ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունիսին՝ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ։ Յուլիսին՝ հետեւեալ գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Կեանքը Վայելեցէք Երկրի Վրայ Յաւիտեան, ‘‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’’, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք, կամ Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտը Պիտի Բերէ։ Օգոստոսին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Սեպտեմբերին՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք տակաւին չեն խնդրած վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւնները, պէտք է խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ Յունիս 1-ին, կամ անկէ ետք՝ կարելի եղածին չափ շուտ։ Ժողովքին ծանուցում մը ըրէք երբ ասիկա կը կատարուի։
◼ Կարեւոր բան մըն է իւրաքանչիւր հրատարակիչի ու ընտանիքի, որ որոշ կարգադրութիւններ ընեն կանոնաւորաբար բաժին բերելու դաշտի ծառայութեան մէջ, ամառուան արձակուրդի ամիսներուն ընթացքին։ Եթէ ձեր ժողովքէն հեռու էք ամսուան վերջաւորութեան, վստահ եղէք ձեր դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը ժողովքի քարտուղարին ղրկելու բաւարար ժամանակ առաջ, որպէսզի պարփակուի այդ ամսուան ժողովքի տեղեկագիրին մէջ։