրայութեան սկսած է ուղղակի դպրոցը աւարտելէ յետոյ։ Հարցուցէք թէ ինչպէ՞ս իրենց գործերը կարգի կը դնեն որպէսզի ռահվիրայութիւն ընեն, ի՞նչ բան մղեց զիրենք այնպէս ընելու, ի՞նչ նիւթական զոհողութիւններ պէտք էր ընէին, եւ ի՞նչ օրհնութիւններ ստացած են մինչ կը ծառայեն որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ։
20 վյրկ. «Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Սկսելու Նպատակակէտով Վերադառնալ»։ Բացատրութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ 3–րդ պարբերութեան մէջ թելադրուած Աստուածաշունչի խօսակցութիւնը ցուցադրեցէք։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար որպէս հիմ գործածեցէք Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը՝ էջ 372–5, §§ 17–20։
Երգեցողութիւն 46 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 29-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 138
10 վյրկ. Ծանուցումներ։ Ներկայացուցէք երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս սուրբ գրային խօսակցութիւն մը ունենալ, այս շաբաթավերջին, պարբերաթերթեր մատուցանելու ատեն վերայցելութիւններուն ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
15 վյրկ. «Առաքելական Յաջորդութիւնը»։ Ծառայութեան տեսուչը կ’ընկերանայ ռահվիրայի մը, որ կը վերայցելէ անհատ մը, որ հարց տուած էր. «Պապը Պետրոս առաքեալին յաջորդող մը չէ՞»։ Խօսակցութիւնը հիմնեցէք Պատճառաբանել գիրքին վրայ, էջ 37–էն (180–էն, Արբ.) մինչեւ էջ 39–ի (182–ի, Արբ.) առաջին խորագիրը։
20 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կարելի է վերաքաղ ընել ներկայացուած կէտեր վերջին մասնաւոր համաժողովի օրուան յայտագիրին մէջ, զորս կարելի է կիրարկել տեղականօրէն։
Երգեցողութիւն 77 եւ փակման աղօթք։