ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐԵԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԵՐՊԸ ՔԱՐՈԶԵՑԷՔ
1 Մարդիկ շատ մը առաջարկներ ըրած են խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար, բայց ասոնցմէ ոչ մէկը գոհացում կու տայ մարդոց իսկական կարիքներուն համայն աշխարհի մէջ։ Թէեւ կրօնական, ցեղային, եւ ազգային ատելութիւնները, որոնց կ’ընկերակցին քաղաքական փառասիրութիւնը եւ ագահութիւնը, կը թուին թէ գլխաւոր խոչընդոտներն են ապահով ու խաղաղ աշխարհի մը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները գիտեն թէ իսկական արգելքներն են Բանսարկու Սատանան եւ մարդուն մերժումը որ Եհովա Աստուծոյ ենթարկուի։—Սաղմ. 127։1. Երեմ. 8։9. Ա. Յովհ. 5։19
2 Յունուար ամսուան ընթացքին, պիտի ջանանք մեր դրացիներուն օգնել որ տեսնեն թէ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերելու Աստուծոյ կերպը միակ կերպն է եւ թէ Եհովա ունի մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն վերջնական լուծումը։
3 Նոր Թերթիկները Գործածեցէք. Այս կերտիչ պատգամը կրնանք բաժնել գործածելով նոր թերթիկները որոնք հրատարակուեցան մեր «Լոյս Կրողներ» Նահանգային Համաժողովին մէջ։ Պարզ ցուցադրութիւն մը ցոյց տուաւ ինչպէս գործածել Թերթիկ թիւ 19, Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞, խօսակցութիւն մը սկսելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատելու։ Այս աշխարհի վախճանին նկատմամբ Յիսուսի մարգարէութեան աչքառու կատարումը շատերու ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։
4 Միլիոնաւոր անհատներ այսօր ընկճուած են, եւ կը տենչան բուժումի եւ իսկական խաղաղութեան, ապահովութեան, ու հանդարտութեան ժամանակի մը։ Մխիթարութիւն՝ Ընկճուածներուն (Թերթիկ թիւ 20) կրնայ շատերու համար քաջալերանքի իսկական աղբիւր մը ըլլալ։
5 Թերթիկ թիւ 21, Ընտանեկան Հաճելի Կեանք, կը հայթայթէ գործնական խրատ թէ ինչ կարելի է ընել ընտանեկան կեանքը բարելաւելու նոյնիսկ հիմա մինչ կը սպասենք սքանչելի ապագայ մը Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։
6 Թերթիկ թիւ 22 ուղղակի պատասխան մը կու տայ սա հարցումին. Ո՞վ Իրապէս կը Տիրապետէ Աշխարհին։ Ան կը բացատրէ թէ ինչու մարդիկ վայրագ մեթոտներ կը գործածեն զիրար չարչարելու եւ սպաննելու հակառակ մարդոց մեծամասնութեան փափաքին որ խաղաղ ու ապահով կեանք մը ապրին։ Հոգեւոր չար ոյժեր կան երկնային վայրերը, եւ Սատանային հմտալից խաբկանքը եղած է շատեր մղել որ հաւատան թէ ինք ու իր դեւերը իրապէս գոյութիւն չունին։
7 Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսեցէք. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կարելի է սկսիլ թերթիկով, գրքոյկով, պարբերաթերթով, կամ գրքով մը։ Տանուտիրոջ ցոյց տուէք ինչպէս գրականութիւն մը կը գործածուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ատեն։ Նոր թերթիկները եւ նոր գրքոյկը՝ Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի, ընտիր գործիքներ են զորս կրնանք գործածել տանուտիրոջ հետաքըրքրութեան աստիճանը որոշելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Անկէ զատ, որեւէ գիրք զոր Ընկերութիւնը հրատարակած է 1983–ին կամ աւելի առաջ կրնանք ներկայացնել մեր վերայցելութիւններուն ընթացքին երբ անհատներ կը ցուցաբերեն իսկական հետաքրքրութիւն ճշմարտութեան հանդէպ։ Եթէ ձեր ժողովքը ունի Ընտանեկան Կեանքդ, «Քու Թագաւորութիւնդ», Ճշմարտութիւնը, կամ Պատանիները գրքերը, ծրագրեցէք զանոնք օգտագործել ծառայութեան մէջ։
8 Իսկական ապահովութիւնը կրնայ գալ միայն Ստեղծիչէն՝ Եհովա Աստուծմէ։ Կ’ուզենք օգնել կարելի եղածին չափ շատ մարդոց որ իրենց սրտերն ու մտքերը բանան Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան եւ անոր ներկայացուցած յոյսը ընդունին։ Թող որ մեր ունեցած ուսուցանելու օժանդակները օգտագործենք խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերելու Աստուծոյ կերպը քարոզելու։—Եսայ. 2։3, 4