ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Գորէա. 68,310 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը արձանագրուեցաւ Յունուար ամսուան մէջ։ Եօթը ժողովքներ տեղեկագրեցին թէ բոլոր մկրտուած հրատարակիչները մասնակցեցան լիաժամ ծառայութեան զանազան տեսակներուն։ Ժողովք մը տեղեկագրեց 12 կանոնաւոր ռահվիրաներ, 15 օժանդակ ռահվիրաներ, եւ ոչ մէկ հրատարակիչ։
Նիկերիա. Յունուար ամսուան տեղեկագիրը ցոյց տուաւ 156,001 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը, 7 առ հարիւր յաւելում մը անցեալ տարուան միջինին վրայ։