ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼԸ՝ ՍԻՐՈՅ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է
1 Սէրը Եհովայի ու մեր դրացիներուն հանդէպ կը մղէ մեզ քարոզչութեան գործունէութեան մասնակցինք աւելի կատարեալ կերպով։ Մինչ Եհովայի ու մարդոց հանդէպ մեր սէրը կ’աճի, կ’ոգեւորուինք ծրագրելու ա՛լ աւելի բաժին մը բերել ծառայութեան մէջ։ Մեր սէրը կը լայննայ մինչ կ’աւելնանք Աստուծոյ Խօսքին ‘ճշգրիտ գիտութեան’ մէջ։ (Փիլպ. 1։9, 10) Որքան աւելի կը սորվինք Եհովայի կամքին մասին, այդքան աւելի կը գնահատենք մեր ապրած ժամանակներուն ստիպողականութիւնը։ Ասիկա կը զօրացնէ մեր հետաքրքրութիւնը ուրիշներով։ Շատեր իրենց սիրալիր հետաքրքրութիւնը կ’արտայայտեն որդեգրելով ռահվիրայական ծառայութիւնը։
2 Կրնա՞ք պէտք եղած բարեճշդումները ընել որպէսզի օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ մը ըլլաք։ Անշուշտ, կարելի չէ որ բոլորս ալ ռահվիրայութիւն ընենք։ Բայց ամէն մէկս պէտք է աղօթքով վերլուծէ իր պարագաները։
3 Քիչ Քրիստոնեաներ կը նկատեն թէ ազատ շատ ժամանակ ունին ռահվիրայութիւն ընելու, հետեւաբար, անհրաժեշտ կ’ըլլայ ‘ժամանակը ծախու առնել’ այն անհարկի բաներէն որոնք ներկայիս մեր ժամանակը կը սպառեն։ (Եփես. 5։15–17) Աստուծոյ ո մարդոց հանդէպ մեր սէրը պէտք է մեզի յօժար դարձնէ զոհելու մեր կարգ մը անձնական փափաքներն ու հանգստութիւնները, որպէսզի մեր սէրը արտայայտենք աւելի լման կերպով։ (Մար. 12։33) Մեր ձեռք ձգած բաներէն շատեր, եւ թերեւս զգանք թէ բնական բաներ են, կարելի է որ աշխարհի ուրիշ մասերու մէջ սեպուին որպէս պերճանք։
4 Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու որ մտածեն Աստուծոյ ցոյց տուած այս ուղղութեամբ։ Ծնողները պէտք է աստուածպետական նպատակակէտեր դնեն իրենց զաւակներուն առջեւ՝ կանուխ տարիքէն։ Երբ կը մօտենան դպրոցը աւարտելու, անոնք կը մտածեն աշխարհայի՞ն նպատակակէտերու մասին թէ ոչ հոգեւոր։ Կ’ուզենք օգնել մեր դեռահասակներուն որ տեսնեն մնայուն օգուտները որոնք կու գան կանուխ տարիքէն ռահվիրայական ծառայութեան մասնակցելով։ Ասիկա երկինքի մէջ գանձեր դիզել է։ (Մատթ. 6։19–21) Անիկա Աստուծոյ կը հաճեցնէ ու կ’ապացուցանէ մեր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը իրեն։ Եւ ուրիշներու կեանքը կ’ազատէ։
5 Աստուծոյ կամքն է ‘‘որ բոլոր մարդիկ փրկուին’’։ (Ա. Տիմ. 2։4) Կրնա՞նք ցոյց տալ թէ ասիկա նաեւ մեր կամքն է։ Կրնանք՝ եթէ յօժար ենք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու։ Ասիկա նաեւ կրնանք ընել վստահութիւն ունենալով թէ Եհովա պիտի հայթայթէ կեանքի անհրաժեշտ բաները։ (Մատթ. 6։31–33) Տնտեսական վիճակները կրնան վատթարանալ, բայց մեզի հոգ տանելու Եհովայի խոստումը բնաւ չի փոխուիր։—Սաղմ. 37։25
6 Մեր ջանասիրութիւնը բաժին բերելու դաշտի ծառայութեան մէջ որքան որ մեր պարագաները կը ներեն, սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ Ոմանց ասիկա պիտի նշանակէ կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլալ։ Ինչո՞ւ չընէք ամէն ինչ որ կրնաք, որպէսզի սկսիք 1 Սեպտեմբեր 1992–ին։