ԿՐՆԱ՞Ք ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅԵԼ ՈՐՊԷՍ ՌԱՀՎԻՐԱՅ ՄԸ
1 Մեր «Լոյս Կրողներ» Նահանգային Համաժողովին մէջ, դասախօս մը հարցուց. «Կրնա՞ք ռահվիրայ մը ըլլալ։ Ռահվիրայ մը պիտի ըլլա՞ք»։ Ան նշեց թէ այս հարցումները պատշաճ են քանի որ Արմագեդոնը շատ մօտ է, եւ ասիկա քարոզչութեան գործը աւելի ստիպողական կը դարձնէ քան որեւէ ժամանակին։—Ա. Կորն. 7։29ա
2 Կասկած չկայ թէ ռահվիրայութիւնը ծանր աշխատանք մըն է։ Ան կը պահանջէ ինքնակրթութիւն եւ լաւ կազմակերպութիւն։ Այսուհանդերձ, մեր ջանքը ծառայութեան մէջ «պարապ չէ»։ (Ա. Կորն. 15։58) Նոյն բանը կարելի՞ է ըսել ուրիշ գործունէութիւններու մասին որոնցմով կը զբաղինք եւ մեր ժամանակն ու կորովը կը սպառեն։ Այն սէրը որ Եհովայի հանդէպ Քրիստոնեաները ունին, կը մղէ զիրենք որ նախանձախնդիր ըլլան իր ծառայութեան մէջ, եւ նախանձախնդրութիւնը Եհովայի ծառայութեան հանդէպ շատերը առաջնորդեց ռահվիրայութեան գործին։—Ա. Յովհ. 5։3. Յայտ. 4։10
3 Եհովայի շատ մը պատանի ծառաներ, որոնք բարձրագոյն վարժարանը վերջերս աւարտած են, լրջօրէն կը մտածեն ռահվիրայ ըլլալու մասին։ Ասիկա ամբողջովին նպատակայարմար է։ Ուրիշ ո՞ր զբաղումը կրնայ աւելի կարեւոր ըլլալ քան լիաժամ ծառայութիւնը։ (Մատթ. 6։33) Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պէտք է քարոզուի. ասիկա Եհովայի գործն է, եւ ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է որ անհատ մը մխրճուի անոր մէջ իր պատանեկութենէն ի վեր։—Մատթ. 24։14
4 Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները կը քաջալերէ՞ք որ լիաժամ ծառայութիւնը ստանձնեն։ Ձեր զաւակները յստակօրէն կը հասկնա՞ն թէ իրենցմէ կ’ուզէք որ իրենց ամբողջ սիրտը, անձը, եւ զօրութիւնը գործածեն նեղութիւնը արժող այս գործին մէջ։ (Մար. 12։30) Շատ մը պատանի հրատարակիչներ երբ տակաւին դպրոց կը յաճախեն, իրենք զիրենք կանոնաւոր ռահվիրայութեան գործին կը պատրաստեն, մասնակցելով օժանդակ ռահվիրայութեան ամէն առիթով։ Վստահաբար Եհովայի հանդէպ այսպիսի նուիրում մը իր սիրտը կ’ուրախացնէ։—Առ. 27։11
5 Անշուշտ, ամէն անհատ ռահվիրայական ծառայութեան թոյլ տուող պարագաներ չունի։ Սակայն, ըլլաք ամուսնացած կամ ամուրի, պատանի կամ տարեց, լրջօրէն ու աղօթքով մտածե՞ր էք որ Եհովայի ծառայէք որպէս բարի լուրի ռահվիրայ ծառայ մը։ (Կող. 3։23) Բազմաթիւ երիտասարդ զոյգեր կ’աշխատին իրենց ծառայութիւնը ընդլայնելու այնպէս որ իրենցմէ մէկը կամ երկուքնին ալ կարենան ռահվիրայութեան մասնակցիլ։
6 Եթէ ներկայիս չէք կրնար բաժին բերել կանոնաւոր ռահվիրայութեան մէջ, կրնա՞ք որպէս օժանդակ ռահվիրայ մը ծառայել։ Հաւանաբար շատ հրատարակիչներ ձեր ժողովքին մէջ կը ծրագրեն այդպէս ընել Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Կրնա՞ք անոնց հետ միանալ։ Թէեւ Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաները շատ օրհնութիւններ կը ստանան, յաւելեալ օրհնութիւններ կը սպասեն անոնց որոնք կրնան Թագաւորութեան ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնել, փնտռելով ոչխարանման անհատները։—Գործք 20։35